Տաւութօղլու Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ` Էլմար Մամետեարովի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անոնք յայտնած են, որ այլ հարցերու շարքին խօսած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին:
Մամետեարով յայտնած է, որ «այսօր խօսեցանք Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն մասին: Մեր տեսակէտները այս հարցին մէջ միշտ կը համընկնին: Այսօրուան հանդիպումը նոյնպէս արդիւնաւէտ էր»:
Տաւութօղլու իր կարգին յայտնած է, որ իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ հետ խօսած է նաեւ Սուրիոյ հարցին, մասնաւորաբար` Քոֆի Անանի ծրագիրին մասին:
«Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները շատ իւրայատուկ են», ըսած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը: Լ

