Արաբական Գարնան Զեփիւռը Պիտի Վարակէ Նաեւ Թուրքիան. Արդեօ՞ք Սուրիա Կ՛ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Արաբական Երկրորդ Երկիրը, Լիբանանէն Ետք
ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ
Ծագումով հայ սուրիացիներուն յոյսերը կեդրոնացած են սուրիական խորհրդարանի յառաջիկայ նիստին` իբրեւ օրէնսդիր ժողով ճանչնալու համար Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու հաւաքական ցեղասպանութիւնը, գործուած թուրքերու կողմէ, այսպիսով դառնալով Լիբանանէն ետք արաբական երկրորդ պետութիւնը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Խորքին մէջ այժմու պայմանները նպատակայարմար են նման ճանաչումի համար, որ ոչ ոք կը հերքէ շրջանին մէջ, յատկապէս որ այլեւս քողազերծուած է Թուրքիոյ հակասուրիական քաղաքականութիւնը: Այն Սուրիոյ, որ թումբ կանգնեցաւ շրջանը նոր «սայքս փիքոյի» հիման վրայ բաժանելու եւ տարտղնելու միտող արեւմտեան ու իսրայէլեան ծրագիրներուն դէմ, ուր կ՛անտեսուի շրջանի հարստութեանց ցանկացող փորձերու ընդդիմադիր ծրագիրը:
Թրքական պետութեան հետ յարաբերութեանց խզումը անխուսափելի ու վճռական է եւ կարելի չէ մեղմացման որեւէ քայլի դիմել ու շրջանային բաց խաղաքարտերով խաղալ, հիմա որ քողազերծուեցաւ Սուրիան նոր-օսմանցիներու լծակին կապելու փորձը, որ կը միտի տիրապետել շրջանին ու անոր «կարկանդակը» բաժնել Միացեալ Նահանգներու եւ իրենց գաղութարար անցեալով ծանօթ պետութեանց հետ: Հետեւաբար չկայ հասարակաց շահերու մերձեցում, որ յանձնառու եւ նախանձախնդիր ըլլայ ներգրաւելու Թուրքիան, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը սահմանադրականօրէն: Աւելի՛ն. այս մէկը խիստ հաւանական է սուրիական կողմէն, նկատի ունենալով, որ Սուրիա շահագրգռուած է այս խիստ կարեւոր թղթածրարով, մեկնելով այն իրողութենէն, որ անիկա եղած էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու պատսպարման գլխաւոր կեդրոնը, վկայ` Դամասկոսի անապատներն ու Տէր Զօրի, Ռաքքայի եւ Հասաքէի աշիրաթապետերը եւ ցեղախումբերը:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը, անկախ անոր քաղաքական թէ տնտեսական հետեւանքներէն, բարոյական պահանջ է համայն մարդկութեան կողմէ ու ազդանիշ` համաշխարհային խիղճի ու հաւաքական գիտակցութեան առկայութեան` փոքրամասնութեանց ու մարդկային իրաւանց ոտնակոխման դէմ, որ ջարդարարի ճակտին դրոշմուած ամօթի խարան մըն է:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղեմ սուրիացի ժողովուրդի ներկայացուցիչ` օրէնսդիր իշխանութեան, արծարծելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը 2012-ի իր յառաջիկայ նստաշրջանին, որ վստահաբար պիտի ստանայ ներկաներու քուէն, տրուած ըլլալով, որ անոնք կը ներկայացնեն սուրիացի այն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ, թէ հայութիւնը իր ընկերութեան բաղադրիչ հիմնական տարրերէն մէկն է ու կը մերժէ ոճիրը եւ կը ձգտի իրագործուած տեսնել հայ ժողովուրդին դէմ ցուցաբերուող պատմական անարդարութեան սրբագրումն ու հատուցումը:
Ծագումով հայ սուրիացիներ վճռած են, ինչպէս` 1915-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի, իրենց հարցը արծարծելու տեղական թէ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ` փակելով իրենց վաճառատուները, առ ի յարգանք 24 ապրիլի Ցեղասպանութեան զոհերուն ու 6 մայիս 1916-ի արաբ ազգայնական նահատակներուն, որոնք կախաղան հանուեցան օսմանցի արիւնարբու կուսակալ Ճեմալ փաշային կողմէ:
Տեղեկատուութեանց տեղական մամուլին ու հանրային կարծիքին մօտ այս հարցին արծարծումը կը նպաստէ զօրաշարժի մթնոլորտի ստեղծման` դատապարտելու եւ մերժելու Ցեղասպանութեան արարքը, որ աննախընթաց է պատմութեան մէջ: Այսուհանդերձ, աշխարհի կարգ մը պետութիւններ կը մեղկանան ու կը խուսափին ճանչնալէ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ չվրդովեցնելու կամ չզայրացնելու համար ՕԹԱՆ-ի անդամ ու շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան ծրագրի հլու եւ հնազանդ կամակատար Թուրքիան:
«Արաբական գարունը» կ՛ընթանայ նաեւ դէպի Թուրքիա, որ անխուսափելիօրէն պիտի կքի այդ «գարնան» զեփիւռի թէ փոթորիկի ցնցումներուն տակ, ինչպէս որ շրջանի ժողովուրդներ ցնցեցին իրենց օտարամէտ պետութիւնները, որոնք կը գործէին ի հեճուկս իրենց ժողովուրդներու շահերուն: Այն ատեն լիայոյս ենք, որ արաբական մնացեալ բոլոր պետութիւնները պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` անվախօրէն ու առանց տատամսելու, այսպիսով միանալով այն 22 պետութեանց ու 9 կազմակերպութեանց, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

