Նախագահ Սլէյման Աւարտեց Աւստրալիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ աւարտեց Աւստրալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Մելպուռնի մէջ լիբանանեան գաղութին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելու երեւոյթը ժողովրդավարական է` աւելցնելով, որ քաղաքական սպանութիւնները Լիբանանի մէջ պիտի չվերսկսին:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իր աշխատելակերպով եւ ընթացքով փաստած է, որ միասնական է:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքը ստանան:
CATEGORIES Լիբանանեան


