Անդրանիկ – Սեւան Ակումբի Ճատրակի Մրցաշարք. Հայկական Տասը Վարժարաններու 37 Երկսեռ Աշակերտներ Մասնակցեցան Միջդպրոցական Մրցաշարքին

Բոլոր մրցանակակիրները` պատասխանատուներուն հետ (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ` ՍԱԳՕ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ)

Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ – Սեւան ակումբի ճատրակի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 22 ապրիլին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ), տեղի ունեցաւ ճատրակի տարեկան միօրեայ միջդպրոցական մրցաշարք մը:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական տասը վարժարաններու 37 երկսեռ աշակերտներ, հետեւեալ ձեւով. Ճեմարան` 13, Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան` 7-ական, Կ. Բ. Վ., Թորոսեան եւ Եղիշէ Մանուկեան` 2-ական, Թէքէեան, Կարմիրեան, Դարուհի-Յովակիմեան եւ Նազարեան` մէկական:

Տեղի ունեցան չորս դասակարգի մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. 8 տարեկանէն վար (9 մասնակցող), 10 տարեկանէն վար (14), 12 տարեկանէն վեր (6) եւ 18 տարեկանէն վար (8):

8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Նանօր Առնելեան եւ Հրակ Լախեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովեցին 6,5-ական կէտ:

Որոշուեցաւ, որ առաջին հանդիսանայ Հրակ Լախեան, մինչ Նանօր Առնելեան հանդիսացաւ մրցաշարքին բոլոր աղջիկներուն մէջ առաջին` իր կարգին տիրանալով առաջնութեան տիտղոսին: Արմէն Եղիայեան հանդիսացաւ երկրորդ (4,5 կէտ), իսկ Պետօ Գալուստեան` երրորդ (4 կէտ):

10 տարեկանէն վար (6 հանգրուան), առաջին դիրքը գրաւեց Կարէն Խալոյեան (5 կէտ): Անոր ետին երկրորդ դիրքը 4,5 կէտով գրաւեց Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեցին Լեւոն Գալայճեան եւ Հրակ Ճինպաշեան, որոնք ապահովեցին 4-ական կէտ:

12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Գարլօ Դարբինեան, որ առաւելագոյն 5 կէտէն ապահովեց նոյնքան կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւեց Կարօ Գալֆայեան (3 կէտ): Թէեւ Քարինա Գարակիւլէեան ապահովեց 3 կէտ, սակայն ան գրաւեց աղջկանց դասաւորման երկրորդ դիրքը: Երրորդ հանդիսացաւ (12 տարեկանէն վար) Վանիա Թաշճեան (2,5 կէտ):

18 տարեկանէն վար, առաւելագոյն 7 կէտէն նոյնքան կէտ ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Նարեկ Նաճարեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հրակ Գըլըպոզեան (6 կէտ) եւ Յովսէփ Նաճարեան (5 կէտ):

Միրէյ Թաշճեան, որ ապահովեց 3 կէտ, աղջկանց դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Անոր հետ միասին երրորդ դիրքը գրաւեց նաեւ Նարօտ Գըլըպոզեան (10 տարեկան վար), որ ապահովեց նոյնքան կէտ:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, կազմակերպիչ ակումբին կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին փոխնախագահ Վարդան Նաճարեան:

Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր` Ալի Ժաուիշ, մինչ մրցումներուն հսկեցին Րաֆֆի Ճիկերեան, Գէորգ Կոստանեան, Ժիրայր Օգնայեան եւ Ռազմիկ Օգնայեան:

Նշենք, որ առաջին դիրքը գրաւած աշակերտները ստացան 50 հազարական լիբանանեան ոսկի, մինչ բոլոր մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան կազմակերպիչ ակումբին:

 

Share this Article
CATEGORIES