«Կառավարութեան Կեցուածքը Սուրիոյ Դէպքերուն Գծով Կը Յամենայ Երկու Պետութեանց Միջեւ Կնքուած Դաշնագիրներու Տրամադրութեանց» Յայտարարեց Նախարար Ֆէյսալ Քարամէ
«Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը կառավարութիւններու բաժնուած է, իսկ ընդդիմութիւնը` ընդդիմութիւններու», շաբաթավերջին յայտարարեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆէյսալ Քարամէ:
Թրիփոլիի մէջ կայացած ընթրիքի երեկոյին խօսք առնելով` Քարամէ դրուատեց լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը Սուրիոյ այժմու դէպքերուն գծով` ընդգծելով, որ այդ մէկը կը համընկնի ու կը յամենայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ կնքուած դաշնագիրներու տրամադրութեանց»:
CATEGORIES Լիբանանեան

