«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 10-Ամեակին Առիթով Հայոց Պատմութեան Զարգացման Մրցում

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակութեան 10-ամեակին առիթով «Ազդակ-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած հայոց պատմութեան զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 22 ապրիլ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Զարգացման մրցումին մասնակցեցան հայկական 14 վարժարաններ` ՀԲԸՄ Լ. Կ. Նազարեան, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Աբգարեան եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան: Այս մրցումին կը մասնակցէին վեցերորդ դասարանի աշակերտներ չորսական հոգիով: «Ազդակ-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին համար սրահը օժտուած էր զոյգ պաստառով, որոնց վրայ աշակերտները տեսան զարգացման մրցումին հարցումները եւ պատասխանները:

Զարգացման մրցումի դատական կազմը բաղկացած էր հետեւեալներէն` Արմէն Իւրնեշլեան, Վիգէն Աւագեան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, իսկ մրցումը կը վարէր օրդ. Թալին Օրտողլեան:

Մրցումը սկսաւ ժամը 4:00-ին: Բարի գալուստի խօսքէն եւ մրցումի կազմակերպման նպատակին մասին հակիրճ բացատրութիւն ներկայացնելէ ետք սկսաւ մրցումը:

Մասնակից աշակերտները շատ ուրախ էին եւ անհամբեր, նաեւ քիչ մը մտահոգ` ապահովելիք արդիւնքներուն գծով: Մրցումը ընթացաւ շատ հեզասահ եւ օրինաւոր կերպով: Մասնակից աշակերտները պատասխանեցին 40 հարցումներու: Աշակերտներուն ապահոված նիշերէն ի յայտ եկաւ, որ բոլոր դպրոցներն ալ շատ լաւ ձեւով պատրաստուած էին այս մրցումին:

Մէկուկէս ժամ տեւող այս մրցումին աւարտին մասնակցող խումբերը անհամբեր կը սպասէին արդիւքներուն: Վերջապէս եկաւ ժամը յայտարարելու արդիւնքները: Այսպէս` հայոց պատմութեան զարգացման մրցումին առաջին հանդիսացող խմբակն էր Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները, երկրորդը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները, իսկ երրորդը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտները:

Երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող խումբերը ստացան Գէորգ Աբէլեանի գիրքերէն «Մա՛մ, քոյրիկս մի՛ ծախեր» եւ «Նետենք, բռնենք» գիրքերը, մինչ առաջին հանդիսացող խումբը իբրեւ նուէր ունէր եօթը օր Հայաստան այցելութիւն, կեցութեամբ եւ պտոյտներով. սոյն այցելութեան ընթացքին խումբի անդամները աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան հայոց պատմութեան եւ ներկայ Հայաստանի տեսարժան ու պատմական վայրերուն:

Մրցումի աւարտին բոլոր մասնակիցներուն բաժնուեցաւ գլխարկ մը` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի պատկերով, եւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը` մասնակից աշակերտներուն համար:

Յայտնենք նաեւ, որ ուրբաթ, 20 ապրիլին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին նշուեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 10ամեակը` ներկայութեան թերթի աշխատանքներուն սատար հանդիսացողներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES