Քայլարշաւ-Բողոքի Ցոյցին Մասնակցելով` Թուրքիոյ Ցոյց Պիտի Տանք Լիբանանահայութեան Ներուժն Ու Ներկայութիւնը Այս Երկրին Մէջ (Հարցազրոյց` Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Անդամներուն Հետ)

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 97-ամ­եա­կի ոգե­կո­չում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս դէ­պի Լի­բա­նա­նի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տուն կա­յա­նա­լիք քայ­լար­շաւ-բո­ղո­քի ցոյ­ցին առի­թով «Ազ­դակ» հար­ցազ­րոյց մը կա­տա­րեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նի ատենապետ Սե­դա Խտըշ­եա­նի եւ քարտուղար Ահա­րոն Շխրտըմ­եա­նի հետ: Անոնք մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին այն մա­սին, որ մի­ջազ­գա­յին-իրա­ւա­կան մա­կար­դա­կի վրայ հա­յու­թեան մի­աս­նա­կան կեց­ուած­քի ու պատ­րաստ­ուա­ծու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի, կայ այս ծի­րին մէջ գոր­ծող մար­դու­ժի պա­կաս: Անոնք կոչ ուղ­ղե­ցին` խուռ­նե­րամ շար­քե­րով մաս­նա­կից դառ­նա­լու 24 ապ­րի­լին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն կա­յա­նա­լիք քայ­լար­շաւ-բո­ղո­քի ցոյ­ցին, որով­հե­տեւ անով պի­տի վե­րա­հաս­տատ­ուի լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւնն ու վճռա­կան կեց­ուած­քը այս երկ­րին մէջ:

Ստո­րեւ` հար­ցազ­րոյ­ցին ամ­բող­ջու­թիւնը: 

«ԱԶ­ԴԱԿ».- Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 97-ամ­եա­կը կը նշենք ազ­գո­վին: Մեծ եղեռ­նէն 97 տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կանգ­նած ենք, այդ մի­ջո­ցին դի­մագ­րա­ւե­ցինք տար­բեր հանգըր­ւան­ներ, նախ` սուգ, ապա` պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն: Այ­սօր Հայ դատն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը ո՞ւր են մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ:

ՍԵ­ԴԱ ԽՏԸՇ­ԵԱՆ.- ՊԷտք է այս մա­սին խօ­սինք ան­կեղ­ծօ­րէն, առանց աւե­լոր­դա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ինք­նա­գո­վու­թիւն­նե­րու, մա­նա­ւանդ որ այդ մէ­կը կա­տա­րե­լու պեր­ճանքն ալ չու­նինք: Ճիշդ է, որ 100-ամ­եա­կի սե­մին ենք, 3 տարի­էն 100-ամ­եա­կը պի­տի նշենք` են­թադ­րե­լով, որ մին­չեւ 100-ամ­եակ բան մը պէտք է կա­րո­ղա­ցած ըլ­լա­յինք յա­ջողց­նել: Նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր` իբ­րեւ ժո­ղո­վուր­դի, պե­տու­թեան, նոր ոտ­քի կանգ­նող ազ­գի, մա­նա­ւանդ եր­կար ատեն առանց պե­տու­թեան նե­ցու­կի ապ­րա­ծի, իս­կա­պէս դժուար էր մի­ջազ­գա­յին ատ­եան­նե­րուն ներ­կա­յա­նալ: Անց­նող հա­րիւ­րամ­եա­կին, թե­րեւս ոչ առա­ջին 30-35 տա­րի­նե­րուն, որով­հե­տեւ այն ատեն կա­րե­լի չէր, մեր կորսն­ցու­ցած ամէ­նէն կա­րե­ւոր բա­նը, թէ՛ իբ­րեւ ժա­մա­նակ եւ թէ՛ իբ­րեւ մար­դուժ,  մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւնն էր: Մենք այդ­պի­սով մեր Դա­տը կրնա­յինք աւե­լի լաւ հի­մե­րու վրայ խարս­խել: Ճիշդ է, որ սփիւռ­քի մէջ մենք, իբ­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, չենք կրնար այլ պե­տու­թեան մը վրայ դատ բա­նալ, բայց մինչ այդ մենք աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը պէտք է հա­ւա­քած ըլ­լա­յինք, ասոնք բո­լո­րը պէտք է վե­րած­ուած ըլ­լա­յին արխիւի` ըլ­լան հո­ղա­յին պա­հանջ­նե­րը, ըլ­լան մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը, ըլ­լայ մեր մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու, եկե­ղե­ցի­նե­րու պատ­կե­րը: Մենք ու­նինք հա­րուստ գրա­կա­նու­թիւն մը, որ այս մա­սին կը խօ­սի, բայց դա­տով մը ատ­եան ներ­կա­յա­նա­լու հա­մար պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տե­րով եւ տու­եալ­նե­րով թղթա-ծ­րար ու­նե­նալ: Ոե­ւէ պա­հան­ջա­տէր պէտք է իր պա­հանջ­նե­րը ճշդած ըլ­լայ եւ այն­պէս ներ­կա­յա­նայ դա­տա­րան: Մենք իրա­ւա­կան ո՛չ այդ գե­տի­նը կրցանք պատ­րաս­տել, ո՛չ ալ տու­եալ­նե­րը կրցանք պատ­րաս­տել: Նոյնն է պա­րա­գան նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան. վստա­հա­բար անոր ար­խիւ­նե­րը աւե­լի հա­րուստ են, բայց հոն եւս, անց­նող 70-75 տա­րի­նե­րուն, Խորհր­դա­յին Միու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, կա­րե­լի չէր ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւն եր­գել: Բայց եւ այն­պէս Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50-ամ­եա­կին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դը կա­ռուց­ուե­ցաւ: Մենք ինչ որ ու­նե­ցանք, մեծ դժուա­րու­թեամբ կրցանք ձեռք ձգել: Մեր հիմ­նա­կան հար­ցը այն էր, որ անց­նող հա­րիւ­րամ­եա­կին մե­զի նե­ցուկ կե­ցող հզօր պե­տու­թիւն մը չու­նե­ցանք մեր կող­քին, մե­զի ուղ­ղու­թիւն տուող եւ մեր դա­տը պաշտ­պա­նող: Հրեա­նե­րուն պա­րա­գա­յին, օրի­նակ, Անգլ­ի­ան էր, որ առա­ջին ան­գամ իրենց կող­քին կանգ­նե­ցաւ եւ իրենք կրցան Գեր­ման­իա­յէն միլ­ի­առ­ներ գան­ձել: Պէտք չէ մոռ­նալ նա­եւ, որ Գեր­ման­ի­ան կը դիտ­ուէր իբ­րեւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու թշնա­մի պե­տու­թիւն, ատոր հա­մար ալ բո­լո­րը հրեա­նե­րուն նե­ցուկ կե­ցան, որ­պէս­զի Գեր­ման­ի­ան պատ­ժեն: Մեր պա­րա­գա­յին, թուր­քը միշտ ալ դաշ­նա­կից մնաց Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն եւ Եւ­րո­պա­յին, ատոր հա­մար ալ մենք չկրցանք մեր Դա­տը ձե­ւա­ւո­րել:

Դժբախ­տա­բար նոր է, որ Հա­յաս­տան-սփիւռք մեր­ձե­ցում մը կ՛ապ­րինք, եւ 100-ամ­եա­կի առի­թով մար­մին մը կազմ­ուե­ցաւ, շատ նախ­նա­կան հիմ­քե­րով, հա­ւա­նա­բար հա­մերգ­ներ եւ գե­ղար­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ ընե­լու հա­մար: Այս բո­լո­րը ժո­ղո­վուր­դը ար­թուն ու տաք կը պա­հեն, մեր հաս­նող սե­րունդ­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն կը սեր­մա­նեն, բայց ասով չես կրնար ատ­եան ներ­կա­յա­նալ, Դատ հե­տապն­դել: Ազ­գա­յին դատ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար պէտք է ու­նե­նանք պատ­մա­բան­ներ, իրա­ւա­բան­ներ, մի­ջազ­գա­յին օրէնս­գէտ­ներ. շատ լաւ պի­տի ըլ­լար, որ բո­լո­րը հա­յեր ըլ­լա­յին եւ օտա­րէն կախ­եալ չըլ­լա­յինք մենք ու մեր Դա­տը: Մենք այդ մար­դու­ժը չու­նինք եւ մի­ջազ­գա­յին ատ­եան­նե­րու մէջ մուտք գոր­ծե­լու ձե­ւե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը չենք կա­տա­րած:

Առա­ջին նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի-   կ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ, թէ­եւ ու­շա­ցած, բայց եղաւ: Ան­կէ ետք, երբ առան­ձին կը մտա­ծես, կ՛անդ­րա­դառ­նաս, որ մենք որ­քա՛ն բո­պիկ ենք այս մար­զին մէջ: 1-2 մտա­ւո­րա­կան տղաք ու­նինք միայն, որոնք այս ուղ­ղու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած են, եւ անոնք ալ եր­բեմն, ցաւ ի սիրտ, լու­սանց­քի վրայ կը դնենք:

«ԱԶ­ԴԱԿ».- Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր յատ­կա­պէս եւ գլխա­ւո­րա­բար սփիւռ­քը Հայ դա­տին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ապա­հո­վե­լու մի­տու­մով տար­բեր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ: Այ­սօր այս իմաս­տով ի՞նչ տեղ կը գրա­ւէ մեր Դա­տը մի­ջազ­գա­յին հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ:

Ս. Խ.- Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ներ­կայ դրու­թեամբ Թուրք­իոյ` Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան հար­ցով է, որ Եւ­րո­պան այս­քան ժխտո­ղա­կան կեց­ուածք կը դրսե­ւո­րէ, ոչ թէ Հայ դա­տով մտա­հոգ է: Հայ դա­տը մնա­յուն կեր­պով իրենց ձեռ­քին խա­ղա­քար­տի վե­րած­ուած է: Թուրք­ի­ան խոր­քին մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հա­մար ծանր բեռ մը պի­տի ըլ­լայ, 80 միլի­ոն հա­շուող մահ­մե­տա­կան եր­կիր մը պի­տի գայ եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մաս կազ­մէ, այդ մէ­կը կա­րե­լի չէ: Հե­տե­ւա­բար մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ Հայ­կա­կան հար­ցի ար­ծարծ­ուի­լը պարզ եւ­րո­պա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին շա­հե­րուն նպաս­տող բան մըն է: Տոքթ. Շա­ւարշ Թո­րիկ­եան կ՛ըսէր, որ մենք բախ­տա­ւոր կ՛ըլ­լանք այն օրը, երբ մեր շա­հե­րը կը նոյ­նա­նան մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու շա­հե­րուն հետ: Հո՛ս է մեր բախ­տա­ւո­րու­թիւնը այս հանգր­ուա­նին, այ­լա­պէս մենք, նոյ­նիսկ եթէ միլի­ոն­ներ ծախ­սէ­ինք, մի­ջազ­գա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը մեր մա­սին այդ­քան պի­տի չխօ­սէ­ին:

Մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ շատ բան կայ ընե­լիք, եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը իբ­րեւ պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­մանք ու­նե­ցող իրա­ւա­տէ­րը այս Դա­տին` պէտք է իս­կա­պէս մեծ ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի լծուի, որով­հե­տեւ մենք իբ­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն` այդ մէ­կը չենք կրնար կա­տա­րել: Մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու կող­մէ հա­զա­րա­ւոր բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգր­ուե­ցան` մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նող եւ ազ­գա­յին ոճիր­նե­րը դա­տա­պար­տող: Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ասոնց բո­լո­րին ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը կա­տա­րել օրը օրին եւ ճշդել մե­զի ծա­ռա­յող յօդ­ուած­ներն ու ան­մի­ջա­պէս զա­նոնք բա­նա­ձե­ւել եւ ներ­կա­յաց­նել:

ԱՀԱ­ՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄ­ԵԱՆ.- Քա­նի մը օրէն ազ­գո­վին, Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ, կազ­մա­կերպ­ուե­լիք ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն պի­տի վե­րա­նո­րո­գենք մեր հա­ւա­տար­մու­թիւնը մեր նա­հա­տակ­նե­րուն նկատ­մամբ, մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնն ու ուխ­տը: Սա­կայն ի՞նչ բա­նի նկատ­մամբ մեր ուխ­տը պի­տի վե­րա­հաս­տա­տենք` պա­հան­ջա­տի­րու­թեա՞ն, ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի՞, թէ՞ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան: Դժբախ­տա­բար 97 տա­րի­ներ ան­ցած են, մենք կը գտնուինք ար­դէն դա­րա­դար­ձի սե­մին, մեր ազ­գա­յին վեր­նա­խա­ւին, նա­եւ ժո­ղո­վուր­դին մօտ տա­կա­ւին յստակ չէ, թէ մենք ի՛նչ կը պա­հան­ջենք, որ­մէ՞ ի՛նչ կը պա­հան­ջենք, ին­չո՞ւ կը պա­հան­ջենք: Բե­մե­րուն վրայ բո­լորս ալ հռե­տո­րա­կան ճա­ռե­րով կը յայ­տա­րա­րենք, որ գի­տենք` ի՛նչ կ՛ու­զենք, նոյ­նիսկ մեր պո­ռո­տա­խօ­սու­թեան մէջ այն­պէս կը թուի, թէ մենք ար­դէն իսկ ձեռք ձգած ենք այն, ինչ որ կ՛ու­զենք, բայց իրա­կա­նու­թեան մէջ մենք  բա­ւա­կան հե­ռու ենք այդ հանգր­ուա­նէն, եւ մեր տաս­նամ­եակ­նե­րու աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ գա­ցած է զգա­ցա­կան գետ­նի վրայ: Զգա­ցա­կա­նը, հո­գե­բա­նա­կան իմաս­տով շատ հաս-կ­նա­լի, ըն­դու­նե­լի է, անհ­րա­ժեշտ է, բայց երբ հար­ցը պի­տի դրուի սե­ղա­նի վրայ, հոն զգա­ցում­նե­րը ոչ մէկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ՛ու­նե­նան: Հոս է, որ կը ծա­գի հիմ­նա­կան հար­ցը` ի՞նչ կը պա­հան­ջենք եւ ի՞նչ կը հասկ­նանք պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն ըսե­լով: Վեր­ջերս Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ գի­տա­ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, գնա­հա­տե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն էր, բայց անոր լոյ­սին տակ պարզ­ուե­ցաւ, որ մենք` հայ քա­ղա­քա­կան երեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներս, մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, յար­գանքս իրենց կա­տա­րած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, բայց տա­կա­ւին չենք ըն­կա­լած, որ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը իրա­ւա­կան հիմք ու­նի. ան­կա­րե­լի է առանց անոր պա­հան­ջա­տի­րա­կան հարց ներ­կա­յաց­նել: Պարզ­ուե­ցաւ, որ այդ իմաս­տով տա­կա­ւին մեծ աշ­խա­տանք ու­նինք կա­տա­րե­լիք: Այ­սօր սփիւռ­քի մէջ մենք տար­բեր տե­սա­կի պա­հանջ­նե­րու մա­սին կը խօ­սինք, տա­կա­ւին յստակ չէ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ սփիւռ­քի մէջ, որ մեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ  հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն կամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում ըսե­լով` ի՛նչ կը հասկ­նանք, ի՛նչ հա­յե­ցա­կարգ ու­նինք:  Անո­րո­շու­թիւն մը կը տի­րէ: Մենք բե­մե­րէն կը յայ­տա­րա­րենք, որ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը ամ­բող­ջա­կան է, չի մաս­նատ­ուիր, բայց այ­սօր կան մար­դիկ, որոնք  իրենց հո­ղե­րը ստա­նա­լու հա­մար անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թեր կը ներ­կա­յաց­նեն Թուրք­իոյ եւ անոնց հի­ման վրայ իրենց կալ­ուած­նե­րուն կը վե­րա­տի­րա­նան, ու­րիշ­ներ ՄԱԿ-ի որո­շում­նե­րու հա­մա­ձայն, իբ­րեւ իրենց պա­պե­նա­կան հո­ղեր, Թուրք­իա վե­րա­դառ­նա­լու աշ­խա­տանք կը կա­տա­րեն: Ասի­կա կը կա­տար­ուի մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: Այս ըն­թաց­քով պի­տի հաս­նինք տեղ մը, երբ Թուր-      ք­ի­ան պի­տի բարձ­րա­ձայն յայ­տա­րա­րէ, որ ո՛վ որ ինձ­մէ կալ­ուած ու­զեց, յանձ­նե­ցի, եւ ո՛վ որ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նալ ու­զեց, ար­տօ­նե­ցի: Բայց չենք գի­տակ­ցիր, որ երբ մենք մեր Դա­տը կը մաս­նա­տենք, ինչ­պի­սի՛ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու դէմ յան­դի­ման պի­տի կանգ­նինք: Հե­տե­ւա­բար պէտք է Դա­տին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը պահ­պա­նել, բո­լորս պէտք է նոյն կեց­ուած­քով հան­դէս գանք: Մենք յա­ճախ կը խօ­սինք օտար պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ  մեր Դա­տին նկատ­մամբ դրսե­ւոր­ուած բար­եա­ցա­կա­մու­թեան մա­սին:

Եր­բեք պէտք չէ վստա­հինք օտար պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ անոնց շռայ­լած ողոր­մու­թիւն­նե­րուն: Երբ մենք մեր հար­ցը իրա­ւա­կան գետ­նի վրայ կը դնենք, ոչ ոքի օժան­դա­կու­թեան կամ նե­ցու­կին կա­րիք կ՛ու­նե­նանք:

Տե­սէք, թէ ի՛նչ պա­տա­հե­ցաւ Ֆրան­սա­յի ծե­րա­կոյ­տի բա­նա­ձե­ւին առն­չուող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ատեն: Բո­լո­րը ու­րա­խա­ցան, ծափ զար­կին, երախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­ցին, սա­կայն ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը շաբթ­ուան մէջ մար­դա­սէր եւ հա­յա­սէր Ֆրան­սան փո­խեց իր կեց­ուած­քը, եւ այս ան­գամ Թուրք­ի­ան կրցաւ պար­տադ­րել իր կամ­քը: Մենք պէտք չէ ար­տօ­նենք նման առու­ծա­խի կամ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի նիւ­թի վե­րա­ծե­լու մեր Դա­տը, պէտք չէ մեր Դա­տը ու­րիշ­նե­րուն քմայ­քէն կախ­եալ ըլ­լայ: Մենք պէտք է ու­նե­նանք ինք­նու­րոյ­նու­թիւն, որո­շենք մեր պա­հանջ­նե­րը:

Ցաւ ի սիրտ, 97 տա­րի ետք այս հա­մադ­րու­մը գո­յու­թիւն չու­նի: Հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կայ, պէտք է իրա­պաշտ ըլ­լալ եւ իրա­ւա­կան գետ­նի վրայ աշ­խա­տանք տա­նիլ: Մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը թե­րեւս շատ աւե­լի մեծ ըլ­լան, քան ինչ որ իրա­ւա­կան իմաս­տով մե­զի կրնայ տրուիլ. բե­մե­րէն խօս­քեր ար­տա­սա­նե­լով` մեր հո­ղե­րուն պի­տի չվե­րա­տի­րա­նանք, այլ իրա­ւա­կան, քա­րոզ­չա­կան  բուռն պայ­քա­րի պէտք է ձեռ­նար­կենք թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ սփիւռ­քի մէջ: Պէտք է Հա­յաս­տա­նի մէջ ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան հիմ­նարկ հաս­տատ­ուի, պէտք է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը ճշդեն իրենց կեց­ուածքն ու մօ­տե­ցու­մը: Վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի երեք նա­խա­գահ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր պատ­կե­րա­ցում ու­նէր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան գծով: Մենք` սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնս, իրա­ւա­կան ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներն ենք, բայց իս­կա­կան իրա­ւա­տէ­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնն է, այդ պատ­ճա­ռով ալ պէտք է ճշդենք, որ պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ այս մէ­կը ինչ­պէ՛ս պի­տի դրսե­ւոր­ուի:

«Ա.».- Այ­սօր նոր սե­րուն­դը չէ այն, ինչ որ էր նոյ­նիսկ իրեն նա­խոր­դող սե­րուն­դը: Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը անոր մօտ վառ պա­հե­լու իմաս­տով արդ­եօք մենք պէտք եղած աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րե՞նք:

Ս. Խ.- Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ` կը տա­նի՞նք, թէ՞ չենք տա­նիր, ան­պայ­ման կը ծա­գի ապե­րախ­տու­թեան զգա­ցում մը. խոր­քին մէջ ատի­կա ապե­րախ­տու­թիւն չէ, այլ` իրա­պաշ­տու­թիւն, եւ մենք իրա­պաշտ հիմ­քե­րու վրայ պէտք է ար­ժե­ւո­րում կա­տա­րենք: Մենք այ­սօր Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն կող­մէ ստեղծ­ուած յա­տուկ կրթա­թո­շակ­ներ ու­նի՞նք, որ­պէս­զի կա­րե­նանք քա­ջա­լե­րել մեր երի­տա­սարդ­նե­րը պատ­մա­բա­նա­սի­րու­թիւն կամ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւա­գի­տու­թիւն ու­սա­նե­լու: Մենք կրնանք մեր լե­զուն, մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը շատ սի­րել, բայց մեր տու­նե­րը նստե­լով` մենք չենք կրնար մեր ազ­գին օգ­տա­կար ըլ­լալ: Ներ­կայ հանգր­ուա­նին պէտք է ամէն աշ­խա­տանք կեդ­րո­նաց­նել վճռա­դատ ատ­եան­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մէջ գոր­ծող հայ ատակ երի­տա­սարդ­ներ եւ օրէնս­գէտ­ներ ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ: Տար­բեր առիթ­նե­րով նման կա­ռոյց­նե­րու մէջ գտնուած ենք, կը զգանք, որ մենք հոն կրա­ւո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ենք կամ ընդ­հան­րա­պէս բա­ցա­կայ ենք: Մենք շատ բան կ՛ընենք, ներ­քին ճա­կա­տի վրայ ձեռ­նարկ­ներ, ցոյ­ցեր, քայ­լար­շաւ­ներ կը կազ­մա­կեր­պենք, շատ իրա­կան եւ հա­րա­զատ են մեր զգա­ցում­ներն ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը իրա­պէս յու­զում­նա­լից են, բայց այս բո­լո­րը բա­ւա­րար չեն: Ասոնք մե­զի միայն ջերմ կը պա­հեն, բայց ասոնց­մով տեղ հաս­նիլ չենք կրնար, եթէ իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ` գի­տա­կան տու­եալ­նե­րու վրայ հիմն­ուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ չկա­տա­րենք եւ հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րար չպատ­րաս­տենք: Ցաւ ի սիրտ, օտար­ներ մեր մա­սին աւե­լի մեծ թիւով ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կա­տա­րած են, քան մենք: Մենք պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րար­նե­րով, փաս­տա­թուղ­թե­րով միշտ պատ­րաստ ըլ­լանք եւ օգ­տա­գոր­ծենք ամէն մէկ առիթ` մի­ջազ­գա­յին քա­րոզ­չա­կան դաշ­տին մէջ ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լու:

Կայ նա­եւ այլ հար­ցում մը` ին­չո՞ւ կ՛ու­շա­նայ մի­աց­եալ ազ­գա­յին Դա­տի մը կազ­մու­թիւնը, ին­չի՞ կը սպա­սենք, ամէն տեղ մար­դուժ ու­նինք, ին­չո՞ւ մէկ կողմն է, որ պի­տի աշ­խա­տի, միւ­սը պի­տի կա­ղայ, ին­չո՞ւ մի­աց­եալ ազ­գա­յին Հայ դա­տի մար­մին մը պի­տի չու­նե­նանք` Հա­յաս­տան-սփիւռք մի­աց­նե­լով: Այն­քան ատեն որ այս մար­մին­նե­րու կազ­մու­թիւնը ու­շա­նայ, կ՛ու­շա­նայ նա­եւ Հայ դա­տի լու­ծու­մը:

Ա. Շ.- Սփիւռ­քը իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին մէջ ներ­կայ դրու­թեամբ այն­պի­սի հո­սանք­նե­րու դէմ յան­դի­ման կանգ­նած է, որ կրնայ ըլ­լալ` վա­ղը պա­հան­ջա­տէր սփիւռ­քը ի՛նք գո­յու­թիւն չու­նե­նայ: Ուշ կամ կա­նուխ սփիւռ­քը լուծ­ւե­լու են­թա­կայ է, պատ­մու­թիւնը ատի­կա ցոյց տուած է: Բայց եւ այն­պէս սփիւռ­քը ու­նի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն, բայց  պէտք է միշտ հա­մա­կար­գում կա­տար­ուի Հա­յաս­տա­նի հետ: Սփիւռ­քի մէջ հրա­շա­լի երի­տա­սար­դու­թիւն կայ, մենք` իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, պէտք է մեր երի­տա­սարդ սե­րուն­դին սոր­վեց­նենք իրա­րու նկատ­մամբ հան­դուր­ժող ըլ­լալ, նե­րող ըլ­լալ, հա­մե­րաշխ ըլ­լալ գէթ այս հար­ցին շուրջ, որ բո­լո­րէս վեր է եւ բո­լո­րէս վեհ է: Ազ­գի մը հա­մար արդ­եօք կա՞յ աւե­լի նուրբ ու լուրջ հարց, քան` ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րը:

Հայ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րուն հա­մար կազ­մա­ւոր­ուած են: Պէտք է մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը իրա­պաշտ կեր­պով դաստ­ի­ա­րա­կել, որ­պէս­զի անի­կա կառ­չի իր Դա­տին: Բայց եւ այն­պէս այս բո­լո­րը չեն բա­ւեր, տա­կա­ւին մենք ընե­լիք­ներ ու­նինք այլ մա­կար­դա­կի վրայ: Մենք պէտք է պատ­մա­բան­ներ պատ­րաս­տենք, նոր սե­րուն­դին մօտ այդ­պի­սի­նե­րը կը բա­ցա­կա­յին: Մենք այս իմաս­տով եւս ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նինք ընե­լիք եւ այդ իմաս­տով նա­եւ պէտք է ատակ ու հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր մար­դուժ պատ­րաս­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նը նկա­տի ու­նե­նանք ու այդ գծով աշ­խա­տանք տա­նինք: Նոյնն է պա­րա­գան նա­եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, զայն պէտք է նկա­տել ամէն ին­չէ վեր ու կա­րե­ւոր, որով­հե­տեւ ազ­գի մը գո­յու­թեան հիմքն է: Թուրք­ի­ան քա­րոզ­չա­կան շատ մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի, մենք պէտք է անդ­րա­դառ­նանք, թէ ո՛ւր թե­րա­ցած ենք եւ այդ գծով աշ­խա­տանք տա­նինք: Մենք միայն խօ­սե­լով չենք կրնար Դատ պաշտ­պա­նել, մե­զի կը սպա­սէ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հայ երի­տա­սար­դու­թիւնը, մենք պէտք է ընենք այն­պէս, որ անոնք կա­րե­նան շա­րու­նա­կել եր­թը:

«ԱԶ­ԴԱԿ».- Այս տա­րի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 97-ամ­եա­կի հիմ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը քայ­լար­շաւ-բո­ղո­քի ցոյց է դէ­պի Լի­բա­նա­նի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տուն: Ին­չո՞ւ այս տա­րի այդ ուղ­ղու­թիւնը ընտր­ուե­ցաւ եւ այդ բնոյ­թի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դէս եկաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի ոգե­կոչ­ման կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նը, ի՞նչ առա­ջադ­րանք­ներ եւ ի՞նչ նպա­տակ­ներ կը հե­տապնդ­ուին:

Ս. Խ.- Մին­չեւ հի­մա ընդ­հան­րա­պէս կը կազ­մա­կերպ­ուէ­ին  քայ­լար­շաւ­ներ, որոնք կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն դէ­պի Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի դաշտ կամ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ կը կա­տար­ուէ­ին: Անոնք պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թեր էին: Վեր­ջերս Թուրք­ի­ան, յատ­կա­պէս` արա­բա­կան խնդիրներէն եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան իր հար­ցի պղտո­րե­լէն ետք, Օս­ման­եան կայս­րու­թեան ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լով, շրջա­նին մէջ տնտե­սա­կան-քա­ղա­քա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում դրսե­ւո­րել` իբ­րեւ իս­լամ ժո­ղո­վուրդ: Հետզ­հե­տէ այդ բա­րե­կա­մու­թիւնը առա­ւել եւս կը շեշտ­ուի, սկսած է թա­փան­ցել այս եր­կիր­նե­րը` մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով, բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ եւ այլն: Թուր-      ք­ի­ան սկսած է ամուր գե­տին պատ­րաս­տել: Այս եր­կիր­նե­րուն մէջ կայ սփիւռ­քա­հայ մեր իրա­կա­նու­թիւնը, որուն պար­զած պատ­կե­րով ար­դէն իսկ որոշ նա­հանջ ար­ձա­նագր­ուած է ար­տա­գաղ­թի պատ­ճա­ռով: Թուրք­իոյ թա­փան­ցու­մով հա­յու­թեան ձայ­նը զսպե­լու փոր­ձեր կը կա­տար­ուին, նոյ­նիսկ Լի­բա­նա­նի մէջ, ուր կայ ամէ­նէն հզօր, ամէ­նէն ու­ժեղ գա­ղու­թը, հոս եւս մեր պե­տու­թիւնը, տնտե­սա­կան դաշ­նա­գիր­ներ կնքե­լով Թուրք­իոյ հետ, ու­զէ-չու­զէ տե­ղի պի­տի տայ եւ պի­տի փոր­ձէ մեր ձայ­նը խեղ­դել:

Հոս­կէ մեկ­նած` այս տար­ուան ցոյ­ցը պահանջատիրութեան եւ բողոքի բնոյ­թի է: Երեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­յու­թեան անու­նով նա­մակ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տան, եթէ զայն առ­նող ըլ­լայ:

Մեր հիմ­նա­կան նպա­տակն է Թուրք­իոյ ցոյց տալ, որ Լի­բա­նա­նի մէջ կայ գա­ղութ մը, որ դէմ է այս երկ­րին մէջ իր ներ­կա­յու­թեան, ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն: Ան լա­ւա­պէս պէտք է գիտ­նայ, որ ինք չի կրնայ խա­ղա­ղօ­րէն կամ խո­րա­ման­կու­թեամբ թա­փան­ցել Լի­բա­նան եւ մեր կեան­քին տէ­րը ըլ­լալ: Ի վեր­ջոյ պե­տու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու կնքու­մէն ետք պէտք է յար­գեն, Լի­բա­նան եւս, Թուրք­իոյ հետ կնքած պայ­մա­նա­գիր­նե­րու լոյ­սին տակ կը փոր­ձէ մեր ձայ­նը մեղ­մաց­նել: Այս բո­լո­րին նպա­տա­կը Թուրք­ի­ան չնե­ղաց­նելն է: Ուս­տի, մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է մեր ձայ­նը բարձ­րաց­նել եւ ըսել, թէ որո՛ւ տու­նը կը մտնես, ո՛ւր կու գաս:

Լի­բա­նա­նա­հա­յե­րը պէտք է մի­ա­հա­մուռ շար­քե­րով մաս­նա­կից դառ­նան այս բո­ղո­քի ցոյ­ցին, ասի­կա միայն երի­տա­սար­դու­թեան երթ չէ, մեր ակն­կա­լու­թիւնն է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաս­նա­կից դառ­նայ եւ վճռա­կա­մու­թեամբ քա­լէ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն:

Ա. Շ.- Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գործ­ուած դա­տա­պար­տե­լի արարք չէ, այլ մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած ոճիր է. բայց եւ այն­պէս ասի­կա չի նշա­նա­կեր, որ պէտք է ձեռ­նա­ծալ մնալ, որով­հե­տեւ իրա­ւուն­քը կը պաշտ­պան­ուի պայ­քա­րե­լով,  իսկ պայ­քա­րը կ՛ըլ­լայ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւե­րով: Ներ­կա­յիս Թուրք­իա կը փոր­ձէ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ հան­դէս գալ, իր երկ­րին մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ մեղմ կեց­ւածք դրսե­ւո­րել, որ­պէս­զի ցոյց տայ, թէ ինք կը փոխ­ուի, սա­կայն խոր­քին մէջ այդ­պէս չէ: Բո­լոր անոնք, որոնք կը կար­ծեն, թէ քա­նի մը եկե­ղե­ցի վե­րա­դարձ­նե­լով Թուր-   ք­իա մար­դա­սէր կը դառ­նայ, ու­րեմն անոնք պատ­րան­քի մէջ են:

Թուրք­ի­ան է՛ ու կը մնայ այն, ինչ որ էր, որով­հե­տեւ իր այ­լա­մեր­ժու­թեամբ ան այն­պի­սի կեց­ուածք­ներ դրսե­ւո­րած է, որ չի կրնար քա­նի մը օր­ուան մէջ մար­դա­սէր դառ­նալ: Նման պատ­կե­րով կրնայ ներ­կա­յա­նալ միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ կը դադ­րեց­նէ իր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը եւ կ՛ըն­դու­նի իր անց­եա­լի սխալ­նե­րը, սրտբա­ցօ­րէն կ՛ըն­դու­նի կա­տար­ուած­նե­րը եւ եզ­րեր կը փնտռէ հա­տու­ցում տա­լու: Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը միշտ ար­թուն պէտք է ըլ­լայ եւ այդ­պէս դի­տէ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը:

Պարզ է, որ Թուրք­իոյ այս քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր են, իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը շու­տով պի­տի բիւ­րե­ղա­նան: Մենք կոչ կ՛ուղ­ղենք, որ մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը զգօն ըլ­լայ, ու­շա­դիր ըլ­լայ, ու­շա­դիր հե­տե­ւի Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, չտար­ուի խաբ­կանք­նե­րով: Մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը պէտք է պատ­րաստ ըլ­լայ պայ­քա­րի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ամէն տե­սակ աշ­խա­տան­քի:

Share this Article
CATEGORIES