Ասորիներու Լիկան Կ՛Ոգեկոչէ 1915-Ի «Սէյֆօ»յի Ջարդերը

Ասորիներու լիկան ոգեկոչեց 1915-ին ասորիներու ջարդը օսմանցի թուրքերուն կողմէ: Այս առիթով ասորի ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս մտավախութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով ասորիներ կը գաղթեն` խուսափելով 1915-ի ջարդերու կրկնութեան վտանգէն: Իր կարգին, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կը կայանայ սահմանադրութեան կէտերու կիրարկումին մէջ:

Իսկ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յիշեցուց քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց իրաւունքը` երեսփոխանական աթոռի գծով եւ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` նկատի ունենալու նաեւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները:

Share this Article
CATEGORIES