6 Մայիսին` Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Հանգրուանը
Երէկ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 70,95 առ հարիւր էր: Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ գրաւեց առաջին դիրքը` ապահովելով քուէներուն 28,4 առ հարիւրը, գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ապահովեց քուէներուն 25,5 առ հարիւրը, ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածու Մարին Լը Փեն` 20 առ հարիւրը, Ձախակողմեան ճակատի թեկնածու Ժան Լիւք Մելանշոն` 11,7 առ հարիւրը, կեդրոնի թեկնածու Ֆրանսուա Պայրու` 8 առ հարիւրը, իսկ Էվա Ժոլի` 2 առ հարիւրը:
Նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք ապահովեց քուէներուն 50 առ հարիւրէն աւելին, Հոլլանտ եւ Սարքոզի 6 մայիսին իրարու դէմ պիտի մրցին:
Առաջին հանգրուանէն ետք Ժան Լիւք Մելանշոն իր հետեւորդներուն կոչ ուղղեց 6 մայիսին Սարքոզին պարտութեան մատնելու:
Կէսօրուան տուեալներուն համաձայն, մասնակցութեան համեմատութիւնը 28.29 առ հարիւր էր: 2007-ին այդ համեմատութիւնը 31.21 առ հարիւր էր:
Նախագահ ընտրուելու պարագային, Հոլլանտ 1981-էն 1995 նախագահի պաշտօնը վարած Ֆրանսուա Միթերանէն ետք Ֆրանսայի առաջին ընկերվարական նախագահը պիտի ըլլայ: Այդ պարագային Սարքոզի Վալերի Ժիսքար Տեսթենէն ետք առաջին նախագահը պիտի ըլլայ, որ երկրորդ նստաշրջան չէ ապահոված:
Ֆրանսայի նախագահութեան ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ ֆրանսական «Լը Նուվել Օպզերվաթէօր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձած էր նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Խօսելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ իր կեցուածքին մասին` Հոլլանտ ըսած էր. «Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տուած է: Մենք պէտք է բանակցութիւնները շարունակենք` բարի կամքի ոգիով, եւ Եւրոպայի ու Թուրքիոյ ժողովուրդներուն ձգենք, որ որոշում կայացնեն, երբ գայ այդ ժամանակը: Ատիկա պիտի ըլլայ պարտադիր երկարատեւ հոլովոյթ մը, որ յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին պիտի չաւարտի, որովհետեւ բազմաթիւ խոչընդոտներ կը մնան` Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը պէտք է աւարտի, կիպրական հարցը պէտք է լուծուի, թրքական իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութեան իրողութիւնը պէտք է ճանչնան:
«Մենք պէտք է շարունակենք կամ, աւելի ճիշդ, վերսկսինք Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը հանգիստ մթնոլորտի մէջ. վերջին հինգ տարուան ընթացքին Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ քաղաքական նպատակներով լարուածութեան աւելցումը մեր երկրի, Եւրոպայի եւ աշխարհի շահերէն չեն բխիր: Մենք ատիկա կը տեսնենք այսօր, երբ Թուրքիոյ դերը ռազմավարական է` Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ «Արաբական գարնան» հետեւանքներով պայմանաւորուած»:


