«Լաւատես Ենք Կազմուելիք Կառավարութեամբ` Սրբագրելու Համար Դրամական Քաղաքականութիւնն Ու Բարելաւելու Քաղաքացիին Ապրուստի Վիճակը» Կ՛Ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան
Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան լաւատեսութիւն յայտնեց ակնկալուող մօտալուտ կառավարութեան կազմութեան գծով, յատկապէս` քաղաքացիի ապրուստի բեռի թեթեւացման ու դրամական քաղաքականութեան սխալներու սրբագրումին իմաստով: Ան դիտել տուաւ, թէ այժմու կառավարութիւնը տագնապի լուծման համար իր որդեգրած ոչ իրաւացի որոշումներուն մէջ տատանելով ու բախելով` ինկաւ մահացու սխալներու եւ վերիվայրումներու մէջ, այսպիսով իւղ թափելով կրակին վրայ` պետական սնտուկին մէջ օտար դրամանիշի պահպանման համար առնուող իւրաքանչիւր որոշումին զուգահեռ:
«Մա՛արետ Ուալ Ասուաք Տուալիա» («Ցուցասրահները եւ միջազգային շուկաները») պարբերաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է Լ. Զաքի Ետալեանին հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին հիմնական մասերը` թարգմանաբար:
ՀԱՐՑՈՒՄ- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ընթացիկ կառավարութեան գործունէութիւնը, յատկապէս` տնտեսական ու դրամանիշի կառավարման իմաստով… Ասկէ աւելին կարելի՞ էր, որ իրագործուէր.
ՊԱՏԱՍԽԱՆ- Քաղաքական ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ` տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ կուսակցական միաւորները, մարմինները կը հաւատան, որ երկրին ղեկը պէտք է ստանձնէ տագնապի լուծման ընդլայնուած կառավարութիւն մը, որ ընդգրկէ ազգային բոլոր խմբաւորումները եւ կարենայ շրջանցել այժմու նեղ կացութեան հետեւանքները, զորս ընթացիկ կառավարութիւնը չկրցաւ հարթել: Աւելի՛ն. ներկայի կառավարութիւնը հրահրեց ու ստեղծեց անտեղի ու անսպասելի տագնապներ, յատկապէս` դրամական ու ելեւմտական առումով:
Կը թուի, թէ որոշումը տրուած է կազմելու այդ սպասուող, խոստացեալ կառավարութիւնը, որ պիտի հսկէ խորհրդարանական ընտրութեանց: Այդ մէկը ժամանակի հարց է, որովհետեւ այժմու կառավարութեան մեկնումը ժողովրդային ու տնտեսական պահանջ է` տնտեսական հեղձուցիչ տագնապի լուծման բոլոր միջոցառումներու սպառումէն ետք:
Եւ իբրեւ փաստ տոքթ. Ատել Սաֆարի գլխաւորած կառավարութեան ձախող ընթացքին` գիները աւելի քան 30 առ հարիւրի համեմատութեան աճ արձանագրեցին, սղաճի եւ անգործութեան համեմատութիւնը բարձրացաւ ընդդէմ սուրիական թղթոսկիի նահանջին, որ կիսովին արժեզրկուեցաւ ամերիկեան տոլարին դէմ` Կեդրոնական դրամատան ձախող որոշումներուն պատճառով: Այսպէս, աւելի քան 5 առ հարիւր մաքսատուրքով ապրանքներու ներածման առկախումը մեծ ցնցում յառաջացուց շուկային մէջ, տեղի տալով գիներու խելայեղ թռիչքին, նախքան որ յետս կոչուի այդ որոշումը, որ սկզբունքով կը միտէր պետական սնտուկին մէջ օտար դրամանիշերու պահպանումը:
Նմանապէս, կառավարութիւնը ձախողեցաւ մազութի, պենզինի ու կազի արդարօրէն ու հաւասարապէս եւ օրինական գինով ցրուումին մէջ` առիթ տալով «տագնապի վաճառականներ»-ու նոր խաւի մը ծագման ու կազմութեան, որ օգտուելով կառավարութեան հեղինակութեան կաղացումէն ու անոր հետաքննիչ ցանցի նահանջէն` պատճառ դարձաւ ծանր տագնապներու, ինչ որ մեծապէս ճնշեց քաղաքացիի ապրուստին վրայ: Յուսանք, որ կազմուելիք մօտալուտ կառավարութիւնը կը լուծէ հրատապ տագնապները` առանց յառաջ մղելու զանոնք եւ կը թեթեւցնէ քաղաքացիի ապրուստին բեռը:
Հ.- Սուրիոյ դէմ պարտադրուած արաբական ու արեւմտեան պատժամիջոցներուն լոյսին տակ որոշում տրուեցաւ ուղուելու դէպի Արեւելք… Ձեր կարծիքով, յաջողութեան ի՞նչ կարելիութիւններ ունի այս ընտրանքը` պատժամիջոցներու հետեւանքներու թեթեւացման իմաստով:
Պ.- Հալէպի առեւտրական գրասենեակին մէջ իմ տուած «Դէպի Արեւելք ուղղուինք» խորագրեալ դասախօսութեանս մէջ նշեցի ճիգերու, յատկապէս գործարարներու ճիգերու միասնականութեան կարեւորութիւնը` կարենալ թօթափելու համար այժմու տագնապին ժխտական հետեւանքներն ու գտնելու զանոնք փոխարինող նոր միջոցներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` ուղղուիլ դէպի Արեւելք, Ծայրագոյն Արեւելք ու յատկապէս` Չինաստան:
Սուրիոյ մէջ մենք առաջիններէն էինք Չինաստանի հետ գործակցողներէն: Այսօր մեր ներածած սպառողական նիւթերուն 85 առ հարիւրը կու գայ Չինաստանէն` Ասիոյ այդ տիտանէն, որ այսօր Միացեալ Նահանգներէն ու Ճափոնէն ետք, երկրորդ դիրքի վրայ կու գայ տնտեսապէս: Ըստ կարգ մը տնտեսական ուսումնասիրութեանց ու նախատեսումներու, նախքան 2020 թուականը` Չինաստան տնտեսապէս պիտի ըլլայ առաջին դիրքի վրայ: Չինաստան ՊՐԻՔՍ-ի խմբակի անդամ պետութիւններէն մէկն է (որ կ՛ընդգրկէ Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ): Անիկա կը ներկայացնէ աշխարհի բնակչութեան կէսը եւ մօտերս պիտի կազմէ աշխարհի տնտեսութեանց երկու երրորդը: Ուշագրաւ է անոր ցուցաբերած կեցուածքը Սուրիոյ այժմու տագնապին գծով` կայունութեան ու երկխօսութեան զօրակցող իր մօտեցումով, Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներու, ինչպէս` Քուպայի եւ Վենեզուելլայի կողքին:
Հ.- Ոմանք կը քննադատեն սուրիական առեւտրական գրասենեակներուն աշխատանքներու ոճը` զայն ամբաստանելով թերացած` առեւտրականներու շահերու պաշտպանութեան թէ սպառողի պաշտպանութեան առումով: Ի՞նչ է ձեր մօտեցումը այս գծով:
Պ.- Առեւտրական գրասենեակը կառավարական համարատու կողմ չէ, որպէսզի պարտադիր որոշումներ հրապարակէ կամ առեւտրականներուն հրահանգէ ենթարկուելու պետական ցուցմունքներուն: Անիկա ոչ կառավարական ուղեցոյց, խորհրդատու հաստատութիւն է, որ կը զբաղի տնտեսական եւ ընկերային հարցերով, ամենալայն տարողութեամբ: Անիկա կը ձեռնարկէ այնպիսի ծրագիրներու, որոնք կը ծառայեն ընկերութեան որոշ խաւերուն, ինչպէս` ժողովրդային (հանրային) շուկաներու հաստատումը: Անցնող ամիսներուն գրասենեակը կազմակերպեց զանազան համաժողովներ` ներկայութեամբ տնտեսութեան նախարարին, նահանգապետին ու պատասխանատուներուն եւ այս` քննարկելու համար առեւտրականները հետաքրքրող հարցերը եւ շօշափելու անոնց կարծիքները:
Սակայն միշտ տագնապներու ընթացքին կը փնտռուի «քաւութեան նոխազ» մը… սակայն վստահաբար առեւտրական գրասենեակը այդ «քաւութեան նոխազը» չէ: Մեծաքանակի առեւտրականները յանձնառու են ենթարկուելու կամ ապահովելու տրամաբանական շահաբաժին մը, հեռու` ընչաքաղցութենէ, յատկապէս` սննդեղէնի եւ ուտեստեղէնի պարագային: Հարցը կախեալ է միջնորդներէն, որոնց կը վստահուի նիւթերը հասցնել սպառողին, եւ հոս` սպառողի պաշտպանութեան ընկերութիւնն է, որ կը ստանձնէ գիներու բարձրացման պատասխանատուութիւնը: Այս գծով մենաշնորհութիւնը իր դերը կը կատարէ: Ներկայ հանգրուանին, երբ բազմաթիւ պետութիւններ տնտեսական պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Սուրիոյ դէմ, ու երբ իւրաքանչիւր առեւտրական կը փորձէ իր անհրաժեշտ ապրանքները ներածել որեւէ ձեւով, «գլուխդ ճարին նայէ» սկզբունքով, արդեօ՞ք յարմար է ներկայիս, որ պետութիւնը ծանր պայմաններ դնէ` պատճառ դառնալով ապրանքներու գիներու բարձրացման: Հետեւաբար անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել օտար հսկիչ, քննիչ ընկերութեանց հետ գործակցութիւնը, կամ առնուազն յառաջիկայ սեպտեմբերին չնորոգել այս գծով կնքուած պայմանագիրը:
Հ.- Հայաստանեան-սուրիական գործարար-խորհուրդի նախագահի ձեր հանգամանքով պարզացուած պատկերացում մը ունի՞ք երկու պետութեանց միջեւ առեւտրական եւ շահարկման փոխանակման իրավիճակին մասին:
Պ.- Բաղդատաբար քաղաքական ու ընկերային յարաբերութեանց, Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները տակաւին շատ հեռու են մեր ակնկալածէն: Հալէպ կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, իրեն հետ մեր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, փափաք յայտնեց սերտացնելու երկու բարեկամ պետութեանց միջեւ գործարարներուն կապը եւ կրկնապատկելու առեւտրական փոխանակումներուն քանակը: Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմաններուն փակումը կը տկարացնէ Հայաստան-Սուրիա առեւտրական փոխանակումի առիթները` օդանաւային ճամբու միջոցներու ծախսերու յաւելման բերումով:
Հայաստանեան կողմին հետ միացեալ չորս համաժողովներ կազմակերպեցինք, ինչպէս նաեւ սուրիական արտադրութեանց ցուցահանդէս մը կազմակերպեցինք Հայաստանի մէջ: Անոնք ալ, իրենց կարգին, Հալէպի մէջ կազմակերպեցին հայաստանեան արտադրութեանց երկու ցուցահանդէսներ: Ինչպէս նաեւ գործակցութեան փրոթոգոլ մը կնքուեցաւ հայ եւ սուրիացի գործարար կիներու միութեանց միջեւ: Իսկ Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ սուրիական-հայաստանեան միացեալ ցուցահանդէս մը կազմակերպեցինք:
Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի յառաջիկայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ են, օրինակ, սուրիական արտադրութեանց երկրորդ ցուցահանդէսի կազմակերպում Երեւանի մէջ, նաեւ հայեւսուրիացի գործարարներու համաժողով Երեւանի մէջ եւ հայաստանեան արտադրութեանց երրորդ ցուցահանդէսի կազմակերպում Հալէպի մէջ: Եւ աւելի կարեւորը` առեւտուրի ազատ գօտիի հաստատում երկու պետութեանց միջեւ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները եւ ծագումով հայ սուրիացիներուն վիճակը Սուրիոյ մէջ:
Պ.- 1991-ին (նախկին) Խորհրդային միութենէն Հայաստանի անկախացումէն ետք, Սուրիա պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատեց Հայաստանի հետ, եւ երկու պետութիւնները գործակցութեան ու բարեկամութեան կամուրջներ հաստատեցին ու կնքեցին զանազան համաձայնագիրներ` ամրապնդելու համար առեւտրական, մշակութային ու գիտական գործակցութիւնը:
Երկու պետութեանց միջեւ յարաբերութիւնները կազմաւորող 55 համաձայնագիրեր ու փրոթոգոլներ կնքուած են:
Հալէպ խիստ մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի համար, որ պաշտօնական հիւպատոսարան մը հաստատեց հոն, իր անկախութենէն տարի մը ետք: Ապա պատուոյ հիւպատոսութիւն մը հաստատեց Տէր Զօրի մէջ` նկատի ունենալով անոր խորհրդանշական վարկն ու իմաստը:
Երկու պետութեանց ղեկավարներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնն ու փոխադարձ այցելութիւնները ամրապնդեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը` խորացնելով ու արժեւորելով անոնց շրջանային ու միջազգային դերակատարութիւնը եւ այս` ընդարձակելու համար տարածաշրջանի պետութեանց միջեւ գործակցութիւնը: Իսկ մենք` ծագումով հայ սուրիացիներս, հարց չենք տար, թէ ի՛նչ պէտք է տայ (սուրիական) հայրենիքը մեզի, այլ հարց կու տանք, թէ մե՛նք ինչ կրնանք տալ այս հայրենիքին: Մենք սուրիացի ժողովուրդին էութեան մաս կը կազմենք: Արդ, եթէ իւրաքանչիւր քաղաքացի դրական ձեւով մտածէ այս տրամաբանութեամբ, ապա հայրենիքը պիտի շրջանցէ ու յաղթահարէ իր դժուարութիւնները եւ բարիքն ու անդորրութիւնը կը տիրէ անոր տարածքին:
Հ.- Ծանօթ է, որ ձեր հանրային գործունէութիւնը կեդրոնացած է առեւտրական մարզին վրայ, ուր սեփականատէրը եւ ընդհանուր տնօրէնն էք «լեզաքօ» առեւտրական ընկերակցութեանց: Կրնա՞ք մեզի հակիրճ տեղեկութիւն մը փոխանցել այս հաստատութեան գործունէութեան ու մասնայատկութեան մասին:
Պ.- 1973-ին հիմնուեցաւ «Լեզաքօ» հաստատութիւնը, որ իր գործունէութեան ձեռնարկեց` ներածելով ու ցրուելով ճարտարարուեստական գրեթէ բոլոր մարզերուն յատուկ կազմածներն ու գործիքները: Հաստատութիւնը օժտուած է այնպիսի ամրակուռ կռուաններով, որոնք զինք կը դարձնեն տարածաշրջանի տնտեսական առաջատար հիմնարկներէն մէկը:
Պաշտօնական յատուկ լիազօրագրով անիկա կը ներկայացնէ համաշխարհային վարկով զանազան ընկերութիւններ: Անոր վաճառման գործընթացին կը հսկեն իրենց ատակութեամբ ու հմտութեամբ ծանօթ յատուկ ճարտարագէտներ ու արհեստագէտներ: Հաստատութեան որդեգրած քաղաքականութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը անոր յետվաճառման ծառայութիւնն է: Հաստատութիւնը յանձնառու եղած է եւրոպացի մասնագէտներ հրաւիրելու` տեսական թէ գործնական դասախօսութիւններ ներկայացնելու: Ինչպէս նաեւ հաստատութիւնը դէպի Եւրոպա առաքած է իր վաճառման ու յաճախորդներու ծառայութեան բաժանմունքներու անձնակազմը` մասնագիտական վարժանիստերու մասնակցելու համար:
Հաստատութեան հիմնական սկզբունքներէն է` «կազմակերպումը», որ հիմնաքարն է որեւէ յաջող աշխատանքի: Հաստատութիւնը կը հաւատայ, որ մրցակցութիւնը աշխատանքը դէպի յառաջ մղող խթանիչ ուժն է: Անոր գործունէութիւնը հիմնուած է շուկային մատուցուող բարձրորակ ծառայութեան վրայ, եւ թէ` յաջողութիւնը պայման չէ, որ հիմնուի ուրիշներու պարտութեան վրայ:

