Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կրեց Յաջորդական Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ իր կատարած երկրորդ մրցումին, շաբաթ, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը` այս անգամ Ռաուտա Տըքուանէէն, 2-1 արդիւնքով: Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, 3-2 արդիւնքով պարտուած էին Ախա Հարեթ Հըրէյքէն:

Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած շաբաթ օրուան մրցումին, մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Թէեւ Բ. կիսախաղին Ասատուր Տէր Մանուէլեան կոլ մը նշանակեց, սակայն այդ կոլը բաւարար չեղաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը պարտութենէ մը փրկելու:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 29 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES