«Վշտապատում»` Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուածներու Վկայութիւններ

Այս տարուան մայիսին Հայաստանի Ազգային արխիւը պիտի հրապարակէ երեք հատորէ կազմուած «Վշտապատում» գիրքը, ուր ներառուած պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու 1916 թուականի վկայութիւնները: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:

Ան նշած է, որ 1916-ին մարդիկ շրջած են այն տարածքները, ուր գտնուած են հայ գաղթականներ, եւ գրի առած են ութէն մինչեւ հարիւր տարեկան անձերու վկայութիւնները: «Նրանք պատմում են, թէ ի՛նչ է կատարուել իրենց բնակավայրերում, ինչպիսի՞ ջարդ է իրականացուել, ինչպէ՞ս են տղամարդկանց սպաննել, կանանց բռնաբարել, ինչպէ՞ս են վարուել երեխաների հետ® Մենք ունենք մօտ հազար փաստաթուղթ», նշած է Վիրապեան եւ` աւելցուցած, որ արդէն ապահովուած է այդ վաւերագրութիւնները հրապարակելու համար անհրաժեշտ գումարը` ե՛ւ պետական պիւտճէին, ե՛ւ մոսկուայաբնակ հայ բարերարներու կողմէ:

Ա. Վիրապեան նաեւ նշած է, որ եռահատորեակը կազմելու ընթացքին դժուարութիւն ունեցած են տեղանուններու հարցով: «Իրենց տեսածը պատմել են արեւմտահայերը, բայց գրի են առել արեւելահայերը, ու որոշակի խնդիր հէնց այդ պատճառով է առաջանում: Մենք ցանկացել ենք, որ պահպանուեն պատմողի եւ տեղի լեզուական առանձնայատկութիւնները: Այդ պատճառով աշխատանքներում ընդգրկել ենք լեզուաբանների», յայտնեց ան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք գիրքը կրնա՞յ արժէք ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ, Ամատունի Վիրապեան պատասխանած է. «Երբ մենք ասում ենք, որ զոհուել է 1.5 միլիոն հայ, դա երբեմն ոչինչ չի նշանակում, բայց երբ կան 1916 թուականի վկայութիւնները, ապա այն աւելի՛ մեծ ազդեցութիւն է ունենում մարդու վրայ: Այս փաստաթղթերից պարզորոշ երեւում է նաեւ Ցեղասպանութեան իրականացման մեքենականութիւնը»:

Ազգային արխիւի տնօրէնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ կը ծրագրուի նշեալ գիրքին երեք հատորները թարգմանել թրքերէն, ռուսերէն եւ այլ լեզուներով` զանոնք աշխարհին ներկայացնելու համար: Անոնք տեղ պիտի գտնեն նաեւ համացանցի վրայ:

Բացի այս երեք հատորներէն, պիտի տպագրուի նաեւ չորրորդ մը, որ պիտի պատմէ Կիլիկիոյ դէպքերուն եւ հայաթափութեան մասին:

«Թերթ.am»

 

Share this Article
CATEGORIES