Ռուբինա Փիրումեանի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Գիրքը
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ կամ Ցեղասպանութեան ընկալումը այն սերունդին կողմէ, որ այդ աղէտալի տարիները ապրեցաւ» անգլերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին միացեալ միջոցներով:
«Շուտով Ցեղասպանութիւնը պիտի ըլլայ 100 տարեկան եւ մոռացութեան պիտի դատապարտուի: Մենք արդեօք կրնա՞նք հանգրուանային լուծման հասնիլ: Ես չեմ ուզում ժխտել, թէ մենք այս գծով քայլերու կը դիմենք, բայց եւ այնպէս շատ բաներու չենք հասած», ըսած է անգլիալեզու գիրքին հեղինակը:
«Շահեկան է, որ անգլերէնով է հրատարակւում, սա քարոզչութեան լաւ միջոց է, եւ` ժխտողականութեան դէմ պայքարի օրինակ: Այս գիրքն էլ գալիս է միանալու մեր պայքարի կենդանի զինուորներին: Պէտք է ասեմ, որ ապրիլի 23-ին տեղի կ՛ունենայ հազուագիւտ մի ցուցահանդէս, գրքերի ցուցադրութիւն: Այդ օրը կը ներկայացուի 300 անուն գրականութիւն, որոնք այս տարիների ընթացքում տպագրուել են: Այս ցուցադրութիւնը նախադէպը չի ունեցել երբեք», յայտնած է շնորհահանդէսին ներկայ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

