Ձեր Օրհնութիւնը Կը Խնդրենք
Անմահացած էք մեր տան մառանի պատերուն վրայ:
Ձեզի հետ խօսած եմ տարիներ անվերջ:
Ձեր զաւակները, իմ ծնողները, սորվեցուցին ինծի մայրենի լեզուն, զոր լաւ կը խօսիմ:
Ետ ինծի կը նայիք, մտածկոտ, սիպէ երանգով նկարներուն ընդմէջէն:
Ձեր ձեռքերով իսկ կարուած հագուստներ հագած էք այդտեղ:
Ձեր այդ ձեռքերը բրտացած են ցանելէն, շինելէն, շաղելէն եւ կարկտելէն:
Ձեր երեսները անդրդուելի, նոյնիսկ հարսանեկան հանդերձանքներով:
Ձեր աշխարհահայեաց արտայայտութիւնն ցաւի անտրտունջ շուքը կ՛ընդգրկէ:
Նշաձեւ աչքերը ձեր, ունին ծանր կոպեր, որոնք մեր նախածննդական իրաւունքն են:
Անոնք կը մատնեն անքնութիւնը` ծնած չարչարանքներու յիշողութենէն, եւ սպառած ուժեր` ձեր կեանքը կրկին վերաշինելէն:
Երբեմն կը հարցնեմ Տիգրանակերտի մասին, երբեմն Սեբաստիոյ` յուսալով պատմէք:
Կը տենչամ գիտնալ ձեր ժողովրդական սովորութիւնները, ձեր Հին Երկիրի ապրելակերպը:
Կը խնդրեմ ձեզմէ, որ պատմէք ինծի մեր ազնուական գերդաստանի մասին, գրաւումներէն, ջարդէն, քանդումէն աւելի առաջ:
Կը փորձեմ մտքով պատկերացնել. ինչպէ՞ս դիմացաք որպէս ոչխարներ գայլերուն առջեւ:
Համբերութեամբ կը լսէք ինծի, երբ ես կը խօսիմ այսօրուան հայուն կրածներուն մասին:
Հոգ չէ թէ թեթեւ բաղդատած ձերինին եւ երբեմն նոյնիսկ նոյնքան ծանրաբեր:
Յետոյ կը խնդրեմ, որ ներէք ինծի աւելին ըրած չըլլալուս համար:
Շատ անգամներ ուզած եմ փոխ տաք ձեր ուժը ինծի, ձեր իմաստալից, ամէն ինչ տեսնող հայեացքը վսեմ:
Ինչո՞ւ մահացաք, երբ ես դեռ ձեզ չէի ճանչցած:
Իմ մտքիս մէջ ձեր խորաթափանց եւ սուր աչքերը, ինձ կը շռայլեն այն սէրով կարծես միմիայն մեծ ծնողները կրնան տալ մեզի:
Տարիէ տարի, կը խանդաղատիմ, որ բացէն խօսիք եւ ըսէք մեզի.
«Մենք ձեզ շատ յստակ կը տեսնենք վերէն:
Մեր արիւնն է, որ կը հոսի դեռ ձեր երակներուն մէջ:
Կը զգաք հին աշխարհն ձեր ոսկորին մէջ:
Կ՛ապրիք մեր բոլոր պատմութեան հետ:
Մեր բարոյական կեցուածքը ունիք:
Կ՛երգէք, կը պարէք հարազատօրէն:
Աքսորի մէջ նոյնիսկ կը յարատեւէք:
Գիտէք մեր տարած չարչարանքները:
Մեր տեղ կը խօսիք:
Մեր օրհնութիւնը ունիք դուք յաւերժ:
Մեզ կ՛արդարացնէք:
Դուք Արեւմտեան Հայաստանն էք»:
ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
(Անգլերէնէ թարգմանեց` Արփի Տատոյեան)
24 ապրիլ, 2012

