Ծանր Զէնքերը Սուրիական Քաղաքներէն Հեռացնելու Կոչեր
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց ծանր զէնքեր չօգտագործելու եւ զանոնք քաղաքներէն հեռացնելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ծրագիրին հիմամբ ուժերը քաղաքներէն հեռացնելու:
Անան ողջունեց 300 միջազգային դէտեր Սուրիոյ մէջ տեղակայելու ՄԱԿ-ի որոշումը եւ զայն կարեւոր քայլ մը նկատեց` յոյս յայտնելով, որ դէտերը Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբան հարթեն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց արագ կերպով դէտերու տեղակայման պայմաններ ստեղծելու: Ան նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ բռնարարքներուն եւ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն, մանաւանդ իր ծանր զէնքերը հեռացնէ քաղաքներէն:
Անան յոյս յայտնեց, որ օդի ճամբով դէտերու փոխադրութեան միջոցներուն շուրջ Դամասկոսի հետ համաձայնութիւնը շուտով կը գոյանայ` աւելցնելով, որ գետնի վրայ մեծաթիւ զոհերու արձանագրութեամբ մարտահրաւէրները մեծ են:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ Ռուսիա գոհ է Սուրիոյ մէջ դէտերու տեղակայման եւ անոնց առաքելութեան բնոյթին շուրջ որդեգրուած որոշումէն: Ան «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց արտօնելու, որ դէտերը առարկայական տեղեկութիւններ ստանան, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու, որ անոնք պիտի կարենան ապահով եւ անվտանգ պայմաններու մէջ գործել:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծման շուրջ տեղեկութիւնները կը շարունակեն շրջանառութեան մէջ ըլլալ: Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Ապտալլա Պընթամեր Մըլհեմ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու զիրենք տեղեակ պահած է, որ թրքական բանակին կողմէ հաստատուելիք ապահովական գօտին միայն Իտլիպի շրջանը պիտի չներառէ, այլեւ աւելի խոր տարածք պիտի ունենայ եւ պիտի հասնի մինչեւ Հոմս, Հալէպ եւ Լաթաքիա: Ան նշեց, որ Տաւութօղլու վերապահ էր եւ ծրագիրի գործադրութեան մանրամասնութեանց ու ժամկէտին մասին տեղեկութիւններ չէ փոխանցած, ինչպէս նաեւ չէ յստակացուցած այն հարցը, թէ ատիկա վերացական ծրագի՞ր մըն է, թէ՞ գործադրութեան պատրաստ զինուորական ծրագիր:
Թրքական զինուորական ակադեմիային մէջ իր պաշտօնէն հրաժարած թուրք ծովակալ Թիւրքեր Արթըրք «Ուլուսալ Պաքըշ» կայքէջին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ յայտնած է, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական միջամտութիւն մը հրաւիրելու թրքական կառավարութեան ջանքերը «դաւաճանութիւն» են:
Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սէուտական Արաբիա այցելած է Սուրիոյ դէմ յարձակումի իրեն վստահուած ծրագիրը գործադրելու համար` նշելով, որ Էրտողան նշեալ գործողութեան ընթացքին թուրք զինուորներուն թափելիք արեան գինը գանձած է Սէուտական Արաբիայէն ու Քաթարէն եւ վճարուելիք գումարին վերջին բաժինը պիտի ստանայ ծրագիրը գործադրելէն ետք: Ծովակալը նշեց, որ «Ուիքիլիքս»-ի բացայայտած տեղեկութեանց համաձայն, Էրտողան 2003-ին ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժումէն առաջ Ուաշինկթընի հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ թուրք զինուորներու արիւնը ծախած է փոխան 6 միլիառ տոլարի, սակայն Թուրքիոյ խորհրդարանը օրին արգիլած էր Թուրքիոյ` իրաքեան պատերազմին միջամտութիւնը:
Ռուսական rbs.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Քաթար իր այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ դէտերու թիւը պէտք է քանի մը հազարի հասնի: Սուրիոյ ամբողջ տարածքը պէտք է դէտերով շրջապատուած ըլլայ»:

