Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՅԿԱԿԱՆ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստերը ցաւցուցած են իր եւ ժողովուրդին սիրտը` աւելցնելով, որ երեք օրուան տեւողութեան գումարուած այդ նիստերուն ընթացքին ինք վկայած է ընտրական ցուցադրութիւններ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի սպանութեան հարցով սպասելու հետաքննութեան աւարտին: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ ցուցանիշ կայ քաղաքական սպանութեանց վերադարձին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններն են, որոնք իր դէմ յարձակում գործած են եւ զինք ստախօս կոչած ու ամբաստանած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պատրաստուի այցելելու Նիւ Եորք, ուր ներկայ պիտի գտնուի քաղաքական փառատօներու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անձնական շահերուն կը ծառայէ մնալ Լիբանանի կառավարութեան կազմին մէջ` իբրեւ երկրին գործադիր իշխանութեան մաս:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները, որովհետեւ այլընտրանք չկայ եւ նման պարագաներու ընթացքին ու պայմաններու տակ կարելի չէ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ հանգրուանը պիտի վկայէ հսկայ տարակարծութիւններ` կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն անցեալը փորփրել` գտնելու համար կառավարութիւնը պաշտպանելու ձեւ մը կամ միջոց մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելու նպատակ չկար` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իր հասցէին արձանագրուած բոլոր քննադատութիւններէն շահեկան դուրս կու գայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութեան հարցապնդումի նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պատասխանը շարադրութիւն մըն է, որ ոչինչի համազօր է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ սուրիական վարչակարգը պիտի չզլանայ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ սպանութիւններ գործել:

ԿԸ նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութենէն խնդրէ կառավարութեան այլ նիստ մը գումարել նաեւ յառաջիկայ 25 ապրիլին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապին լուծում մը կարելի է գտնել չէզոք կառավարութեան մը կազմութեամբ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հարցապնդումի կանչելը տրամաբանութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երկրին ներքին ապահովութիւնը հիմնականին մէջ կախեալ է ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն կամքէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ նախորդ երեք օրերուն ընթացքին պատահածը խորհրդարանին մէջ կառավարութիւնը տապալելու յստակ եւ ծրագրաւորուած արշաւ մըն էր ընդդիմութեան կողմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը վստահի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը բերելու միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES