Գիրքերու Հետ. Հայկական Հարցի Հոլովոյթը 1939-2010 (Հեղինակ Զաւէն Մսըրլեան)
Այս հատորը ներկայացնելու մեր ակնարկով նախ կ՛ուզենք ծանօթագրական տեղեկութիւն մը արձանագրել հեղինակին մասին: Լիբանանահայութեան ծանօթ մտաւորական անձնաւորութիւն է` նուիրուած կրթական-դաստիարակչական ասպարէզին: Ան եղաւ մնայուն ուսուցիչ, տնօրէն, Հայ աւետարանական քոլեճին, Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ: Կը պաշտօնավարէ աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր, սկզբնական տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ, ապա ստանձնեց տնօրէնութեան պաշտօնը: Այս ոլորտին մէջ ան հանդիպեցաւ դժուարութիւններու` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, որ տեւեց երկար տարիներ, ինչ որ ծանօթ է բոլորիս: Այս խիստ տագնապալի տարիներուն Զաւէն Մսըրլեան մնաց իր տեղը, երբ շրջապատը, նոյն թաղամասերը կը պարպուէին հարազատ բնակիչներէ: Հայ աւետ. քոլեճը լքելը անկարելի էր Զաւէն Մսըրլեանին համար: Ան չշարժեցաւ իր տեղէն, մնաց մնայուն ներկայութիւն` քաջալերելով քիչ քաջերը միանալու իրեն եւ պահելու 1920-ական թուականներու սկիզբը հիմնուած «քաղաքի հայ սքուլ»-ը: Իբրեւ տնօրէն` յուսահատութիւնը վանեց իր սիրտէն, մնաց նուազ թիւով աշակերտներու եւ համախոհ ուսուցիչներու հետ, պահեց վարկն ու անունը քոլեճին եւ չզղջաց:
Կրթական մշակի իր ասպարէզի պատասխանատու աշխատանքին ան միացուց նաեւ պատմագիտական իր ստեղծագործական աշխատանքները` թուղթին բերելով իր համալսարանական մասնագիտութեան թեման, որ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ էր: Այս ճամբով ան հակեցաւ Հայոց ցեղասպանութեամբ (եւ նախքան այդ) ստեղծուած հիմնական խնդրին` «Հայկական հարցին»: Հրատարակեց հատորներ` մէկը միւսին յաջորդող:
1978-ին ան սկսած է Հայկական հարցը ուսումնասիրելու պատասխանատու աշխատանքին: Մօտ քառորդ դար նուիրած է այս ՀԱՐՑԻՆ` երկար պրպտումներ կատարելով, միջազգային արխիւները ուսումնասիրելով, նոյնպէս իր ուսումնասիրութեանց միացնելով իր մտայղացումները, տեսակէտները, քննական ակնարկները:
Այս կապակցութեամբ իր նորագոյն ստեղծագործութիւնը լոյս տեսաւ 2012-ին, «Սիփան» հրատարակչատունէն, մեկենասութեամբ հեղինակին երախտագէտ նախկին աշակերտներէն Յովիկ Քիւրքճեանի: Հատորը ձօնուած է հեղինակին ծնողաց Մկրտիչ եւ Սաթենիկ Մսըրլեաններու յիշատակին:
349 ծաւալուն էջերով այս հատորը, «Հայկական հարցի» հոլովոյթը 1939-2010 անունը կրող, կարելի է նկատել ընդհանուր ազգաց պատմութիւն` վերը նշուած թուականներուն: Վէպի մը նման կարելի է հետեւիլ արձանագրուած դիպաշարերուն, որոնց հեղինակները Եւրոպայի տիրապետած այդ ժամանակաշրջանի դաշնակից պետութիւններն են: Գերմանիա-Թուրքիա սիրալիր յարաբերութիւնը` քաղաքական ու դիւանագիտական իմաստով: Դաշնակից պետութիւններու վերաբերումը` գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ: Միւս կողմէ` կայ Մեծն Ռուսիան, որ խորհրդային հանրապետութիւններու հեղինակութեան իր հանգամանքը կը կիրարկէ: Հատորի էջերուն կը կարդանք յիշեալ պետութիւններու առաջնորդներուն միջեւ եղած քաղաքական համաձայնութիւնները, Ռուսիա-Թուրքիա հակամարտութիւնները, մասնաւորաբար Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Թուրքիա կանգնած է Գերմանիոյ կողքին: Յստակ է, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի Գերմանիա-Թուրքիա սերտ կապը:
Զաւէն Մսըրլեան եղած է պրպտող միտք, ազգասիրական զգացումները ստիպած են, որ հակի հայկական անլոյծ մնացած հարցին վրայ` լոյսին բերելով հայ ժողովուրդին ՀԱՐՑԸ անտեսած պետութիւններուն վերաբերումը, ինչ որ կը յայտնուի եւրոպական կարգ մը դաշնագրերով: Ներկայ թէ ապագայ սերունդը հիանալի աղբիւր մը պիտի ունենայ ի ձեռին, եթէ հետաքրքրուի հայ ազգի ճակատագրուած քաղաքական-դիւանագիտական անցուդարձերով: Իր լոյս ընծայած եօթը հատորներով Զաւէն Մսըրլեան օգտագործած է պատմագէտի իր մասնագիտութիւնը, որ կարեւոր ներդրում մըն է ճանչնալու մեր քաղաքական կեանքը, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ այնուհետեւ:
Մեր այս ակնարկով պարզապէս ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք իրագործուած գրականութիւն մը, իւրայատուկ վերաբերումով իրագործուած լիբանանահայ մտաւորական գրողի մը հետեւողական աշխատանքով: Ապագայի պատմագիրը պիտի օգտուի անկասկած վաւերական արխիւներու հետեւողութեամբ լոյսին բերուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ: Թուրքը կը մնայ իր ժխտողական, չարակամ դիրքով: Իբրեւ հայու զաւակներ մեզի կը մնայ ծանօթանալ մեր ճակատագրին քաղաքական-ռազմական կամ գաղթական երեսներուն, սփիւռքացած պայմաններուն: Շնորհակալութիւն Զաւէն Մսըրլեանին` իր այս ջանասիրական եւ հետեւողական ծառայութեան համար, յանուն մեր ազգային պատմութեան վերիվայրումներուն ճանաչման:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցանկը հեղինակին նախորդ գործերուն` առ ի գիտութիւն:
- «Հայկական հարցի մասին» (Կարս-Արտահանի հարցը` թուրք-սովետ յարաբերութեանց լոյսին տակ (1939-1977), «Ներքին» հողերու հարցը, Թուրքիոյ քիւրտերը եւ Հայկական հարցը»), Պէյրութ, 1978:
- «Երեք դաշնագրեր» (Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերը, 1920-1921 թթ.), Պէյրութ, 1979:
- «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգ.-քաղաքական գործունէութիւնը», Պէյրութ, 1981:
- «The Premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians», Antelias, 2001.
- «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական հարցը» (1900-2009), [Ակնարկ], Պէյրութ, 2010:
- «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք», Անթիլիաս 2011:

