«Շրջանին Մէջ Որեւէ Լուծում Պէտք Չէ Կայանայ Ի Հեճուկս Լիբանանի» Յայտարարեց Նախագահ Սլէյման

Շաբաթասկիզբին զուգահեռ երկրի իշխանաւորները կը դիմակալեն ընկերային, ապահովական ու քաղաքական լուրջ հարցեր: Արդարեւ, պենզինի սակագինի յարաճուն բարձրացման դէմ ընդվզումի ելոյթները, պետական վարժարաններու ուսուցիչներու դասադուլի որոշումը, երկրի զանազան շրջաններուն մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերն ու քաղաքական հիմնահարցերէն` ընտրական օրինագիծի վճռումը առանցքը կը կազմեն կառավարութեան չորեքշաբթի օրուան նիստին, ուր կը նախատեսուի, որ օրակարգի վրայ դրուի նաեւ նշանակումներու հարցը: Ըստ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, կը մտադրէ կառավարութեան նիստին ներկայացնել ընտրական օրէնքին գծով իր պատկերացումը, որ կը միտի Լիբանանը ընտրական մէկ ընտրաշրջան նկատի ունենալ` հիմնուելով համամասնական դրութեան վրայ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման մերժեց վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին` կոչ ուղղելով վճռելու բոլորին յարմարող հասարակաց ընտրական օրէնք մը: Սլէյման բուռն կերպով մերժեց շրջանին մէջ որեւէ լուծում, որ կը կայանայ ի հեճուկս Լիբանանի: Դէպի Աւստրալիա կատարած իր վեցօրեայ շրջապտոյտի աւարտին, նախագահ Սլէյման խիստ դրական արժեւորեց արտերկրի, յատկապէս Աւստրալիոյ լիբանանցիներու ներկայութիւնը` ընդգծելով, որ մօտ ատենէն իր այցելութեան արդիւնքները պիտի պարզուին եւ Աւստրալիոյ լիբանանցիները հայրենիք (Լիբանան) պիտի վերադառնան ոչ անպայմանօրէն ֆիզիքապէս, այլ` մասնակցելով հայրենիքի մէջ հանրօգուտ ծրագիրներու իրագործման եւ ազգային-կրօնական յատուկ առիթներու իրենց մասնակցութեան:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին առնչուող կեցուածքներուն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի ընտրանքին:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ դէմ արտայայտուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած համամասնական դրութեամբ ընտրական օրինագիծի գաղափարին եւ ծերակոյտի հաստատման քայլին գէթ առայժմ, որովհետեւ նման քայլ կ՛առաջադրէ քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ, ըստ Ժոմպլաթի:

Իսկ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ համամասնական դրութեամբ օրէնքը, սակայն «եթէ այդ մէկը տարակարծութիւն պիտի հրահրէ լիբանանցիներուն միջեւ, ապա եղած վէճերը բաւարար են, թող վճռեն ու տեղեակ պահեն զիս»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES