«ԷԼ ՉԽՕՍԵՑ ԱՐԱՔՍԸ»
Հայ ժողովուրդը հողին մէջ ուրիշ է…
Հողէն դուրս կը մեռնի:
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Երգ, պար, երաժշտութիւն, մշակոյթ, ստեղծագործութիւն, կեանք, ինքնութիւն… հայու ինքնութիւն:
«Հայը»` իբրեւ աշխարհի ամէնէն հին ժողովուրդներէն մէկը, ունի իր հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը եւ` ի՜նչ պատմութիւն… Պատերազմ, յաղթանակներ, թագաւորութիւններ, աւանդութիւն, մշակոյթ, ցեղասպանութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, վերածնո՛ւնդ: Մէկ խօսքով` հայը մէկն է այն ժողովուրդներէն, որոնք մեռնիլ չեն գիտեր:
Ահա հասանք 21-րդ դար, երբ համաշխարհայնացումը գլուխը առած` գացած է, մենք եւս սկսած ենք շեղիլ հայ ժողովուրդի իսկական տիպարէն, փիւնիկեան ինքնութենէն եւ հայկական մշակութային ու այլ արժէքներուն դիմաց կանգնեցուցած են հաստ ու հսկայ պատեր… Դարձած ենք օտարամոլ, դարձած ենք կեղծիքներով առաջնորդուող: Յիշեցնեմ Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը. «Ուրանալ ինքնութիւնը` կը նշանակէ գոյութիւն չունենալ»:
Վերջին շաբաթներուն բաւական ցնցիչ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան իսկապէս. քանի մը ԼԵՄ¬ականներով պտոյտ մը կատարեցինք Արաքս փողոցին մէջ` Պուրճ Համուտի սրտին վրայ, որ կը կոչուի սփիւռքի մայրաքաղաքը, լիբանանահայութեան կորիզը:
Երեւակայեցէք պահ մը, թէ ո՛ւր կը գտնուէինք. տեղ մը, ուր հայը հերոս է, ուր փողոցները Եռագոյնով զարդարուած են, շէնքերուն մուտքերը զինանշաններով օրհնուած են, ուր կը խօսին հայերէն… Իջանք մեր փոքրիկ Հայաստանը, սփիւռքի Հայաստանը:
Գիտակցաբար ուղղուեցանք հոն, որպէսզի համտեսենք Արաքսի զուլալ ջուրէն, բայց դժբախտաբար տեսանք, որ «Արաքս»ի ջուրը կարծէք սկսած է պղտորիլ, ցեխոտիլ եւ թունաւորուիլ:
Մենք մեզ գտանք տեղ մը, ուր թրքացման ալիքը սկսած է հարուածել, ուր ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը նահանջ արձանագրած է, ուր մեր քաղցր լեզուն կ՛աղաւաղի, ուր մեր թշնամիին արտադրութիւնները կը վաճառուին:
Մենք մեզ գտանք այնպիսի տարածքի մէջ, ուր օտար լեզուն կը գերադասէ մայրենիին, ուր կը քաջալերուին թրքական արտադրութիւնները, ուտելիքները եւ հագուստները, անշուշտ կը դիտուին թրքական անբարոյ ֆիլմաշարերը:
Մենք մեզ գտանք այնպիսի հողի մը վրայ, ուր սկսած է տիրական ըլլալ «Ո՛ւր հաց, հոն կաց» փիլիսոփայութիւնը… Ուր անհատական շահերը կը գերադասեն ազգին շահերուն…
Հանդիպեցայ այնպիսի անձերու, որոնց հայ ըլլալը անհաւատալի կը թուի, անոնք հաւանաբար չակերտեալ հայ պէտք է կոչուին…
Տակաւին մտքիս մէջ կը հարուածէ երիտասարդ հայ վաճառականի մը պատասխանը, երբ հարցուցի, թէ ի՞նչ կը զգայ Թուրքիա երթալով… «Հանգի՜ստ,¬ ըսաւ,¬ կը յարգեն մեզ, շա՜տ, մենք եղբայրներ ենք` կ՛ըսեն», հաստատեց` իսկապէս հաւատալով իր ըսածին: Շատ հաւանաբար Ցեղասպանութեան վերաբերող դասաւանդութեան քննութեան ձախողած է այս երիտասարդը, որովհետեւ անոր համար համիտեան ջարդերն ու ապրիլեան ցեղասպանութիւնը ոչինչ կ՛ըսեն, Հրանդ Տինքի ահաբեկումն ու ազրպէյճանական ջարդերը կրնան «յարգանք»ի արտայայտութիւն ըլլալ իրեն համար, իսկ Էրտողանի սպառնալիքները` Թուրքիոյ մէջ ապրող 100 հազար հայութեան, «եղբայրութեան» նշան էին, ըստ երեւոյթին…
Իսկ աւելի ցնցիչ ու սահմռկեցուցիչ պատասխանը ապտակի նման դէմքիս դպաւ, երբ հարց տուի, թէ Թուրքիա գացած ատեն արդեօք նաեւ Արեւմտահայաստան կ՛երթա՞յ, մեր հողերը կ՛այցելէ՞. «Մեր հողերը ո՞րն են», դուրս եկաւ անոր բերնէն: Ուզեցի ինծի հասած աներեւոյթ ապտակին փոխարէն իսկական ապտակ մը դրոշմել անոր դէմքին…
«Մեր հողերը ո՞րն են»… Արդեօք այս երիտասարդին մեծ հայրը կամ անոր հայը ո՞ւր ծնած են, Սասնոյ եարխուշտան եւ քոչարին ո՞ր շրջանի պարերն են, Մշոյ խըրը եւ Տիգրանակերտի մարտականը ո՞ր ազգի պարերն են, Խարբերդի թամզարան ու Էրզրումի շորորը ո՞ր ազգի ազգագրական պարերն են… Մուսա լերան տեպքէն եւ ցունտըր հաւան որո՞ւ հողերուն վրայ ծնունդ առին… Մե՛ր հողերէն, «հա՛յ» երիտասարդ:
Ցաւ ի սիրտ, կայ նաեւ այլ ցաւալի երեւոյթ մը. կարգ մը հայ ուսուցիչներ, որոնք սկզբունքով հայ աշակերտին իտէալը պէտք է ըլլան, գացած են ու իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են Պոլսոյ մէջ, անոնք կը կրեն թրքական հագուստներ, կը դիտեն թրքական յայտագիրներ… Հաւանաբար շատ ալ զարմանալի պէտք չէ թուի, որ նոր սերունդը ինչո՞ւ երբեմն շատ անտարբեր կ՛ըլլայ իր ինքնութեան ու արժէքներուն նկատմամբ:
Բնականաբար պէտք չէ մոռնալ կամ ուրանալ, որ կան տիպար հայ ուսուցիչներ, որոնք իսկական հայ սերունդներ կերտելու աշխատանքին լծուած են, բայց կարելի չէ նաեւ աչք խփել միւսներուն գոյութեան, որովհետեւ անոնք աւերներ կը գործեն եւ սերունդներ կը քայքայեն: Նմաններուն մօտ անտրամաբանական պատճառաբանութիւնները անպակաս են` թրքական արտադրութիւններ կարելի է սպառել, որովհետեւ անոնք խորքին մէջ մեր հայկական հողերուն վրայ պատրաստուած են, թրքական ժապաւէններ կարելի է դիտել, որովհետեւ անոնք արաբերէնով կը ներկայացուին, Թուրքիա կարելի է այցելել, որովհետեւ նպատակը ուխտագնացութիւն է, սակայն Պոլսոյ մէջ շրջագայիլը արդեօք նոյն նպատակի՞ն կը ծառայէ…
Անոնք կ՛ուզեն մեզ համոզել, որ եթէ առիւծին մազերը կտրենք անիկա, վագրի կը վերածուի. անոնք կը մոռնան կամ կ՛ուզեն անտեսել, որ թրքական ժապաւէններուն միջոցով թրքական «արժէքներ» կը փոխանցուին` անգութ, բարբարոսութեամբ դրոշմուած, մարդասպանական ու անմարդկային արժէքներ:
Թուրքիա այցելելը երբեք պէտք չէ առնչել Արեւմտահայաստան երթալուն, թրքական արտադրութիւնները քաջալերողը նաեւ քաջալերած կ՛ըլլայ հայութեան դէմ մղուող ամէն տեսակին պատերազմ ու անոր դէմ գործադրուած ամէն տեսակի սպանդ:
Այսպէ՞ս կ՛ուզէք, որ շարունակենք մեր սրբազան պայքարը… Այսպէ՞ս պիտի վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն: Ա՞յս է 1.5 միլիոն նահատակներուն կտակը, ա՞յս է Տէր Զօրի աւազներուն տակ անթաղ մնացած մեր նահատակներուն պատգամը, ա՞յս է Լիզպոնի տղոց պարտքը…
Հաւանաբար անցեալի օրերը պէտք է վերադառնան, թրքական ձայնապնակները պէտք է հաւաքել ու այրել նոյնինքն Արաքս փողոցին մէջտեղը, Թուրքիա գացողները պէտք է ազգային դաւաճաններ նկատել:
Այս ուղիով քալողները ոչ թէ անտարբերներ, այլ դաւաճաններ են, անոնք կը պղծեն մեր պատմութիւնը, աշխարհի աչքին փոշի կը ցանեն եւ այդ բոլորը կ՛ընեն մեր քսակէն, Արաքս փողոցի երբեմնի փառքին հաշուոյն:
Ընդվզած ու տխուր հեռացանք Արաքսէն ու «Էլ չխօսեց Արաքսը»:
ՀՐԱԿ ԹՈՐՈՍ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ