Վաղը` Կիրակի, 22 Ապրիլին Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Պատուիրակութիւնը Կը Մեկնի Ֆրանսա
Վաղը, կիրակի, 22 ապրիլին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Ֆրանսա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար համալսարաններու միջազգային 33-րդ ախոյեանութեան, որ կազմակերպուած է իսեքի կողմէ, որ Եւրոպայի կարեւորագոյն համալսարաններէն մէկն է:
Սեն Ժոզեֆ համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հենտպոլի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի մրցումներուն (բոլորն ալ` տղաք):
37 համալսարաններուն մէջ անիկա պիտի ըլլայ լիբանանեան միակ համալսարանը: Ֆրանսա պիտի ժամանեն Գերմանիայէն, Դանիայէն, Սերպիայէն, Լեհաստանէն, Պուլկարիայէն, Ալճերիայէն, Չինաստանէն, Խրուաթիայէն, Թուրքիայէն, Սինկափուրէն, Սպանիայէն, Ռումանիայէն եւ Իտալիայէն տարբեր համալսարաններու պատուիրակութիւններ: Անշուշտ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսան:
Նշենք, որ մրցումները պիտի սկսին 23 ապրիլին եւ պիտի աւարտին 26 ապրիլին:

