Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Տերեք Փլամպլին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ծովային սահմանագծումին մէջ ՄԱԿ-ի ունենալիք դերակատարութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Էվա Մարիա Զիկլըր, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES