Բազմահազար Ժողովուրդ Համախմբելով Պիքֆայայի Մէջ` Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Փաստեց, Որ Յառաջատար Է Հայութեան Պահանջատիրական Պայքարին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինի երէկուան կազմակերպած հսկումի երեկոն իր բազմահազար ներկաներով, յայտագիրի բովանդակութեան իւրայատկութեամբ եւ ամբողջականօրէն իր համաերիտասարդական տարողութեամբ փոխանցեց կարեւոր պատգամներ:
Լիբանանահայ համաերիտասարդական համախմբումը փաստեց, որ միասնական ու ներդաշնակ աշխատելաձեւով կրնայ իր շուրջ համախմբել գաղութին մէջ գործող քաղաքական թէ յարանուանական կազմակերպութիւններու բոլոր ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորները, ինչպէս նաեւ սկաուտական, բարեգործական եւ մշակութային միութիւնները: Բոլորի համախմբումն ու նպատակաուղղուած աշխատանքը յանգեցաւ երէկուան տպաւորիչ արդիւնքին: Կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակը կը լուսաւորէ մեր գաղութի պահանջատիրական եւ միասնական աշխատանքի հեռանկարները եւ կը շեշտէ երիտասարդութեան յառաջատարութիւնը` մեր ազգային խնդիրներու հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:
Ներկայ պայմաներուն մէջ մանաւանդ համաերիտասարդական երէկուան երեւոյթը կը համոզէ բոլորս, որ թշնամիին աշխուժացումներուն դիմաց հայկական երիտասարդական գործօնին ուժական ներկայութիւնը կրնայ հակակշիռ դերի ազդեցութիւն եւ կարեւորութիւն ներկայացնել անպայման:
Համոզուած ենք, որ պահանջատիրական երիտասարդական ոգին բազմապատկուած ձեւով երեքշաբթի օր վարակիչ հանգամանք պիտի ունենայ եւ կլանէ ամբողջ գաղութը, որ Անթիլիասի մայրավանքէն պիտի քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն եւ այնտեղ թուրք պետութեան ներկայացուցիչներու անմիջականութեան` բողոքէ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու այդ իրողութիւնը մինչեւ այսօր ժխտող պետութեան դէմ եւ անկէ պահանջէ իր բոլո՛ր իրաւունքները:
Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ լիբանանահայ ուսանողական-երիտասարդական միութիւններուն, մասնակցութեամբ մշակութային եւ սկաուտական միաւորներու, երէկ` կիրակի, 22 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած համաերիտասարդական հսկում:
Լիբանանահայութիւնը խիտ շարքերով ուղղուած էր Պիքֆայա` խոնարհելու մեր նահատակներուն յիշատակին դիմաց, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին: Այս առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ ալ այս իրողութիւնը շեշտուեցաւ եւ վճռակամութեամբ հաստատուեցաւ, որ Հայ դատէն ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի, ինչպէս նաեւ հայութիւնը միասնական կերպով, իբրեւ մէկ բռունցք ու ամբողջութիւն պիտի շարունակէ իր պայքարը` մինչեւ իր գերագոյն նպատակի իրականացումը:
Յուշարձանին դիմաց Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ սկաուտներու տողանցք: Ուսանողական-երիտասարդական բոլոր միութիւններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշարձանին տակ` ՀԲԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, իսկ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին մեկնաբանած Հայաստանի քայլերգներով ընթացք առաւ հսկումի պաշտօնական բաժինը:
Օրուան հանդիսավարը` Արին Ղազարեան, լուսարձակի տակ առաւ հսկումի կազմակերպման նպատակը` ո՛չ միայն խոնարհիլ նահատակներուն անմար յիշատակին դիմաց, այլ ուխտել, որ հաւատարիմ պիտի մնանք անոնց պահանջատիրական երթին, մինչեւ հայութեամբ ամբողջական իրաւունքներու վերադարձը:
Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութեան անունով Յովիկ Մեսրոպեան հայերէնով բացման խօսք արտասանեց` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ 1915-ին գործադրուած ջարդին ահաւորութիւնը զգացին ո՛չ միայն հայերը, այլ նաեւ ուրիշ արդարադատ անձնաւորութիւններ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ դատը կը շարունակէ անլոյծ մնալ, այնքան ատեն որ Թուրքիա կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը, կը փորձէ դիւանագիտական հանրային կարծիքին մօտ շփոթ ստեղծել, ծածկել իր իսկ պատմութիւնը:
Յ. Մեսրոպեան հաստատեց, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս բոլոր հայ երիտասարդները, չի կրնար անտարբեր մնալ թրքական այս կեցուածքներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ քաջ կը գիտակցի, թէ Թուրքիան չի փոխուիր եւ ի զուր են անոր կողմէ կատարուող բոլոր փորձերը` ժողովրդավար դիմակով ներկայանալու աշխարհին: Ան դիտել տուաւ, որ հայը ընդմիշտ հաւատարիմ պիտի մնայ իր նահատակներուն կտակին եւ յանձնառու` պահանջատիրական արշաւին: Իր խօսքի աւարտին Յ. Մեսրոպեան կոչ ուղղեց բոլորին` ըլլալու միակամ, մէկ բռունցք ու ոգի, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հզօր պայքար տանիլ:
Զաւարեան ուսանողական միութեան անունով Ցոլեր Թալաթինեան արաբերէնով խօսք ուղղեց ներկաներուն` յատուկ կերպով անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղարարի դիմակով հանդէս գալու թրքական ձախող փորձերուն, որոնք ուշ կամ կանուխ անպայման իրենց իսկութիւնը ցոյց պիտի տան, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ իր թրքացման ծրագիրը եւ այս բոլորը կ՛ընէ իր շահերուն ապահովման ի խնդիր: Թալաթինեան դիտել տուաւ, որ Հայ դատի հարցով եւս Թուրքիա կը փորձէ անմեղ ձեւանալ, բայց եւ այնպէս այս բոլորը ի զուր են, որովհետեւ հայութիւնը պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ հասնի իր ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման:
Այս առիթով ան նշեց, որ այսօր հայութեան դիմաց կան բազմաթիւ եւ նորանոր մարտահրաւէրներ, որոնց դէմ յանդիման պէտք է կանգնիլ ազգովին եւ պայքար տանիլ բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Ապա Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգեր` «Հանգչեցէք դուք անդորր», «Երգ պահանջատիրութեան», «Հայ ապրինք» եւ «Բամբ որոտան»: Նազ պարով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի «Արին» պարախումբը:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս ներքին ու արտաքին ճակատի վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններն ու զարգացումները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնը, ներկայ մարտահրաւէրներն ու անոնց դէմ յանդիման կանգնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ իբրեւ մէկ բռունք պայքարելու ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ` միշտ գիտակցելով, որ թուրքը նոյն թշնամին է, որմէ մենք հաշիւ ունինք պահանջելիք:
Ապա «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը ներկայացուց Սուրերու պարը, իսկ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը` «Ղարաբաղի աղջիկներ» պարը:
Փակման խօսքը Մ. Փորթուգալեան ուսանողական միութեան կողմէ արտասանեց Մասիս Լեփեճեան, որ դիտել տուաւ, թէ հայութիւնը պէտք է դասեր քաղէ իր պատմութենէն, սորվի ձախողութիւններէն, օգտուի փորձառութիւններէն եւ այդպէս շարունակէ իր պահանջատիրական երթը: Ան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ միասնական եւ մէկ ուժ ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ գերխնդիրները ճշդել, նեցուկ կանգնիլ հայոց պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման, կառչիլ ամբողջական հայրենիքի գաղափարին` իբրեւ կորիզ ու սիրտ ունենալով ներկայ Հայաստանը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մ. Լեփեճեան հաստատեց, որ հայութիւնը նուաճումներ արձանագրած, վերապրած ժողովուրդ է, ուստի ատակ է նորանոր յաղթանակներ կերտելու` նոյն ուղիով եւ նոյն վճռականութեամբ:
Հսկումը փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբի կողմէ մեկնաբանուած «Սարդարապատ»-ով:
«Ա.»












