Բագրատունի Այցելեց Նախարար Ապու Ֆաուրի
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, որուն հետ երկարատեւ տեսակցութեան մը ընթացքին արծարծեց նախարարութեան հետ կապուած զանազան խնդիրներ եւ քաղաքացին մտահոգող զանազան ախտերու առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել թմրեցուցիչի գործածութեան եւ տարածման, փոքր տարիքի երեխաներու դպրոցազրկութեան, աղքատութեան խորացման եւ այլ ընկերային հարցերու, որոնք օրըստօրէ կը բազմանան եւ պատճառ կը դառնան ընտանիքի եւ ընկերային կառոյցի քայքայման:
Բագրատունի նաեւ շեշտեց ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ հայկական բարեսիրական ու ընկերային հարցերով զբաղող միութիւններու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պահանջելով, որ նախարարութիւնը անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ընծայէ անոնց:
Ապու Ֆաուր պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու որեւէ ընկերային ծրագիրի, որ կը նպաստէ հանրութեան կեանքի բարելաւման:

