Երիտասարդական Պրիսմակ. Որպէսզի Հայութեան Ուժերու Վատնումը Միանգամընդմիշտ Կասի (Եղեռնի 97-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի այս օրերուն քաղաքական զաւեշտներու եւ հեգնախառն արշաւներու թիրախ է դարձած ամբողջ հայութիւնը:

Փաստօրէն, թուրք-ազերիական բարբարոս քարոզարշաւներու առընթեր, Ուաշինկթընէն մինչեւ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցչութիւններ` դեսպաններու, նախարարներու, վատահամբաւ պատմագէտներու թէ քաղաքական գործիչներու մակարդակի, առիթ չեն փախցներ թրքամէտ ու շահամոլ իրենց դիմակը ցուցադրելու, թուրքն ու թրքութիւնը փառաբանելու:

Աւելի՛ն. մեկնելով իրենց ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական անմիջական թէ հեռակայ նպատակներէն, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակիցին ցեղասպան ու ոճրամիտ անցեալն ու ներկան մաքրաջրելու, այսպէս ասած ժողովրդավարի ու յառաջադէմի անոր գունատ եւ բռնազբօսիկ դիմագիծը շղարշելու, տնտեսական հզօրանքի թրքատիպ պատրանքներու «հմայք»-ը հիւսելու, այլապէս անոր ցեղապաշտի ու այլամերժի իսկութիւնը թաքցնելու:

Ճիշդ է, որ նման ողբերգական, խենեշ եւ հաճոյամոլ քաղաքական թատրոններու վաղուց  ականատես է եղած ամբողջ հայութիւնը, այդուհանդերձ, տարիներու թաւալքին հետ միասին, հակահայ կեցուածքներու, քարոզչութիւններու կամ մեղմ ասած եղբայրական յորդորներու տակաւ սաստկութիւն մը կ՛ապրի միջազգային բեմահարթակը, պէս-պէս բացատրութիւններու տարափին ներքեւ, բայց անպայման մեզ` հաւաքաբար համոզելու դիտաւորութենէ թելադրուած:

Առհասարակ, նման համոզումներու եւ կամ հրաւէրներու տարբերակներ պէտք է նկատել վերջին տարիներու հայ-թուրք պետական մակարդակի յարաբերութիւնները, որոնց շաղախը եթէ մէկ կողմէ հայութեան օժանդակելու տրամադրութիւններ կ՛ենթադրեն, միւս կողմէ ալ` թուրքին դարպասելու բացարձակ միտումներ կ՛ընդգրկեն:

Այլ խօսքով, մէյ մը «արդարադատ»-ի պատմուճանը հանդերձած, ուրիշ առիթով` եւրոպական արժէքներու ջատագովանքին ընդառաջ, թուրք պետական մտածողութիւնն ու արեւմտեան պատեհապաշտ մշակոյթի ջահակիր երկիրներ (Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա), առանց վարանումի եւ շիկնանքի` գունատիպ ելոյթներու խարդաւանքին լծուած, տարբեր մակարդակի վրայ` հայ պետական եւ յատկապէս սփիւռքահայը կը տանին այնպիսի քարոզարշաւներ, առերես մարդկային եւ խորքով` հակազգային, մոռացութեան մատնելու հինցած ու անհեռանկար դատի մը իրողութիւնը, պարզապէս ըսելու համար, թէ մերօրեայ աշխարհաքաղաքական կարգ ու սարքէն օգտուելու հրամայականէն մեկնած, հարկ է հրաժարիլ եւ միանգամընդմիշտ պատմութեան զամբիւղը նետել ազգային պատմական յիշողութիւններ, նուիրական դատեր ու կորուսեալ հայրենիքներն անգամ:

Իրօք, թուրքի հայաջինջ ծրագիրներուն եւ թրքավարի կազմակերպուած քարոզարշաւներուն աջակից եւրոպական համայնքի բազում պետական անձնաւորութիւններ, տիւ եւ գիշեր կը սատարեն այն մօտեցումին, թէ «անցեալի պատահած տխուր ու տառապալից դէպքերու շարադրանքէն պէտք է ձերբազատիլ» ու նայիլ դէպի ապագան` կերտելու համար երազային աշխարհը, «ծաղկաւէտ գարուն»-ներու եւ «հոտաւէտ» վարդաստաններու հրապոյրով լեցուն:

Ի դէպ, վերոնշեալ ընդգծումին փաստը արաբական աշխարհի մէջ արձանագրուած վերջին դէպքերու հոլովոյթն է, միջինարեւելեան քարտէսի ամբողջ տարածքին. սպանութիւններու, աւերումի, յեղաշրջումներու եւ մասնատուած ժողովուրդներու տեսքով` կղզեակներու հաստատումը, որով կը պարծենան արեւմտեան կողմն աշխարհի որոշումի կեդրոններ:

Այս առումով, թշնամիներու կողմէ հայութեան ածուին մէջ թափանցելու ամէն փորձ, թէեւ կ՛արժանանայ  որոշակի եւ շատ անգամ հայկական բուռն ընդդիմութեան, սակայն տարուէ տարի պարզուած իրականութիւններու եւ արձանագրուած բացթողումներու ի տես, հայ ժողովուրդի դիմադրական կամքին ու տոկունութեան բնազդին նահանջն է, որ կը մտահոգէ ազգը համակ, երբ ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի երեւոյթներու եւ միջոցառումներու, որոնց դէմ պարտաւոր ենք ցուցաբերել գիտական, արհեստավարժ, լուրջ, բարոյահոգեբանական եւ քաղաքական հասունութիւն` հեռու մնալու թշնամի թէ «բարեկամ» որոգայթներէ եւ ազգակործան հրէշային ծրագիրներէ:

Այս բոլորի շեշտադրումը կը միտի լոյսին բերելու այն վճիտ իրողութիւնը, թէ մեծապետական խօլ ու անմարդկային մրցակցութիւններ կլանած են աշխարհը համայն, որուն իբրեւ հետեւանք լուծարման ու ոչնչացման կ՛ենթարկուին պետական կառոյցներն անգամ:

Հայութեան պարագային, թուրք-ազերիական գրեթէ ամէնօրեայ սպառնալիքներու եւ սպառազինումի դիմաց, հայ պետական աւագանիի կողմէ փափկութեամբ զեղուն եւ ողջախոհութեան յորդորներ յաճախ կը լսուին, փոխան դիւանագիտական կարծրատիպ եւ շեշտակի կեցուածքներու, ուսումնասիրուած եւ հատու քաղաքական որոշումներու, միահամուռ եւ անզիջող վարքագիծերու:

Նման վիճակներ մեզի մտածել կու տան, թէ ազգային պահանջատիրական երթին ու Հայ դատի նուիրական աշխատանքներու կենսաւորումին մէջ ինչո՛ւ կը յամենայ ազգային ռազմավարական առաջադրանքներու եւ քաղաքական հեռանկարներու բոցկլտումը, հնչեղ յաղթանակներու նորատիպ արտայայտութիւններու լոյսին տակ:

Ըստ երեւոյթին, արեւմտեան թէ թշնամի սին քարոզարշաւներէ հմայուած եւ կամ ուղեղալուացքէն թակարդուած` պիտի գայ այն օրը, երբ զոհի ու դահիճի հասկացողութիւններ պիտի ձեւախեղուին, պարպուին իրենց բովանդակութենէն ու դառնան սոսկ տկլոր յիշատակումներ:

Նման տխուր մօտեցումներու անմիջական օրինակներ կը հանդիսանան այն դժբախտ հանդիպումները, զորս կը կայանան  հայ եւ թուրք «բացմիտ» անհատներու միջեւ, յանուն քոյր ու եղբայր ժողովուրդներու հաշտեցման ու բարեբաստիկ կեանքի մը հաստատման:

Ցաւ ի սիրտ, հայութեան ծոցէն ծնունդ առած նման մարդուկներ, «կը հաւատան թուրքին հետ եղբայրանալու երազանքին», մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան կանչին` ազերիական կազմակերպուած ջարդերու` Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղուի ցեղասպանութիւններու եւ Արեւմտահայաստանի հաշուոյն:

Յստակացնենք:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, բաւարա՞ր է հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ատենը մէկ լսել սոսկ յեղյեղուկ ու հնամաշ խօսքեր, փոխան այլընտրանքային ճանապարհներու որոնումին, որ պիտի սատարէ պահանջատիրական մեր պայքարին պատուանդանին:

Առհասարակ հայ պետական մտածողութիւնը ինչո՛ւ ընկալողի դիրքին մէջ մնալով` շատ անգամ շփոթի ու տարակուսանքի պահեր կ՛ապրի, երբ դէմ յանդիման կու գայ ամբողջ աշխարհի կեղծ մօտեցումներուն:

Ազգային մակարդակի պետական գործիչներու շեշտակի կեցուածքներու բացակայութիւնը կրաւորականութեան չափանի՞շ պէտք է նկատել, թէ՞ գործնապաշտութեան նորովի ըմբռնում:

Ո՛ւր են ազգային գաղափարական լիցքով բոցկլտող անհատականութիւններու առինքնող աշխատանքները, ազգն ու հայրենիքը առաջնորդելու իրենց պատասխանատուութեան առընթեր:

Հասած չէ՞ ժամանակը մեր հոգիներէն վանելու ստորակայութեան ու մեծամիտի ամէն բարդոյթ` ազգային շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Ազգովին արժանի չե՞նք հպարտանալու ազգային ռազմավար ուղեղներու ճառագայթող հրայրքին ի տես: Մանաւանդ որ հայ հանճարն ու ստեղծագործ ոգին ապրող է եղած դարեր շարունակ, ու ցարդ կը շնչէ իբրեւ այդպիսին, բացառաբար օտարի ծառայութեան կոչուած:

Հայ պետական ու ազգային կազմակերպուած կեանքի մը առաւել պայծառութեան յամեցումը ի՞նչ բանի պէտք է վերագրել, եթէ ոչ սնոտիապաշտ կենսակերպի, երբ արտագաղթի ու հայրենալքումի ալիքը կործանարար սահմանի է հասած:

Գիտակցական ուժի, հաւաքական յանձնառութեան, բազմաշերտ հզօրանքի մասին ամէն առիթի ամպիոններէ ճառուած խօսքերը սոսկ կիրակնօրեայ մաղթանքնե՞ր պէտք է նկատել` ներքին սպառումի եւ զուարճանքի պահեր աւետելու համար:

Հապա՞ ազգային զարթօնքի մասին ձեւաւորուած մտքերու եւ առաջադրանքներու շօշափելիութիւնը ապահովելու կոչուած մարմիններու պատրանաթափ գործունէութիւնը, ինչպիսի՞ հիմքերու վրայ են ամրագրուած, կարենալ դիմագրաւելու համար բազում մարտահրաւէրներ:

Հայ ստեղծագործ մտքին ու մտաւորական աշխատանքին թիկունք կանգնելու հրամայականին դիմաց` բաւարարուի՞լ շքանշաններու տուչութեամբ, թէ յանձնել առնել նորահաս սերունդին մօտ կայտառ պահելու նուիրաբերումի եւ զոհողութեան սրբազան տենչերը:

Հակառակ պահանջատէրի մեր ընդհանրական աշխատանքներուն, տակաւին ազգային համապարփակ կողմնորոշումի քարտէսը չենք պատրաստած` պարզապէս բաւարարուելով ինքնանպատակ գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու կայացումով ու քնարերգակ մեր կազմաւորումին յագուրդ տալով:

Ազգային զօրաշարժի անհրաժեշտութեան գիտա՞կ ենք, թէ ինքնագոհ առօրեայով կլանուած, կը սպասենք հրաշագործ ապագայի մը յոյսերը` այլասերումի եւ օտարացումի գեղեցկութիւններ դիտելով:

Խելայեղ գիտական նուաճումներու այս դարուն հայ գիտական մտքի ու ներուժի օգտագործումին մեքանիզմ որդեգրա՞ծ ենք, թէ պատահականութեան հաւատացող ախոյեաններու վերածուած:

Կը մտածե՞նք հայոց նահատակութեան յուշարձան Տէր Զօրի անապատները հայատեաց, բարբարոս ու ցեղապաշտ ծրագիրներու գերեզմանի վերածել:

Միթէ ժամանակը չէ՞ հասած ազգովին մարդկութեան երեսն ի վեր եւ ամէն օր գոռալու, թէ ա՛լ հաւատացողը չենք վաշխառու քոնկրեսներու եւ ստապատիր ծերակոյտներու սարքած հանդէսներուն:

Երբեւէ քաջութիւնը պիտի ունենա՞նք ըսելու, թէ հայութիւնը տառապանք չէ ապրած միայն, այլեւ` ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենիք կորսնցուցած ազգ է, հետեւաբար թող դադրին մեզ լոլոզող պատեհապաշտներու ժպտադէմ խորամանկութիւնները:

Թէ` այլեւս խնդրագիրներու, աղերսանքներու եւ սիրազեղ ունկնդրութիւններու ժամանակը վաղուց է անցած, եւ հայութիւնը պարտաւոր է գիտակցիլ իր գոյութենական պայքարի նուիրական պատգամին թելադրութիւնները եւ պատերազմի դաշտ իջնել յաղթելու վճռակամութեամբ:

Թէ` Հայաստանակեդրոն եւ հայակեդրոն սրբազան աշխարհահայեացքին պէտք է տալ ոգի ու շունչ, կամք ու խղճմտանք եւ ազգային արժանապատուութեան հաւաստիութիւն:

Այո՛, Ապրիլեան խոհերու մեր շտեմարանէն նման մտածումներու հոսքը, եթէ մէկ կողմէ պարտաւորութիւն է, ապա միւս կողմէ` հայութեան համար անիկա պէտք է ըլլայ գիտակցական մակարդակի բարձունք մը` Արարատին հզօրութեամբ պաշտպանուած, վճռորոշ ոստումներ ապահովելու համար Հայ դատի ու պահանջատիրական պայքարի մեր աշխատանքներուն մէջ:

Արդ, հայրենի պետական համակարգին թէ քաղաքական մտքին պարտաւորութիւնն է ստեղծել իսկական միասնութեան դաշտն ու ոգեկան տարածքը, լարելու բոլորին ուժերն ու կարողականութիւնը, նոր շունչով եւ որակով շարունակելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի ու մանաւանդ` հատուցումի այնքան սպասուած աշխատանքը, միջազգային արդարադատ ամպիոններէն հնչեցնելու հայոց արդարութեան ու պահանջատիրութեան կանչը, կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանալու ուխտն ու հաւատամքը:

Բայց այս բոլորի իրականացման համար հզօր հայրենիքի, կազմակերպուած սփիւռքի ու ճառագայթող ղեկավարութեան անհրաժեշտութեան կարօտն է, որ կ՛ապրի ամբողջ ազգը, խոնարհած մէկուկէս միլիոն անշիրիմ նահատակներու կտակին առջեւ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, ապրիլեան խոկումներն ու զգաստացնող գրգիռները այլ բան չեն կրնար թելադրել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES