Հոգւոյս Ձայնը

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ԿՈՃԻԿԵԱՆ

Քնացած տեղս յանկարծ հարուած մը կը ստանամ,
Աչքերս կը բանամ, բայց ոչ մէկ օգուտ.
Մօրս աղիքներէն զատ բան մը չեն տեսներ աչքերս,
Կը զգամ, թէ մայրս կու լայ
Անոր սրտին տրոփները կը սաստկանան
Բայց չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ:

Աստուծոյ կ՛աղօթեմ, որ վայրկեան առաջ
Դուրս գամ այս գտնուած վայրէս
Եւ գիտնամ, թէ դուրսը ի՞նչ կը պատահի,
իրարանցումի ձայները ականջէս ներս կը խուժեն
շատ ժամանակ չանցած Աստուած կը լսէ աղաղակս
ու զիս կը հանէ մօրս որովայնէն:

Աչքերս կը բանամ, բայց մայրս չեմ տեսներ
Կը տեսնեմ շատ մայրեր անշարժ գետինը փռուած,
Կը մօտենամ անոնց եւ կը տեսնեմ, թէ բոլորն ալ մահացած են,
Կը մօտենամ կնկայ մը, որուն փորը ամբողջութեամբ կիսած են,
Աստուած իմ այս ի՞նչ վայրագութիւն
Այս երեւոյթին դէմ յանդիման գտնուելով
Կ՛որոշեմ անունս ու կը յայտարարեմ, թէ
Իմ անունս Վրէժ պիտի ըլլայ:
Երկինք բարձրանալով` կը հեռանամ այդ վայրէն
Քիչ մը հեռուն կը տեսնեմ խումբ մը մարդիկ
Երկար շարք մը հիւսած արդեօք ո՞ւր կ՛երթան
Հետաքրքրուած վար կ՛իջնեմ
Արդեօք ո՞ր ազգին կը պատկանի այս ժողովուրդը,
Երբ այս հարցը կու տայի, ես իմ անձս կը տեսնեմ
Մայր մը նստած գետինը
չորս կողմը հաւաքուած խումբ մը մանուկներ
եւ աւազին վրայ կը գրէր այբուբենը,
խեղճ կինը հազիւ իր մատը գիմ տառին վրայ կը դնէ
ան իր գլուխէն հարուած մը կը ստանայ
պեխաւոր, հսկայ թուրք գազանէ մը,
շուրջը գտնուող մանուկները կը վազեն
եւ իրենց տեղը կ՛առնեն այդ երկար շարքին մէջ:

Դարձեալ վեր կը բարձրանամ ու կը տեսնեմ,
թէ երկինքին մէջ գտնուողներուն թիւը շատցաւ,
Կը հեռանամ անոնց երկար շարքէն:
Գիշերը ժամանած էր արդէն, աչքերս կը տեսնեն լոյս մը
Կամաց-կամաց վար կ՛իջնեմ
Բաւական մօտենալէ ետք կը տեսնեմ,
Որ այդ լոյսը փայտերով վառած կրակ մըն էր,
Որուն շուրջը նստած են սատանայի նմանող մարդիկ
Մէկ ձեռքերնին խմիչքի շիշերը
Միւս ձեռքերնին կաշիէ խարազանները.
Այդ գազանները կանգնած էին ոտքի
Ու խարազանի հարուածներ կու տային
Իրենց դիմաց գտնուող աղջիկներուն,
չէի հասկնար ինչ կը պատահի հոն,
աւելի կը մօտենամ ու կը տեսնեմ, թէ
խումբ մը աղջիկներ կը պարեն` մերկ մարմիններով:

Այդ մարդու նմանող գազանները թուրք զինուորներ էին
Վայրկեանը անգամ մը անասուններէն մէկը
իր ձեռքի խմիչքը կը պարպէր աղջիկներուն մերկ մարմիններուն վրայ
շոյելով անոնց մարմինը, աղջիկները կու լային
թեւ-թեւի անցած կլոր մը կազմած կը պարէին
գազաններէն մէկը կը մերկանայ ու կը մօտենայ աղջկայ մը
կ՛ուզէ բաժնել զայն այդ կլորէն,
բայց անոր փորձը իր նպատակին չի հասնիր:
Աղջիկը չի բաժներ ձեռքերը իր ճակատագիրի քոյրերու ձեռքերէն,
Գազանը զայրացած` կը հրամայէ, որ այրեն զանոնք,
Խմիչքները շիշերով կը պարպուին անմեղ կոյսերուն գլուխներէն վար
Եւ կրակի փայտերով կ՛այրեն զանոնք:

Ջղայնութենէս հոգիս դողալու կը սկսի,
Կ՛երթամ գազաններուն քով կը պոռամ
Կ՛ուզեմ անոնց արիւնը ծծել,
Բայց երբ կը յիշեմ, որ պարզապէս հոգի մըն եմ
Յուսահատ կրկին վեր կը բարձրանամ,
Կ՛ուզեմ երկինք բարձրանալ, ուր Ստեղծիչս կը բնակի,
Կ՛ուզեմ հարցնել անոր, թէ ինչո՞ւ կը պատահին այս բոլորը,
Ինչո՞ւ մե՛զի կը պատահին այս վայրագ դէպքերը:

 

Ապրիլ 2012

Share this Article
CATEGORIES