Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յաւերժափայլ Արշալոյս Անթաղ Նահատակներուն Շիրիմէն…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ Ընթերցող, Ս. Յարութեան զատկական «Յինանց» շրջանին մէջ վաղը կ՛ոգեկոչենք 1915-ի Մեծ եղեռնի մարտիրոսներուն օրը` ապրիլ 24-ը, որ այլեւս լացի ու կոծի օր չէ ինծի համար, այլ յոյսի, լոյսի եւ յաւերժի օրն է խաչապաշտ ու խաչակրող հայերուս համար:

Յիսուս Քրիստոսի` խաչեալ Աստուածամարդուն յարութենէն ետք, բայց նաեւ ապրիլ 24-ի անմահ եւ անմահացուցիչ կտրիճներուն «ճանապարհ խաչի»-էն սկսեալ, խաչը եւ խաչամահն ա՛լ տկարին ու լքեալին խորհրդանիշը չեն, այլ` միայն յաղթութիւնն ապահովողին երաշխիքը, յաւերժութեան մէջ լուսաբնակ դարձողին յոյսը…

Դուն, ա՛յս գիտակցութեան դիմաց եւ ա՛յս ճշմարտութեամբ օժտուած, կը խնդրեմ, տրուպիս հետ աղօթես, որովհետեւ աղօթքն է, որ մեզ կը դարձնէ աւելի՛ մարդ, աւելի՛ հայ եւ աւելի՛ քրիստոսական:

Ո՜վ Տէր Յիսուս,
վաղը «Աւագ ուրբաթ» է իմ ժողովուրդիս`
Քսանչո՛րս Ապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութեան:
Դուն ըսիր զարմանալիօրէն ու հաստատապէս.
«Եթէ կ՛ուզես աշակերտիլ ինծի,
ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի»:
Ազգակիցներս հետեւեցան Քեզի`
ընթանալով իրենց խաչուղին
եւ խաչիդ ճանապարհը դարձնելով իրե՛նց ճամբան:
«Ճանապարհ խաչի»-իդ բոլոր կայանները
անոնք ապրեցան տառապալից
իրենց տեղահանութեան եւ աքսորքին,
իրենց անօթութեան ու ծարաւին,
իրենց չարչարանքին եւ զգետնումին,
իրենց անձկութեան ու լքուածութեան,
իրենց կոտորածին եւ խաչամահին մէջ,
բայց նաեւ իրենց աստուածասիրութեամբ
ու հայասիրութեամբ:Այո՛, ժողովուրդս անյագօրէն ապրեցաւ
ի՛ր «աւագ ուրբաթ»-ը Հայասպանութեամբ:
Փառապանծ ազգիս Ապրիլեան Նահատակները,
«ցեխին մէջ նետուա՜ծ սրբութիւն»-ները մեր,
մեր «սուրբ»-երն ու մեր «յիսուս»-ները «թըքնուած»,
եւ մանաւանդ «Արարատին վըրայ խաչուած Յիսուսին»
հաւատաւոր հետեւորդները,
ինչպէս ալ «Գողգոթայի ծաղիկներ»-ն ըլլալով`
հանդիսացան «ծաղիկներ Լոյսի, Ճշմարտութեան
Հեզութեան, եւ միշտ փըթթուն Արշալոյսին»:
«Ո՜վ խաչուած Յիսուս,
Դուն որ նիզակուած սիրտ մը ունեցար`
Գըթա՛ սըրտիս յոյզ», որ կը տրոփէ յուսավառ,
թէպէտ «հայը` լըքուած դարերէն, բայց Յաւերժէն ընտրուած»
ըլլալով` կը հասնի «հայուն յարութեան»,
որովհետեւ յա՜ր «նո՛ր Արշալոյս կը պոռթկայ
Նահատակներուն շիրիմէն» (Դ. Վարուժան),
ինչպէս ծագեցաւ գերեզմանէդ
յարութեան լոյսը մեր մտքերուն հայախո՛հ,
անմահութեան յոյսը մեր հոգիներուն հայադրո՛շմ:

Այնճար, 23 Ապրիլ  2012    

 

 

Share this Article
CATEGORIES