ԱՆԷԾՔԸ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Սարսռացին աճիւնները անոնց… անոնց` մէկուկէս միլիոն նահատակներուն. անոնք անգամ մը եւս զգացին թուրքին սուրին ահաւորութիւնը իրենց պարանոցներուն վրայ, անգամ մը եւս Տէր Զօրի աւազներուն կրակը այրեց անոնց ներբանները, հարազատներուն սպանդին պատճառով հեղեղած արցունքները անգամ մը եւս խեղդեցին անոնց կոկորդները, պահ մը վերապրեցան անոնք` կրկին նահատակուելու համար… Այս անգամ սպաննողը թուրքը չէր, այլ` «հայ»ը…

Իր պապենական տուներէն տեղահան եղած, չարչարանքներուն ամէնէն ահաւորը ապրած, մարդկային դժբախտութիւններուն եւ անարդարութիւններուն դառնագոյնը կրած, Տէր Զօրի անապատներուն մէջ քալած ու քալած, ինկած ու կրկին ոտքի ելած, մեռած ու վերապրած հայորդիներէն ոչ մէկը, Ո՛Չ մէկը վստահաբար երեւակայեց, որ պիտի գար այս օրը, երբ հայութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար ոչինչ խնայած իրենց վճռակամութենէն ծնած սերունդները պիտի կարենային թեթեւութեամբ մօտենալ այս բոլորին, թրքականին նկատմամբ ոչ մէկ զգայնութիւն ունենային, թուրքերուն հետ կարենային բնական կապեր հաստատել, այլ խօսքով` մոռնալ իրենց կտակը…

«Թուրքերը մեզ շատ կը յարգեն, «եղբայր ենք» կ՛ըսեն, շատ հանգիստ կը զգամ, երբ հոն երթամ…»:

Հայու բերնէն արտասանուած խօսքեր, որոնք աշխարհին ամբողջ նախատինքը կը թափեն հայութեան վրայ. հայ մը հանգիստ կը զգայ իր թշնամիին գիրկը, հայը եղբայրական զգացումներ կը տածէ իր հայրերն ու մայրերը սպաննածներուն նկատմամբ. հա՞յ, երբեք, հայ չէ ան…

Շաբաթներ առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ¬ի անդամներ «Վանայ ձայն»էն սփռուած «Արծիւ» յայտագիրով ներկայացուցին զրոյցներ` Արաքս փողոցին մէջ խանութներ ունեցողներու եւ անցորդներու հետ: Շուրջ քառորդ ժամուան զրոյցներ, սակայն յաւերժական տանջանք պատճառող, մտածելու եւ ցաւելու մղող խօսքեր, որոնք մուրճի հարուածներու պէս կ՛իջնեն իւրաքանչիւր հայու մտքին եւ սրտին վրայ: Պատկերը բաւական  վիրաւորական եւ զգայացունց էր, ԼԵՄ-ականներուն ուղղած հարցումներուն տրուած պատասխանները` պապանձեցուցիչ: Ուրեմն, ըստ այդ «հայերուն», թրքական արտադրութիւնները պահանջուած են, բնական է անոնց ողողումը հայութեան բաբախուն երակը հանդիսացող Արաքս փողոցին մէջ, թրքական ֆիլմաշարերուն հետեւիլը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծէ, այնքան ջերմ, որքան Արեւմտահայաստանէն տեղահանուած մեր ընտանիքներուն թափած արեան տաքութիւնը, Թուրքիա երթալը` վաճառականութեան թէ զբօսաշրջութեան համար, պարզ երեւոյթ է, թերեւս հայրենիք երթալէն աւելի ալ նախընտրելի է:

Արտայայտութիւններ, որոնք ուժգին հարուածի նման իջան եւ ցնցեցին ամբողջ էութիւնս… Պահ մը վերադարձայ Տէր Զօր, ուր անծայրածիր անապատներուն ի տես զարմանք եւ նոյն ատեն հիացմունք ապրեցայ, թէ մարդ արարած, շնչաւոր էակ մը, ինչպէ՞ս կրնայ այդքան տարածութիւն քալել` անօթի ու մերկ, ահաւոր չարչարանքի ու ցաւի բերան տակ կքած, քալել ու հասնիլ, տակաւին շնչաւոր, որպէսզի շունչ փչէ նորանոր սերունդներուն… Արդէն սկսա՞ծ ենք արդեօք մոռնալ, մոռնալ ու թեթեւի առնել ամէն ինչ, արդեօք մոռցա՞նք ցաւը, մոռցա՞նք պատգամը, մոռցա՞նք, որ թուրքին գործած սպանդին գինը շա՜տ սուղ վճարեց հայութիւնը եւ կը շարունակէ վճարել, մոռցա՞նք մեր նախահայրերուն տառապանքը եւ կրնա՞նք «եղբայրաբար» սեղմել թուրքին ձեռքը, առեւտուր ընել անոր հետ, անոր պանդոկներուն մէջ ժամանցի երթալ… Ո՞ւր հասած ենք, հաւանաբար նման մտայնութեամբ մարդիկ պէտք է կրկին Տէր Զօր երթան եւ քալեն, գէթ որոշ տարածք մը, որպէսզի իրե՛նք զգան անարդարութիւնն ու ցաւը, որովհետեւ կտակը` հոնկէ մեզի հասնող պատգամը նահատակներուն, արդէն անլսելի է իրենց համար…

Մեր «հայրենակից»ները մտահոգ են, որ եթէ Թուրքիա երթալով ապրանք չբերեն ու չծախեն,  անօթի կրնան մնալ եւ այն ատեն «դատը ի՞նչ պիտի ընէ իրենց»: Իսկապէս ամօթի զգացումը այլեւս չքացած է. անօթի՞ մնալ, արդեօք իրենք այդ տեսակի առեւտուրով չզբաղելով աւելի՞ անօթի պիտի ըլլան, քան մեր պապերը, որոնցմէ շատ- շատեր անօթութեան ու ծարաւի պատճառով գրկեցին անապատի աւազները… Նախընտրելի է անօթի մնալ, քան մեր նախահայրերը մահուան յանձնած թուրքին հացը ուտել:

Բարեբախտաբար, տակաւին կան այս հոսանքին դէմ թիավարողներ, որոնց կարգին` ԼԵՄ¬ականներ, որոնք ոչ միայն կը մերժեն թրքական արտադրութիւնները քաջալերել եւ ոեւէ պայմանի տակ Թուրքիա երթալ, այլ կը դատապարտեն նման արարքներ: «Վանայ ձայն»ի յայտագիրին մէջ այս ԼԵՄ-ականները հետեւեալը կ՛ըսեն` նախ թրքականը քաջալերողներուն խօսքերը մէջբերելով, ապա իրենց կարծիքը փոխանցելով.

«Չէ, տղաք, իրապէս, թրքական արտադրութիւնները լաւ որակի են.

«Այո՛, ո՛վ հայորդի, լաւ որակի է թրքական եաթաղանը, որ մորթեց քու մեծ մայրդ. քու նախահայրերուդ արիւնը, պատիւը եւ բարոյականութիւնը շատ աւելի սուղ էին, քան քուկդ: Յաճախորդի համար անշուշտ կարեւոր է աժան եւ լաւորակ արտադրութիւն գնել, սակայն, ո՛վ հայորդի, մի՛ մոռնար, որ այդ լաւորակ արտադրութիւնը քաջալերելով թշնամիին քսակը կը հարստացնես, այդ քսակը, որ պիտի գործածուի քու ազգիդ դէմ իսկ:

«Ճամբորդը անշուշտ կը փափաքի իր արձակուրդը անցընել գեղեցիկ, հանդարտ ու հաճելի շրջանի մը մէջ, թերեւս այդ է պատճառը, որ շատեր կ՛այցելեն թրքական ծովափները: Թուրքիա աւելի աժան է, ի՞նչ կրնանք ընել, ես միայն վաճառականութեան կ՛երթամ Թուրքիա. ես մեր պատմական հողերը տեսնելու կ՛երթամ:

«Ժողովուրդին պատճառաբանութիւնները չվերջացան. փաստեցինք, որ կարգ մը հայորդիներու համար որակն ու արժէքը լոկ առարկայական են, անոնց մօտ սկզբունքն ու պատիւը այլեւս արժէք չունին»:

Փա՛ռք ձեզի, տղա՛ք, ձեր գոյութիւնը կը յուշէ, որ երթը պիտի շարունակուի եւ կտակը պահպանուի, շարունակեցէք ամրօրէն կառչիլ ձեր ազգային ջիղերուն, թէկուզ քիչ մը ծայրայեղական թուիք ոմանց:

Պէտք է սթափիլ այսօր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ, մեզ օրհնած նահատակներուն անէծքը կրնայ ոչնչացնող ըլլալ: Արդէն նահատակուածները մեր կեցուածքով կրկին սպաննելուն պատիժը տակաւին չէ սահմանուած եւ մահը կրնայ քիչ ըլլալ ատոր համար…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES