Լուռ Տագնապներ. «Կու Գան, Կը Գողնան, Կ՛Երթան»

Խնդրայարոյց լուսանկարը առնուած էր Քոսովոյի մէկ աղբանոցին մէջ գնչու մանուկներու ապրած անմարդկային կեանքին վերաբերող յօդուածի մը համար:
ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ ԹԵՐԹ ՄԸ ԶԱՅՐՈՅԹ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ԳՆՉՈՒՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՑԵՂԱՊԱՇՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՄԲ, ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԵՂԻ ՏԱԼ ԵՒ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ԹԷ ԻՐ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԱՂԱՒԱՂՈՒԱԾ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Գերմանիոյ գնչուներուն (ռոմա) խորհուրդը դիմած է իրաւական ատեանի մը` արգիլելու համար զուիցերիական «Տի Վելթվոխը» շաբաթաթերթին տարածումը երկրին մէջ, որովհետեւ անիկա իր կողքին վրայ հրատարակած էր լուսանկարը գնչու մանչուկի մը, որ ձեռքին բռնած էր ատրճանակ մը:
Թերթին մէջ հրատարակուած «Գնչուները կու գան» վերնագիրով նիւթը համազօր է ցեղային գրգռութեան, կ՛ըսէ Գերմանիոյ գնչուներու կեդրոնական խորհուրդին ներկայացուցիչը:
Այն գործակալութիւնը, որ տուած է լուսանկարը, կը յայտարարէ, թէ անոր իմաստը աղաւաղուած է:
«Տի Վելվոխթը» թերթին փոխ խմբագիրը` Ֆիլիփ Կաթ կը պաշտպանէ յօդուածը եւ կ՛ըսէ, թէ անիկա արդարանալի է:
Կաթ կ՛ընդունի, թէ յօդուածը ընդվզում յառաջացուցած է, սակայն կ՛ըսէ, թէ անիկա լուսարձակի տակ կ՛առնէ Զուիցերիոյ տարածքին հետզհետէ ծաւալող «ոճրային զբօսաշրջութիւնը»:
Յօդուածը կը կրէ հետեւեալ վերնագիրը. «Կու գան, կը գողնան, կ՛երթան» եւ կ՛արտայայտէ այն գաղափարը, թէ` «Արեւելեան Եւրոպայէն գնչու ընտանիքներ պատասխանատու են հետզհետէ աճող ոճրային զբօսաշրջութեան մեծ մասին»:
Յօդուածը կը քննէ պոռնկութեան, ինչպէս նաեւ մուրալու եւ գողութեան համար մանուկներու օգտագործումը, աւելցնելով, թէ բոլոր գնչուները չէ, որ դերակատար են:
Այսուհանդերձ, յօդուածը ընդվզում յառաջացուցած է, մասնաւորաբար Գերմանիոյ մէջ, ուր շուրջ կէս միլիոն գնչուներ կամ սինթիներ, ինչպէս ճանչցուած էին անոնք, նացիներու կողմէ սպաննուած են Ողջակիզումին ընթացքին:
Գերմանիոյ գնչուներու կեդրոնական խորհուրդը յայտարարած է, թէ դիմած է Հայտըլպըրկի մէջ դատական ատեանի մը, որպէսզի արգիլէ Գերմանիոյ տարածքին թերթին ցրւումը, ինչպէս նաեւ` ներկայացնելու համար իր դժգոհութիւնը ցեղային գրգռութիւն յառաջացնելու եւ գնչուները վարկաբեկելու նկատմամբ:
Խորհուրդին ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, թէ յօդուածը համազօր է նացիական քարոզչութեան, երբ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ ոճրային արարքները ցեղային ծագումի հետեւանք ենք:
Նմանօրինակ դատական հարց մը յարուցուած է Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ:
Լուսանկարը տրամադրուած է «Լայֆ» գործակալութեան կողմէ, որ համացանցի իր կայքին մէջ կը յայտարարէ, թէ լուսանկարիչը` Լիվիօ Մանչինի զայն առած է Քոսովոյի մէկ աղբանոցին մէջ գնչու մանուկներու ապրած անմարդկային կեանքին վերաբերող յօդուածի մը համար:
«Վելվոխէ այս նկարը գործածելով` աղաւաղած է ճշմարտութիւնը եւ շրջած է լուսանկարին իմաստը», կ՛ըսէ յայտարարութիւնը:
Այսուհանդերձ, շաբաթաթերթին համացանցի կայքին վրայ վիտէոյով փոխանցուած պատգամի մը մէջ Կաթ, որ յօդուածին հեղինակներէն մէկն է, կ՛ըսէ, թէ գնչու աւազակախումբերու կողմէ ի գործ դրուած ոճրային արարքները իրականութիւն են:
Ան լրագրողներու յայտնած է, թէ բուն գայթակղութիւնը այն է, թէ գնչու աւազակախումբեր չարաշահութեան կ՛ենթարկեն իրենց մանուկները եւ զանոնք կ՛օգտագործեն ոճրային նպատակներու համար, եւ թէ` լուսանկարը կը միտէր մատնացոյց ընել այս երեւոյթը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

