Լուռ Տագնապներ. Անօթութեան Վտանգաւոր Խաղերը

Աշխարհի տարածքին անօթիներուն ընդհանուր թիւը այսօր կը հասնի 925 միլիոնի:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՔՄԱՀԱՃՈՅՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՆ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ` «ԴՐԱՄԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ» ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ: ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐ ԲԱԽՏԱԽԱՂ ԿԸ ԽԱՂԱՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ԳԻՆԵՐՈՎ ԵՒ ԿԸ ՏՈՒԺԵՆ ԱՂՔԱՏՆԵՐԸ: ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԴՐԱՄԱՏԷՐԵՐ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐԻ ԽԱՂԵՐ ԽԱՂՑԱԾ ԵՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ԳԻՆԵՐՈՎ ԵՒ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ, ՈՐ ԱՆՈՆՔ ՍՂԻՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՅ ԴԱՌՆԱՆ ՑՆՑԻՉ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՒ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ ՕՏԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՅՍ ԹԱՔՈՒՆ ՁԵՒԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՏԿԱՐ ՃԻԳԵՐԸ: ԹԵՐԹԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐԱԿԱՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼՈՎ` ԻԲՐԵՒ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ:

Մեծ դրամատուներու կողմէ կատարուած արկածախնդրական շահարկումներ, որոնք կը միտին ապահովել մեծ շահեր, պատճառ կը դառնան, որ սննդեղէնի գիները մագլցին աշխարհի տարածքին եւ աղքատները չկարենան գնել զանոնք` նոյնիսկ միլիոնաւոր անձեր մատնելով անօթութեան եւ չքաւորութեան: Դրամատուներու եւ դրամական երկդիմի ծրագիրներ հետապնդող հիմնադրամներու կողմէ սննդեղէնի տնտեսութեան մէջ կատարուած շահարկումները վերջին 5 տարիներուն 65 միլիառ տոլարէն բարձրացած են 126 միլիառ տոլարի: Անոնք վերջին 30 տարիներուն երբեւիցէ ամէնէն բարձր աստիճանի հասցուցած են սննդեղէնի գիները` ստեղծելով այնպիսի սուր վերիվայրումներ, որոնք գրեթէ կապ չունին սննդեղէնի արտադրութեան քանակին հետ, ինչպէս կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի սննդեղէնի հարցերու գլխաւոր մասնագէտը:

Դրամական երկդիմի ծրագիրներ հետապնդող հիմնադրամներ, հանգստեան թոշակներու հիմնադրամներ եւ շահարկող դրամատուներ, ինչպէս` Կոլտմեն Սաքս, «Մորկան Սթենլի» եւ «Պարքլիզ քեփիթըլ» այժմ կը գերիշխեն սննդեղէնի շուկաներուն վրայ` հսկայական գումարներով գերազանցելով սննդեղէն արտադրողներու եւ գնողներու միջեւ կատարուած առուծախին համեմատութիւնը: Այսպէս` զուտ դրամական խաղեր խաղցողներ կը կազմեն ցորենի ապագայ շուկաներուն մէջ շահարկողներուն 61 առ հարիւրը, ինչպէս կ՛ըսէ Աշխարհի բարգաւաճումի շարժումին կողմէ հրապարակուած «Պրոքըն մարքեց» (քայքայուած շուկաներ) վերնագիրով տեղեկագիրը:

Կարճ Ժամանակի Մէջ
Դրամ
Շահելու Մարմաջ

Երկրագործական արտադրութիւններու մէջ 2011-ին կատարուած արկածախնդրական շահարկումներուն գումարը 20 անգամ կը գերազանցէր աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ երկրագործական մարզին կատարուած օժանդակութիւնները: Կոլտմեն Սաքս, որ մեծագոյն խաղցողն է երկրագործական արտադրութիւններու շուկային մէջ, շուրջ 600 միլիոն փաունտ շահած է 2009-ին` պարզապէս արկածախնդրական շահարկումներ կատարելով: «Պարքլիզ Քեփիթըլ», որ աշխարհի երրորդ խաղցողն է այս մարզին մէջ եւ բրիտանական մեծագոյն դրամատունը, որ կը շահարկէ սննդեղէնի արտադրութեան շուկային մէջ, մինչեւ 340 միլիոն փաունտի շահ ապահոված է 2010-ին, ինչպէս կ՛ըսէ տեղեկագիրը: «Կոլտմեն սաքս» մերժած է որեւէ բացատրութիւն տալ:

Երկրագործական արտադրութիւններու ապագայ շուկաները օրէնքէ զերծ կացուցուեցան 2000-ին: Մինչ այդ անոնց մէջ դերակատար էին գլխաւորաբար մշակներն ու սննդեղէնի գնորդները, որոնք կը ձգտէին իրենք զիրենք ապահովագրել ցորենի, եգիպտացորենի եւ շաքարի նման արտադրութիւններու գիներուն փոփոխութիւններուն դիմաց: Երբ 12 տարի առաջ նախագահ Ճորճ Պուշ հրապարակեց առեւտուրի արտադրութիւններու ապագան արդիականացնող օրէնք մը, անմիջապէս շահարկողներու հոսք մը տեղի ունեցաւ դէպի այս շուկաները` գլխաւորութեամբ «Կոլտմեն սաքս»-ի: Անոնք բոլորն ալ զուտ դրամական խաղեր կը խաղային եւ հետաքրքրուած չէին սննդեղէն գնելով, այլ միայն կը հետապնդէին սննդեղէնի գիներու փոփոխութիւններէն շահ ապահովելու նպատակներ, ինչպէս կ՛ըսէ աշխարհի տարածքին սննդեղէնի հասողութեան իրաւունքի պատկերը ՄԱԿ-ի մէջ արձանագրող մասնագէտը` Օլիվիէ տը Շուիթէ:

«Ներկայիս կը տեսնենք, թէ դրամական այս շուկաները հսկայական տարողութեամբ բարգաւաճած են դրամական այս նոր շահարկողներով, որոնք միայն հետաքրքրուած են կարճ ժամանակի վրայ դրամ շահելով եւ երբեք հետաքրքրուած չեն իրապէս ապրանք մը գնելով. անոնք երբեք ֆիզիքապէս չեն գներ թոն մը ցորեն կամ եգիպտացորեն, այլ միայն կը գնեն զանոնք գնելու կամ վաճառելու խոստում մը: Արտադրութիւններու այս շուկային դրամականացումին հետեւանքը եղած է այն, որ շուկայական արտադրութիւնները հետզհետէ աւելի ենթակայ դարձած են զուտ արկածախնդրական շահարկումներու տրամաբանութեան: Ասիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կարճ ժամանակի մէջ կը տեսնենք գիներու մագլցում կամ հակակշիռէ դուրս անկայուն ազդակներու վրայ հիմնուած արկածախնդրական կուտակուած ծրագիրներու «պայթում». պատճառը այն է, որ գիները հետզհետէ աւելի նուազ կը համապատասխանեն պահանջարկի եւ առաջարկի իրական տուեալներու», կ՛աւելցնէ ան:

Սննդեղէնի գիները վերջին 30 տարիներուն ամէնէն բարձր աստիճանի հասան 2008-ին` կայծ տալով սննդեղէնի պատճառով ստեղծուած խռովութիւններու` Մեքսիքայէն մինչեւ Պանկլատէշ: Գիները շատ աւելի բարձրացան 2010-ին: Թէեւ այնուհետեւ իջած են անոնք, սակայն տակաւին կը մնան 2008-ի տագնապը պատճառած համեմատութիւններէն բարձր: Հետեւանքը «անօթութեան լուռ ցունամի մըն է», ինչպէս զայն կը նկարագրէ ՄԱԿ-ի Աշխարհի սննդեղէնի ծրագիրին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիր մը: Կենսական սննդեղէնի բարձր գիները, տնտեսական համաշխարհային նահանջին առընթեր, 2008-էն ի վեր աւելի քան 115 միլիոն հոգի մատնած են անօթութեան եւ թշուառութեան` աշխարհի տարածքին անօթիներուն ընդհանուր թիւը այսօր հասցնելով 925 միլիոնի:

Աղէտ` Աղքատներուն Համար

Բարձր գիները «բացարձակ աղէտ մըն են» աղքատ սպառողներուն համար, կ՛ըսէ տը Շուիթէ, որովհետեւ աղքատները կը ստիպուին իրենց ընտանեկան պիւտճէին աւելի քան 60 առ հարիւրը ծախսել սննդեղէնի վրայ:

Արկածախնդրական շահարկումներու ազդեցութիւնը զգալի կը դառնայ ոչ միայն այն վայրերուն մէջ, որոնք սովորաբար ենթակայ են սննդեղէնի տագնապներու: Աշխարհի տարածքին չքաւորութեան եւ անարդարութեան համար լուծումներ փնտռող «Օքսֆամ» միջազգային կազմակերպութեան համաձայն, 2010-ի սեպտեմբերէն 2011-ի սեպտեմբերի միջեւ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ սննդեղէնի գիները բարձրացած են հետեւեալ համեմատութիւններով. շաքար` 46 առ հարիւր, հաւկիթ` 49 առ հարիւր, պանիր` 38 առ հարիւր, խոզի միս` 34 առ հարիւր, փոշի կաթ` 30 առ հարիւր, կարագ` 26 առ հարիւր: Հետեւանքը այն էր, թէ աշխատող եւ որոշ եկամուտ մը ապահովող բոլոր խաւերը Հայաստանի մէջ նուազեցուցած էին սննդեղէնի իրենց սպառումը. աղքատները` 14 առ հարիւր համեմատութեամբ, նոյնիսկ միջին եկամուտով խաւերը` 5 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Գիւմրիէն տնտեսագէտ Կարէն Բադիշեան կը կրէ տոքթթորայի տիտղոս մը, ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: Ան կ՛ըսէ. «Մեր տան պիւտճէին 70 առ հարիւրը կը ծախսուի սննդեղէնի վրայ, հետեւաբար կը ստիպուինք հետզհետէ աւելի խնայել, եւ իրապէ՛ս դրամ չունինք: Շատ մեծ գումարներ փոխ առած ենք եւ չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք վերադարձնել զանոնք: Հայաստանի մէջ նոյնիսկ եթէ գործ ունիս եւ շատ կ՛աշխատիս, ամսականդ այնքա՛ն ցած է, որ չես կրնար մարդավայել չափանիշներով կեանք մը ապրիլ»:

Վիոլեթ Վայթիրա գործազուրկ քենիացի մըն է. առանձին մայր մը, որ կը հոգայ իր 8 տարեկան աղջկան եւ 83 տարեկան հօր: Երբ վերջերս գիները սուր մագլցում արձանագրեցին Քենիոյ մէջ, ընտանիքը ստիպուեցաւ խիստ խնայողութիւններ կատարել: «Այլեւս ճաշ չենք ուտեր, կը խնայենք` ընթրելու համար: Թէյ կը խմենք առանց շաքարի եւ երբեմն ալ չենք նախաճաշեր: Շատ յաճախ կը ճամբորդեմ` լուացք ընելու եւ սննդեղէնի դրամ շահելու համար, սակայն երբեմն ուժասպառ կը զգամ եւ գետին կ՛իյնամ: Մեր ընթրիքը մէկ կամ երկու գաւաթ ալիւր է` ջուրով եւ աղով խառնուած: Կեանքը շատ դժուար է», կ՛ըսէ ան:

Քենիոյ մէջ սննդեղէնի սղաճին պատճառները բազմաթիւ են, ինչպէս` ընտրութիւններու յաջորդած բրտութիւն եւ երաշտ: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ համաշխարհային ազդակներ: «Արկածախնդրական շահարկումներ կատարող ընկերակցութիւններ մեծ գումարներ կը շահէին սննդեղէնի մարզին մէջ շահարկելով: Սակայն այս մէկը տեղի կ՛ունենար ի գին սովորական մարդոց, Քենիոյ, Մեքսիքայի, Արժանթինի եւ այլ վայրերու տարածքին, ուր սննդեղէնի սղաճի պատճառով ծայր տուած էին խռովութիւններ», կ՛ըսէ Մումպայի դուստրեր Համաշխարհային Աղբիւրներու կեդրոնէն ներկայացուցիչ մը:

«Մղիչ Ուժ Մը»`
Գիներու
Մագլցումին Մէջ

Մասնագէտներ տարակարծիք են, թէ արկածախնդրական շահարկումները իրապէս կը բարձրացնե՞ն գիները, թէ՞ պարզապէս կը վատթարացնեն այլ ազդակներ, ինչպէս` կլիմայական ցնցումներ, աշխարհի տարածքին սննդեղէնի պահանջի բարձրացում եւ կենսավառելանիւթերու աճ: Նոր Տելհիի ճաուահարլալ Նեհրու համալսարանին մէջ տնտեսագիտութեան դասախօս Ճայեաթի Կոշ  մաս կը կազմէր այն 450 տնտեսագէտներուն, որոնք անցեալ տարի հրաւիրուած էին դրամատուներու եւ դրամական նախարարութիւններու Քսաններու գերաստիճանին` կանոնաւորելու համար արտադրութիւններու շուկան: Ան կը բացատրէ, որ թէեւ կենսավառելանիւթերու նման ազդակներ դերակատար են, սակայն արկածախնդրական շահարկումները այժմ դարձած են «մղիչ այլ ուժ մը»` գիներու մագլցումին մէջ: Ան կը նշէ օրինակը 2010-ի յունիսէն դեկտեմբերի միջեւ ցորենի գիներու կրկնապատկումին, երբ ցորենի համաշխարհային արտադրութեան մէջ որեւէ անկում չէր արձանագրուած:

ՄԱԿ-ի Սննդեղէնի եւ երկրագործութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Հալլամ թէեւ չի հաւատար գիներու բարձրացումին մէջ արկածախնդրական շահարկումներու դերին, սակայն կ՛ըսէ, թէ անոնք իրօք կը վատթարացնեն գիներու վերիվայրումները եւ պէտք է կարգ ու կանոնի ենթարկել զանոնք: «Եթէ գոյութիւն ունի ազդակ մը, որ կ՛աւելցնէ գիներու վերիվայրումները, կը նշանակէ, թէ անիկա խիստ կարեւոր հարց մըն է եւ պէտք է լուծել զայն»:

Նախագահ Օպամայի վարչամեքենան 2010-ին հրապարակեց արտադրութիւններու առուծախը կանոնաւորող օրէնքներ, որոնք մաս կը կազմեն Տոտտ-Ֆրենք օրէնսդրական յօդուածին: Այսուհանդերձ, սակարանային Ուոլ Սթրիթ շուկային կողմէ իրաւական մարտահրաւէրներ պատճառ դարձած են, որ այս օրէնքները չկիրարկուին ամբողջական ձեւով: Անցեալ յունիսին տեղի ունեցած Քսաններու գերաստիճանը իր յանձնառութիւնը յայտնեց որդեգրելու այսպէս կոչուած «դիրքի սահմաններ», որոնք կը սահմանափակեն թիւը երկրագործական արտադրութիւններու առուծախի պայմանագրութիւններուն, զորս պիտի ուզէր կնքել շահարկող մը: Սակայն ցարդ Միացեալ Նահանգներէն զատ  ոչ մէկ երկիր որդեգրած է նման օրէնքներ: Քսաններու գերաստիճանին կողմէ առնուած միակ միջոցառումը ստեղծումն էր Երկրագործական շուկաներու տեղեկութեան համակարգին, որ աշխարհի տարածքին բերքի քանակներու կամ վատ հունձքերու մասին լուրեր կը մէկտեղէ` կանխարգիլելու համար ապատեղեկատուութիւնը կամ տարաձայնութիւնները, որոնք խուճապի պատճառ կը դառնան շուկաներու մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը այժմ կը քննէ արտադրութիւններու շուկաները կանոնաւորելու օրինագիծ մը որդեգրելու հարցը: Աշխարհի բարգաւաճումի շարժում կազմակերպութեան համար պայքարող մը` Քրիսթին Հայ կ՛ըսէ, թէ Եւրոպական Միութեան կողմէ կատարուած առաջարկները «պէտք է աւելի սուր ակռաներ ցոյց տան», սակայն ան կը հաւատայ, թէ միութիւնը «տակաւին առիթ ունի»: Կազմակերպութիւնը մասնաւորաբար մտահոգ է, որ Բրիտանիա կը ջատագովէ աւելի տկար օրինագիծ մը, ծանօթ` «դիրքի տնօրինում» վերնագիրով, փոխանակ ցոյց տալու աւելի խիստ կեցուածք: «Վերջին քանի մը տարիներուն սննդեղէնի գիներու յաւելումները, որոնց ականատես կը դառնանք, աղէտալի ներգործութիւն ունեցած են աշխարհի ամէնէն աղքատ անձերուն վրայ եւ բարոյապէս զզուելի է, որ դրամատուներ եւ դրամական այլ հասատութիւններ մասնակից դառնան այս բոլորին: Կենսական է պատշաճ օրինագիծի մը որդեգրումը այս շուկաներուն համար», կ՛ըսէ ան:

Շուկաները աւելի թափանցիկ դարձնելը եւս անհրաժեշտ է, կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի սննդեղէնի հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն: Ներկայիս եւրոպական արտադրութիւններու առուծախին 82 առ հարիւրը տեղի կ՛ունենայ գաղտնի համաձայնութիւններով` երկու կողմերու միջեւ, եւ որոնց փոխանակումները չեն արձանագրուիր որեւէ տեղ: Այս պատճառով անկարելի է գիտնալ, թէ ի՛նչ բան պատճառ կը դառնայ գիներու փոփոխութեան:

Սակայն փոփոխութիւններ ներմուծելը դիւրին չէ, կ՛ըսէ տը Շուիթէ: «Բազմաթիւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան քուլիսներու ետին: Այս հարցերը շատ թեքնիք հարցեր են. օրէնսդիրներ տեւաբար կը դիմագրաւեն մասնագէտներու տագնապ մը: Անոնք կրնան դիմել միայն դրամական աշխարհի մասնագէտներու: Սակաւաթիւ են այն օրէնսդիրները, որոնք օժտուած են նման հարցեր լուծելու կարողութեամբ, որովհետեւ երբեմն այս հարցերը կրնան այնքա՛ն բարդանալ, որ իրենք այլեւս անկարող կը դառնան համապատասխան կարծիքներ յայտնելու: Իրապէ՛ս ժողովրդավարութեան հարց մըն է ասիկա: Կ՛ուղղուինք դէպի անյաղթահարելի կացութիւններ. կլիմայական ցնցումներ, երաշտներ եւ ողողումներ հետզհետէ աւելի յաճախակի եւ աւելի ահեղ կը դառնան: Բերքի արտադրութեան նախատեսութիւնները շատ աւելի կը դժուարանան, հետեւաբար, անկեղծօրէն, արկածախնդրական շահարկումները որեւէ ժամանակէ աւելի գրաւիչ են: Ասիկա կը նշանակէ, թէ տուեալ պարունակին մէջ շատ աւելի կարեւոր է կանոնաւորել արկածախնդրական շահարկումները` կանխարգիլելու համար իրերու վատթարացումը», կը բացատրէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES