Թաքսիմի Վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակը Նշելու Պատրաստուող Թրքական Կազմակերպութիւնները Նամակներ Պիտի Ուղարկեն Ս. Էջմիածինի Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններուն

Թուրքիոյ մէջ սկսած են Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի նշման միջոցառումները, որոնց գլխաւորը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, ուր 1915-ի զոհերու յիշատակը յարգելէ բացի պիտի յիշուի նաեւ անցեալ տարուան 24 ապրիլին սպաննուած թրքական բանակին մէջ հայազգի ծառայող Սեւակ Շահին Պալըքճըն, որ իր զինակիցին կողմէ սպաննուած էր: «Նոր զարթօնք» կազմակերպութիւնը երէկ Սեւակի յիշատակին նուիրուած հաւաք մը կատարեց:

Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու բեմահարթակ եւ Ընդդէմ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնականութեան կազմակերպութիւնները 24 ապրիլին Թաքսիմի վրայ հաւաք, ապա նաեւ մամլոյ ասուլիս պիտի կազմակերպեն: Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Թրքական իսլամական ստեղծագործութիւններու թանգարանին առջեւ:

Կազմակերպիչները յայտնած են, որ անցեալ տարի այսպիսի հաւաքի մը ընթացքին լսած են, որ Պաթմանի մէջ հայազգի զինուորական ծառայող մը սպաննուած է: Այս տարի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին զուգահեռ պիտի յարգեն նաեւ Սեւակ Շահին Պալըքճըի յիշատակը:

«Մենք կը պատրաստուինք նամակներ ուղարկելու Ատանայի ջարդերէն ետք Լիբանան տեղափոխուած Կիլիկեան կաթողիկոսութեան եւ Էջմիածինի Մայր աթոռին, այդ ձեւով ամբողջ աշխարհի հայութեան ցոյց տալով, որ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները կը ցաւին կատարուածին համար: Աւելի ուշ պիտի այցելենք նաեւ Շիշլիի մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատունը` Սեւակի շիրիմը», ըսած են անոնք:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ կազմակերպութիւնները թուրքերուն կոչ ուղղած են հաւաքին մասնակցելու: «Երեխաներ, երիտասարդներ, կիներ անապատներ քշուեցան: Տղամարդիկ սպաննուեցան, եկեղեցիները, դպրոցները աւերակներու վերածուեցան, գոյքը ձեռքէ ձեռք անցաւ: Այդ իրադարձութիւններէն ետք վերապրած հայերուն միայն ցաւը մնաց: Լռելով այդ իրադարձութիւնները չեն մոռցուիր, ժխտելով` չեն վերանար: Ընդհակառակն` աւելի ամրացած են: Իր կեանքը Անատոլուի ժողովուրդներու բարեկամութեան զոհած Հրանդ Տինք կ՛ըսէր, որ բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, որ պէտք է մոռնալ, ոչ թէ անցեալէն կը վախնան, այլ ապագայէն: Չմոռցուած անցեալը ապագային հիմքն է:

«Ապրիլ 24-ին միասնաբար զոհերը յիշելը, զանոնք ոգեկոչելը, ցաւը կիսելը միայն հայ ժողովուրդի ցաւը մեղմացնելով պիտի չսահմանափակուի, այլ նաեւ Թուրքիոյ ժողովրդավարականացման հիմքը պիտի դառնայ», ըսուած է հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES