Թուրքիոյ Երկու Դէմքերը` Դաժանութիւնը Քողարկող Խաբուսիկ Ազնուութիւն
Երբ անցեալ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գաղտնի հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հայերու հետ, Ուաշինկթընի մէջ, ան իր նենգ ժպիտով եւ անուշ լեզուով սիրաշահեցաւ անոնց սիրտը: Ասիկա թրքական աւանդական դիւանագիտութեան կեղծ դիմագիծն էր:
Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Նիւ Եորքի մէջ բացայայտեց իր կառավարութեան վայրագ եւ յարձակողական դիմագիծը: Իմանալով ապրիլ 12-ին ՄԱԿ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայանալիք սիմփոզիոմին մասին` Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչը բողոք ներկայացուց ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակ` փորձելով խափանել կայանալիք ձեռնարկը:
Միջոցառումը, որ կազմակերպուած էր «Trauma Outreach and Prevention» (ATOP) կազմակերպութեան կողմէ, կը կրէր «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ճամբուն` իրենց պատմութեան մութ էջերը ընդունող ազգերը. անոնց հոգեբանական, տնտեսական եւ մշակութային հեռանկարները» խորագիրը: Տոքթ. Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի «Գետը կարմրեցաւ» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան, տոքթ. Տենիս Փափազեան, փրոֆ. Էրվին Սթոպ եւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան:
Ոգեւորուած 2007 թուականի Թուրքիոյ յաջողութենէն, երբ անիկա կրցաւ խոչընդոտել Ռուանտայի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ցուցահանդէսին ընթացքին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը, Թուրքիոյ դեսպանը փորձեց ճնշում գործադրել ՄԱԿ-ին վրայ, որպէսզի վերջինս արգիլէ անցեալ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայացած սիմփոզիոմը: Բարեբախտաբար ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը, որ ձեռնարկին պաշտօնական հովանաւորն էր, ընդդիմացաւ եւ սիմփոզիոմը տեղի ունեցաւ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր, թէեւ` որոշ խանգարումներով: Ձեռնարկին սկիզբը թուրք երկու անկոչ դիւանագէտներ մտան դահլիճ` փորձելով խանգարել ձեռնարկը: Անոնք անդադար կը պոռային` մեղադրելով խօսնակները Թուրքիան վարկաբեկելու մէջ, ինչպէս նաեւ մերժեցին կատարել կազմակերպիչ կողմին պահանջները, որոնցմէ էր` գրաւոր ներկայացնել բոլոր դիտողութիւններն ու հարցերը: Իրարանցումը շարունակուելով` հարկ եղաւ կանչել ՄԱԿ-ի անվտանգութեան աշխատակիցները, որոնք դահլիճէն դուրս հրաւիրեցին այդ երկու ոչ դիւանագէտ թուրք դիւանագէտները, որոնք հեռացան անմտօրէն գոչելով` «Մենք ենք անվտանգութիւնը, մեզի կը պատկանի անվտանգութիւնը եւ մենք կը վճարենք անվտանգութեան համար»:
Իր ներածական խօսքին մէջ դեսպան Նազարեան նկատել տուաւ, որ` «97 տարի առաջ, պետականօրէն մշակուած ծրագիրով մը իրականացուեցաւ ոճրագործութիւն մը, որուն ծաւալն ու հետեւանքները իրենց հաւասարը չունին ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ աշխարհի պատմութեան մէջ: Հայերու ոչնչացման ծրագիրը իրականացաւ Օսմանեան կայսրութեան պետական մեքենային կողմէ` իր բոլոր կառոյցներուն միջոցով, եւ գործադրուեցաւ յստակ հրահանգներով»:
Տոքթ. Փափազեանի խօսքերուն խորագիրն էր` «Ինքնիշխանութիւնը, ազգայնականութիւնը, ցեղասպանութիւնը` ընդդէմ մարդասիրութեան եւ մտաւոր ազատութեան. Ցեղասպանութեան պատճառներն ու անոնց վերացումը»: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնեց անոր համար, որ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր ներկայիս թրքական կառավարութեան կողմէ որպէս յանցագործութիւն, որ կատարուած է իր նախորդ կառավարութեան կողմէ` Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի բռնատիրութեան ներքոյ», որ` «թուրք ժողովուրդը զրկուած է ճշգրիտ աղբիւրներէ` Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին պատճառով, որուն համաձայն, այդ մեղադրանքը կը համարուի թրքական վիրաւորանք», եւ որ այսպիսի (օսմանեան) հաւաքածոներ, ինչպիսիք են բռնագրաւուած կալուածներուն արխիւներն ու ռազմական արխիւները, բաց չեն ուսումնասիրողներու համար»:
Փրոֆ. Սթոպ խօսեցաւ «Յաղթել չարին. Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ խաղաղարար հասարակութիւններու ստեղծումը» նիւթին մասին: Ան նշեց, թէ` «յանցագործներուն, անոնց սատարողներուն եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ աշխարհին կողմէ խումբի մը տառապանքներուն ճանաչումը մեծ արժէք ունի ե՛ւ հետեւանքներու վերացման, ե՛ւ հաշտութիւն գոյացնելու համար»: Այնուամանայնիւ, «իրագործողները հազուադէպօրէն եւ միայն մեծ դժուարութեամբ կ՛ընդունին իրենց արարքները եւ զղջում կը ցուցաբերեն իրենց կողմէ զոհերու արժեզրկման, իրենց գաղափարախօսութեան եւ իրենց չընդունած ամօթին համար»:
Քարլա Կարապետեան ներկայացուց «Ցեղասպանութեան ընդունման տնտեսական հետեւանքները»: Ան նշեց, որ Ճ. Մայքըլ Յակոբեանը նկարահանած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն վկայութիւնները, որպէսզի անոնց ձայնը օր մը լսելի ըլլայ միջազգային այն դատարաններուն մէջ, որոնք պիտի վճռեն, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս պէտք է հատուցէ զոհերուն ժառանգորդներուն:
Առանց հաշուելու Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերէն բռնագրաւուած կալուածներուն, հողերուն եւ այլ գոյքերու արժէքները, Կարապետեան զոհուած 1.5 միլիոն հայերուն դիմաց փոխհատուցման արժէքը գնահատեց 15 միլիառ տոլարով: Անոր գնահատումը հիմնուած էր 1952-էն ի վեր Ողջակիզման վեց միլիոն հրեայ զոհերուն համար Գերմանիոյ կողմէ վճարուած 60 միլիառ տոլարի փոխհատուցման վրայ: Կարապետեան իր խօսքը աւարտեց` առաջարկելով, որ որեւէ պետութիւն պէտք չէ օգուտ քաղէ օրէնքի խախտումէ եւ անարդարօրէն հարստանայ, հաւաստիացնելով, որ քրէական անցեալ ունեցող պետութեան մը պէտք չէ արտօնել, որ պահէ իր յանցագործութեան պտուղները:
Այս շաբաթ ATOP-ի նախագահ Անի Գալայճեան նամակ մը գրեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` բողոքելով թուրք երկու դիւանագէտներուն «սանձարձակ, ոչ մասնագիտական եւ ամբարտաւան վարքագիծին դէմ»: Ան իր տարակուսանքը յայտնեց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ՄԱԿ-ը խաղաղութիւն հաստատել ամբողջ աշխարհին մէջ, երբ չի կրնար կարգ ու կանոն հաստատել իր գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկի մը ընթացքին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

