Հայաստանի Կռփամարտի Պատուիրակութիւնը Ձեռնունայն Վերադարձաւ Տրապիզոնէն
Տրապիզոնի մէջ տեղի ունեցող տղոց կռփամարտի Ողիմպիականին տոմս ապահովելու համար կատարուող մրցաշարքին, 10 դասակարգերու 26 տոմսերու պայքարին ընթացքին Հայաստանի եօթը ներկայացուցիչներն ալ ոչ տպաւորիչ արդիւնք արձանագրեցին: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը ձեռնունայն վերադառնայ Թուրքիայէն: Անոնք բոլորն ալ չկրցան շրջանցել քառորդ աւարտականի արգելքը:
Ողիմպիականի տոմս ապահովելու վերջին յոյսերը կապուած էին Վլատիմիր Սարուխանեանին (60 քկ), որ սակայն զոհ գնաց իրաւարարներուն կողմնակալութեան: Հայաստանի բողոքը մնաց անպատասխան:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահոված Վազգէն Սաֆարեանց (Պիելոռուսիա) պիտի ըլլայ Լոնտոն մեկնողներուն կարգին:
Այսպիսով, կռփամարտի մարզին մէջ Ողիմպիական խաղերուն Հայաստան պիտի ունենայ միայն մէկ ներկայացուցիչ` Անդրանիկ Յակոբեան (75 քկ), որ տոմսը ապահոված էր նախորդ տարի` Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին:
Յակոբեանէն եւ Սաֆարեանցէն բացի, այս մարզին մէջ պիտի տեսնուին նաեւ երկու հայեր` Դաւիթ Հայրապետեան (49 քկ) եւ Միշա Ալոյեան (52 քկ), որոնք կը ներկայացնեն Ռուսիան:

