50 Տարի Առաջ ( 23 ապրիլ 1962 )
ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք
«Չարշըլը Արթին Աղայի»
Ներկայացումը
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան, Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» թատերախումբը, ղեկավարութեամբ Արամ Միրաքեանի, շաբաթ, 7 եւ կիրակի 8 ապրիլ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին ներկայացուց Երուանդ Օտեանի եւ Միքայէլ Կիւրճեանի «Չարշըլը Արթին աղա» երեք արար կատակերգութիւնը, Քարանթինայի Օգնութեան խաչի սրահին մէջ, որ յատկապէս նեղ կու գար կիրակի երեկոյեան խճողուած հասարակութեան: «Դանիէլ Վարուժան»ի ժրաջան պատանիները ոչ միայն տոմսերու սպառումը գերակատարած էին, այլ իրենցմէ կազմուած կարգադիր յանձնախումբին ճիգերով կրցան նեղ ընել տեղ ընել բոլոր հանդիսականներուն:
Ներկայացումը սկսելէ առաջ Ս. Թաշճեան յայտնեց, թէ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի «Դանիէլ Վարուժան»ի նորակազմ թատերախումբին թատերական պիտոյքներ առնելու` խթանելու համար անոնց մէջ սէրը թատերական արուեստին հանդէպ: Նոյնպէս յայտնեց, թէ այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Կեդրոնական մարմինը 50 լ.ոսկի նուիրած է «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան:
«Նաւասարդ»-ի թատերասէրները իրենց ներկայացուցած զաւեշտով խնդալով` խնդացուցին հասարակութիւնը:
Մեծագոյն խնդացնողը ի հարկ է Արամ Միրաքեանն էր Արթին աղայի դերով, խեղճ Արթին աղան ինչե՜ր քաշեց տիկին Եփիմէի ձեռքէն. բայց կ՛ենթադրենք, թէ տիկին Եփիմէի դերը խաղցող օրիորդը նուազ չտառապեցաւ դերին մէջ` իրեն սահմանուած խօսքերէն երբեմն տարբեր խօսքեր ըսող Արթին աղայէն:
Խումբին լաւագոյն դերակատարը հանդիսացաւ Ագիվարդ Խաշենցեան` Ագրիպասի դերով:
Ռոզի դերին մէջ Ե. Կէօզիւպէօյիւքեան ցոյց տուաւ, որ խոստմնալից դերակատարուհի մըն է: Հայկազուն Թրթռեան, որուն այլ դերերու մէջ յաջող խաղարկութիւնը տեսնելու առիթը ունեցած ենք, բեմին վրայ իր խնդուքը զսպելու դժուարութեան պատճառով ձախող խաղարկութիւն մը ունեցաւ:
Մնացեալ դերակատարները իրենց կարելիութեան չափով խճմտօրէն կատարեցին իրենց դերերը:
«Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան վարիչ Յարութիւն Չօլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» թատերախումբին, որ սիրայօժար սոյն ներկայացումը բեմադրելով` օժանդակեց պատանեկան միութեան:
Կիրակի երեկոյեան ներկայացումէն ետք «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան վարչութիւնը գինեսեղանով մը հիւրասիրեց թատերախումբին անդամները: Այս առիթով «Սաքրէ Քէօր» հիւանդանոցի վիրաբուժապետ տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեան 100 լիբանանեան ոսկի նուիրեց «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան, իսկ Անդրէաս Պապայեան ակումբին նուիրեց 50 լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ բազկաթոռ մը:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Տոմսեր
Անտեսուած Բարիք Մը
Կը յիշուի Խորհրդային միութեան հիմնադիր Լենինի եւ «Սովետական Հայաստան» օրկանին փառաբանութիւնը` ուղղուած եգիպտացորենին:
«Սովետական Հայաստան» պաշտօնաթերթը` «Օրկան Հայ կոմունիստական պարտիայի Կենտկոմի եւ Հայ սովետական սոցիալիստական ռեսփուպլիկայի աշխատաւորների դեպուտատների սովետների».. Մարտ 12-ի թիւով, առաջին էջին վերեւ չորս սիւնակի վրայ մեծատառ կը յայտարարէ. «Եգիպտացորենը բարիք է մարդկութեան համար»:
Մենք ալ կը կարծէինք, որ չարիք է…
Սակայն, ապահովաբար չարիք մը կայ` պոլշեւիկեան այս յայտարարութեան մէջ ալ, նոյնիսկ եգիպտացորենի հասկի մը երեւոյթով:
Լենին քառասուն տարի առաջ խորհրդային երկրագործութեան թելադրեր է գնահատել եգիպտացորենին արժանիքները եւ մշակել զայն: «Հարկաւոր է ամէն օր զբաղցնել այդ արժէքաւոր կուլտուրայի մշակութեամբ», թելադրեր է մեծ առաջնորդը…
Սակայն, խորհրդային երկրագործութեան պլանները կազմող Մոսկուան, քառասուն տարի ամբողջ չէ հասկցած «Լենինեան» այդ մեծ ճշմարտութիւնը: Անտեսեր, արհամարհեր է այս «մարդկութեան բարիք»-ը: Եւ հիմա Խրուշչեւն է, որ վեր կ՛առնէ քառասուն տարի առաջուան պատգամը. եգիպտացորենը բարիք է մարդկութեան:
Լենինէն մինչեւ Խրուշչեւ, երկար տարիներու ընթացքին, ո՞ւր էր, այդ բարիքը…
Արթիկի շրջանէն գիւղատնտես մը` Ս. Ասոյեան կը յայտարարէ.
– Այո՛, գիւղատնտեսութեան ղեկավարման բարելաւումը հրամայական պահանջ է դարձել: Դրա անհրաժեշտութիւնն զգում է իւրաքանչիւր կոլտնտեսութեան ու սովխոզի ղեկավար, իւրաքանչիւր կոլտնտեսական ու բանուոր: Վերցնենք թէկուզ շրջանային օղակը, այստեղ չկայ որեւէ օրկան, որը մասնագիտական որեւէ օգնութիւն ու ղեկավարութիւն ցոյց տայ` այս կամ այն կոլտնտեսութեան ու սովխոզին…»:
Այսպէս, Լենինի օրերէն ի վեր շրջաններ մնացած են առանց մասնագիտական օգնութեան, ու երկրագործութիւնը ընթացեր է… ինքնահոս, իրենց սիրելի բառով:
Ահա թէ ինչո՛ւ մարդկութեան բարիք եգիպտացորենը մնացեծ է անտեսուած, ու ամբողջ երկրագործութիւնը` ողորմելի վիճակի մէջ:
Ի՜նչ երկիր… Դրա՜խտ, անշուշտ, ուր մարդիկ հրաշքով մը ապրած են ու կ՛ապրին, «պարապ պնակ»-ներով:
ԳԻՍԱՒՈՐ

