Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառած Հոգեխոցին Եւ Անոր Փոխանցման Մասին
ԿԱՐԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ
Սփիւռքահայու մեր առօրեային մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն հայապահպանումը եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: «Պէտք է հայ մնանք», «մեր հայութիւնը պաշտպանենք», «հայօրէն վարուինք», «հայերէն խօսինք», «հայ զգանք», «հայկականը սիրենք ու արժեւորենք», «հայութենէն չհեռանանք», «մեր հայկականութիւնը չկորսնցնենք, չձուլուինք» եւ այսպիսի բազմաթիւ արտայայտութիւններ ոչ միայն իւրայատուկ, այլ նաեւ հարազատ են ամէն սփիւռքահայու եւ հետեւանքն են մեզ բնորոշող վիճակի մը` ապրումներու: Այս յօդուածով պիտի փորձենք հասկնալ Ցեղասպանութեան անմարդկայնութիւնը ապրած, Եղեռնէն ճողոպրած աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեբանութիւնը: Նկարագրելէ ետք հաւաքական սպանդի մը ազդեցութիւնը անհատի մը, ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան մը վրայ, պիտի անդրադառնանք վերապրումի տարբեր գործընթացերուն եւ վերապրողներու հոգեբանութեան: Պիտի փորձենք զանազանել ընդհանուր հոգեկան երեւոյթները` մասնակիներէն:
Ի՞Նչ Է Հոգեխոցը
Հոգեխոցը (Traumatisme psychique) մարդուն հոգեկան աշխարհին վրայ անսպասելի, անկանխատեսելի ու բիրտ դէպքի մը հետեւանքն է: Հոգեխոցը հետեւանք է կոպիտ հանդիպումի մը մահուան հետ: Ճիշդ է, ամէն մարդ գիտէ, որ ինք եւ իր հարազատները օր մը պիտի մեռնին, սակայն ոչ ոք կը սպասէ բիրտ ձեւով հանդիպելու իր կամ իր հարազատին մահուան: Առաւել, ոչ ոք կրնայ պատկերացնել մահը: Այս յանկարծակի հանդիպումը անպատկերացնելի երեւոյթի մը հետ` կը բնորոշէ հոգեխոցը: Անպատկերացնելի, ուրեմն նաեւ անխորհրդանշելի եւ անասելի վիճակներ ու անոնց առնչուող ապրումներ իւրայատուկ են բրտութիւններու, պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ ցեղասպանութիւններու: Արդարեւ, լռութիւնը, խօսելու եւ արտայայտուելու անկարողութիւնը կը յատկանշեն հոգեխոցը:
Երբ դէպք մը կը խախտէ անհատի մը հոգեկան հաւասարակշռութիւնը, կը ներխուժէ անոր ներաշխարհէն ներս եւ իրեն հետ կը բերէ ահ ու սարսափ, կը տկարացնէ նաեւ անոր եսը, կը թուլացնէ անոր ինքնավստահութիւնը: Անհատին ինքնապատկերացումը կը փոխուի, եւ ան ինքզինք կը զգայ խոցելի ու յաղթահարելի:
Հոգեխոցը կ՛առնչուի նաեւ խզումի: Այս խզումը տեղի կ՛ունենայ այլազան մակարդակներու վրայ.
ա) Հոգեկան. խզում ներքին աշխարհի պատկերներուն եւ սպասումներուն ու արտաքին աշխարհի իրականութեան միջեւ, երբ մահն ու կորուստը յանկարծ կը վերածուին շօշափելի իրականութեան:
բ) Իմաստի. խզում կեանքի իմաստի, որ հիմնականօրէն կը փոխուի հոգեխոց յառաջացնող դէպքէ մը ետք: Իշխող զգացումները յաճախ անարդարութեան զոհ ըլլալու եւ կեանքի իմաստազրկումն են:
գ) Ժամանակի. հոգեխոցը ժամանակը կը հատէ, ու կը ստեղծուին ցնցիչ դէպքէն «առաջ» եւ «ետք» հասկացողութիւնները:
դ) Տարածքի. հոգեխոցը հիմնականօրէն կը փոխէ մարդուն կապը իրական եւ խորհրդանշական տարածքին հետ: Տեղափոխութիւնները, տեղահանութիւնները, քանդումները կը խզեն մարդուն իրական կապը տարածքին հետ, իսկ հոգեխոցը կը փոխէ անոր հետ անհատին ունեցած կապը:
ե) Պատմութեան. անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը պատմութիւնը կը խզուի հոգեխոց յառաջացնող դէպքէ մը ետք, եւ անհատներուն կապը իրենց պատմութեան հետ էականօրէն կը փոխուի:
զ) Մշակոյթի. հոգեխոցը կը խզէ նաեւ մշակոյթին իմաստը եւ պատկերացումը, անհատին կամ հաւաքականութեան կապը անոր հետ:
Այս դիտանկիւնէն, Հայոց ցեղասպանութիւնը, իր անկանխատեսելի տարողութեամբ, իր պատճառած ահ ու սարսափով, մահը անմիջական ու սովորական դարձնող անմարդկայնութեամբ, սպանութիւններու աներեւակայելի ու անպատկերացնելի բրտութեամբ, հաւաքական հոգեխոցի մը աղբիւր է:
Ցեղասպանութեան Հոգեխոցը
Եւ Վերապրումը
1915 թուականին անմարդկային ձեւով սպաննուեցան անզէն հայեր, անպաշտպան կիներ եւ անմեղ մանուկներ: Անոնք չմեռան մարդուն արժանավայել մահով, անոնց մարմիններն ու հոգիները բռնաբարուեցան, անոնք անօթի ու ծարաւ քաշքշուեցան, ու երբ հիւծած` ինկան անապատի աւազներուն վրայ, չարժանացան վերջին աղօթքի, հրաժեշտի ու թաղման, չունեցան գերեզման, եւ իրենց գոյութիւնը անգամ ժխտուեցաւ:
Հայ անհատը զրկուեցաւ լիակատար մարդ զգալու եւ որպէս այդ ապրելու իրաւունքէն: Ի զուր չէ, որ մենք` հայերս, շատ կ՛օգտագործենք «անմարդկայնութիւն» բառը որպէս «բրտութեան» համազօր յղացք: Հայ հաւաքականութիւնը «գլխատուեցաւ» (կ՛ըսենք մենք), երբ ջարդուեցան իր մտաւորականները, զրկուեցաւ իր առնականութենէն եւ խորհրդանշականօրէն «կրտուեցաւ», երբ սպաննուեցան իր չափահաս տղամարդիկը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները կրեցին այս արհաւիրքին հետեւանքը իրենց հոգեկան աշխարհին մէջ: Անոնք վերապրեցան իրենց ապրածին, տեսածին, լսածին ծանր հոգեկան բեռով` զրկուած կեանքէ, հողէ, մշակոյթէ, պարտաւորուած ներմղելու սարսափն ու անձկութիւնը` գոյատեւելու համար:
Նախապէս ըսինք, որ հոգեխոցը կը յատկանշուի լռութեամբ: Սաստիկ բրտութիւն ապրած մարդիկ մեծ դժուարութեամբ կը խօսին իրենց ապրածին մասին: Հոգեխոցի սովորական նշաններն են` զգացումները արտայայտելու եւ ցնցող դէպքին մասին խօսելու անկարելիութիւնը: Յաճախ հոգեխոցուած անձին խօսքը զուրկ է զգացական պարունակէ: Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողները, սակայն, հակասական վիճակի մը մէջ էին: Իրենց լռութեան եւ խուսափումի ցանկութիւնը կը բախէր Ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ իրենց պարտքին:
Ցեղասպանութեան նպատակն էր հայ ազգի ոչնչացումը: Վերապրողները իրենց գոյութեամբ փաստն էին այդ ծրագրի ձախողութեան. սակայն մեծ էր պարտքը իրենց ծնողներուն, զոհերուն նկատմամբ: Եթէ այս վերջինները մեռան իրենց հայ ըլլալուն պատճառով, ապա վերապրողները պարտաւոր էին ապրիլ նոյն պատճառով, պարտաւոր էին իբրեւ հայ ապրիլ: Ապա թէ ոչ իրենք իսկ իմաստազրկած կ՛ըլլային իրենց հարազատներուն մահը եւ երկրորդ անգամ սպաննած կ՛ըլլային զանոնք: Այս պարտքը, վերապրելու, հայկականութիւնը պահպանելու, հայ լեզուն ու մշակոյթը չկորսնցնելու պահանջը ուղղակիօրէն կապուած են նաեւ վերապրումին տուած յանցանքի, մեղքի զգացումին: Հաւաքական որեւէ բրտութիւն վերապրողներուն մօտ կը յառաջացնէ մեղքի զգացում: Ինչո՞ւ ինքը եւ ոչ` ես: Ինչո՞ւ չկարողացայ կասեցնել պատահածը: Ինչո՞ւ չկարողացայ պաշտպանել սիրելիներս կամ թաղել զանոնք: Այս մեղքի զգացումները կը շեշտեն պարտքի զգացումը եւ անկարելի կը դարձնեն սուգը:
Այս հակասական հոգեվիճակին մէջ բոլոր վերապրողները նոյն ձեւով չհակազդեցին: Ոմանք ընտրեցին լռութիւնը: Անոնք խուսափեցան պատմելէ, նոյնիսկ երբեմն` հայերէն խօսելէ (յիշենք նկարիչ Արշիլ Կորքին): Հաւանաբար նաեւ չուզեցին իրենց հոգեխոցը փոխանցել իրենց զաւակներուն (յիշենք Մայքըլ Արլենի «Դէպի Արարատ»-ը` օրինակ), չգիտնալով, որ լռութիւնը խօսքին չափ լի է խզումներով ու անոնց փոխանցմամբ: Ուրիշներ կատարեցին իրենց պարտքը, խօսեցան ու պատմեցին, հայերէնը եւ հայկականութիւնը եղան իրենց ինքնութեան առանցքը: Եղան Հայ` նախքան Մարդ ըլլալը: Նոյնիսկ հակասութեամբ ապրեցան իրենց հայու ու մարդու ինքնութիւնները:
Հոս կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութենէն առաջ արեւմտահայերու կապը իրենց հողին, մշակոյթին եւ լեզուին հետ բոլորին մօտ նոյնը չէր: Ոմանք, Պոլսոյ, Պուրսայի հայերը` օրինակ, շատոնց արդէն հեռացած էին «մայր» հող պարունակէն, ուրիշներ, Կիլիկիոյ հայերէն շատեր, կորսնցուցած էին հայերէնը որպէս ինքնութեան պարունակ: Բնականաբար վերապրումի գործընթացները չէին կրնար նոյնը ըլլալ բոլորին մօտ: Իսկ Ցեղասպանութենէն ետք այս գործընթացերուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան նաեւ հիւրընկալ երկիրներու ներքաղաքական վիճակը եւ ընկերային համակարգը: Վերապրումը նոյնը չէր կրնար ըլլալ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ուր ընկերային համակարգը համայնքային է եւ անհատը կը յատկանշուի իր կրօնական ու ազգային պատկանելիութեամբ եւ կամ Ֆրանսայի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը մէկ օրէն միւսը դրուեցաւ նոր, իշխող մշակոյթ ունեցող երկրի մը լիիրաւ քաղաքացիի կարգավիճակին մէջ:
Ցեղասպանութիւնը խզում յառաջացուց հայ ժողովուրդին մօտ: Հիմնականօրէն փոխուեցաւ անոր կապը մայր հողին, հայրենիքին, մշակոյթին ու լեզուին հետ: Հայրենիքը դարձաւ կորսուած, ուրեմն նաեւ` ինքնաբերաբար իտէալականացուած ու երազային յղացք (այս երեւոյթը յատկանշական է ամէն սուգի հոգեկան աշխատանքի), իսկ լեզուն ու մշակոյթը վերածուեցան պարտքի: Խզուեցաւ հայոց պատմութիւնը: Ստեղծուեցան Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք հասկացութիւնները: Խզուեցաւ ծննդակարգը, սերնդակապը: Կորսուեցան պապենական գերեզմանները, եւ լեզուն ու մշակոյթը կրեցին նաեւ ա՛յդ ծանր բեռը: Լեզուն կա՛մ լռութեան մատնուեցաւ ու պարպուեցաւ իր պարունակէն, կա՛մ ալ մինակը գրկեց ինքնութիւնը եւ Ցեղասպանութեան իր վկայութիւններով փոխարինեց նաեւ գերեզմանները: Ան դարձաւ միակ պարունակը նախահայրերուն, զոհուած հարազատներուն, գրկեց մեռելները եւ ողջերը միաժամանակ, ծանրացաւ եւ կրեց հաւաքական հոգեխոցին պատճառած հատումը, զգացականութիւնն ու ապրումները արտայայտելու անկարողութիւնը: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ նոր սերունդը խուսափի այս պարտք-գերեզման լեզուէն եւ չկարողանայ զայն օգտագործել որպէս ազատօրէն մտածելու ու ստեղծագործելու միջոց եւ կարիքը զգայ այլ լեզուի մը:
Այսպէս, Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, թէ՛ լռութիւնը եւ թէ՛ խօսքը կը կրեն ու սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն հաւաքական հոգեխոցը: Այս իրողութեան գիտակցումը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքներուն մասին հաւաքական մտածողութիւնը կրնան ազատագրել հայերէնը իր լռութեան կապանքներէն եւ պարտքի ու գերեզմանի բեռէն: Սակայն Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ կողմէ, ոճրագործին կողմէ հերքումը իր անմարդկային արարքին` կու գան բարդացնելու հայութեան հաւաքական հոգեբանութիւնը:
Ցեղասպանութեան Ճանաչման
Հոգեկան Անհրաժեշտութիւնը
Թրքական պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հերքումը շարունակութիւնն է կատարուած բրտութեան: Հերքելով մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդը, թրքական պետութիւնը կ’անէացնէ, կ’ոչնչացնէ մեր նախնիները: Եթէ անոնք գոյութիւն չեն ունեցած, ապա ուրեմն ո՞վ ենք մենք, ո՞վ են սփիւռքահայերը: Սփիւռքահայութեան կեանքը կը սկսի հոն, ուր վերջացաւ իրենց ծնողներունը: Անոնց մահը մեր կեանքն է: Անոնց մահուան հերքումը մեր գոյութեան հերքումն է: Այս իմաստով, այնքան ատեն որ Թուրքիոյ կողմէ չէ ճանչցուած Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չեն ստացած հայերը, Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Եղեռնէն ճողոպրածներուն յաջորդող սերունդները կ’ապրին ու կը փոխանցեն հաւաքական հոգեխոցը, պարտքի եւ մեղքի զգացումները, հայերէնը կը մնայ բանտարկուած իր լռութեան պարապ կամ պարտքէ ու գերեզմանէ պատերուն մէջ: Բրտութեան շուրջ լռութիւնը բրտութեան մեղսակցութիւն ու կրկնութիւն է: Կրկնութիւն է ուրեմն նաեւ հոգեխոցի:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ պիտի ըլլայ հոգեխոցի բուժման առաջին անփոխարինելի քայլը: Մինչ այդ հայերէնով մտածելը այս հաւաքական խոցուած հոգեբանութեան մասին կրնայ արտօնել չկատարուած սուգերու եւ հոգեխոցերու հոգեմշակումը (elaboration psychique), կրնայ յառաջացնել փոխանցման կամ անցումի տարածք մը եւ ժամանակ մը, ուր հոգեխոցը չէ, որ կը սահմանէ հայութեան լռութիւնը կամ խօսքը, այլ ան խօսքին ընձեռած բեմահարթակին վրայ կ’ապրուի եւ կ’արտօնէ հայ հաւաքականութեան հոգեկան եղելոյթը:
ԿԱՐԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ
Դասախօս` Մոնրէալի համալսարանի
հոգեմանկավարժական բաժանմունքին մէջ
Հոգեբան, հոգեդարմանող
Ordre des Psychologues du Québec-ի անդամ
Ներշնչման աղբիւրներ
Ալթունեան, Ժ. (2001) «Բա՛ց միայն իմ դիմաց ճամբաներն Արմենիոյ», Տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան: Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն:
Altounian, J. (1975), «Comment peut-on être arménien?», dans Ouvrez-moi seulement les chemins d’Arménie, 1990, Paris : Les belles lettres.
Altounian, J. (1978), «A la recherche d’une relation au père, soixante ans après un génocide», dans Ouvrez-moi seulement les chemins d’Arménie, 1990, Paris : Les belles lettres.
Altounian, J. (1986), «Faute de parler ma langue», dans Ouvrez-moi seulement les chemins d’Arménie, 1990, Paris : Les belles lettres.
Altounian, J. (1988), «Viol et Silence», dans Ouvrez-moi seulement les chemins d’Arménie, 1990, Paris : Les belles lettres.
Barrois, C. (1988), Les névroses traumatiques, Paris : Dunod
Crocq, L. (1999), Les traumatismes psychiques de guerre, Paris : Odile Jacob
Gampel, Y. (2009), Dans Mémoires du genocide arménien : héritage traumatique et travail analytique, Paris : PUF.
Hanus, M. (1994), Les deuils dans la vie, Paris : Dunod
Kaes, R. (1989), «Ruptures catastrophiques et travail de la mémoire», dans Violence d’état et psychanalyse, Paris : Dunod/Inconscient et Culture.
Kaes, R. (2009), «Le travail de l’intersubjectivité et la polyphonie du récit dans l’élaboration de l’expérience traumatique», dans Mémoires du genocide arménien : héritage traumatique et travail analytique, Paris : PUF.

