Ի՞Նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Հայոց Ցեղասպանութիւն Եւ Հող
Անցեալ օր Լիբանանէն վերադարձող ընկերս, որ հոն այցելեր է նաեւ հայկական թաղամասը, իր ունեցած հաստատ կարծիքը հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտէր. «Եթէ նոյնիսկ հազար տարի անցնի, այս հայկական հարցը չի վերջանար»: Խորքին մէջ ընկերս անուղղակի կերպով կը հաստատէր, թէ Թուրքիոյ յամառօրէն վարած անանուն քաղաքականութիւնը ո՛չ մէկ յոյս ունէր արդիւնաւորուելու: Իր հանդիպած հայերուն համար 1915-ը կ՛ընկալուէր կարծես տակաւին երէկ պատահած դէպք մը, եւ կ՛ըսէր, թէ այս հոգեբանութիւնը կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ: Իսկ Թուրքիան միմիայն ժխտելով եւ ուրանալով` կը յուսայ, որ օր մը այս հարցը կը փակուի, միջազգային հանրային կարծիքն ու հայերը կը մոռնան եւ մենք օր մը հանգիստ շունչ կը քաշենք: Այսինքն, խորքին մէջ, Թուրքիան ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն ունի այս հարցին կապակցութեամբ, բացի միայն սպառնալով անոնց, որոնք օրակարգի կը բերեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք Թուրքիոյ մէջ շատ կարծրատիպեր փշրուեցան` բացի հայկական հարցէն, որ մնաց նոյն պաշտօնական պարունակին մէջ, որ կը կրկնուի 100 տարիէ ի վեր: ԱԲԿ չկրցաւ նոր քաղաքականութիւն մը մշակել այս հարցին կապակցութեամբ: Հայաստանի հետ առկայ խնդիրները լուծելու նպատակով 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած փրոթոգոլները կարճ ժամանակի մէջ պատանդի վերածուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ եւ ինկաւ օրակարգէն. մենք կրկին վերադարձանք մեր հինցած «անքաղաքականութեան» քաղաքականութեան:
Մինչեւ օրս քսանէ աւելի երկիրներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, այս թիւը կ՛աճի եւ պիտի աճի ժամանակի ընթացքին: Իսկ այն երկիրները, որոնք սա վայրկեանին չեն ճանչցած, ո՛չ թէ որովհետեւ չեն հաւատար, այլ իրենց շահերուն ներհակ ըլլալուն համար չեն ճանչցած: Պարաք Օպամայի նախընտրութեան շրջանին կայքէջին մէջ տեղ գտած նախադասութիւնները շատ յստակ ձեւով կը պարզեն, թէ ան ինչպէ՛ս կ՛ակնկալէ այս հարցը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պնդում մը կամ անձնական կարծիք եւ կամ տեսակէտ մը չէ, Ցեղասպանութիւնը բովանդակալից պատմական փաստերու վրայ հիմնուած եւ լայնատարած ձեւով փաստագրուած իրողութիւն մըն է»: Ականջ տանք նոյնպէս նախընտրական արշաւի շրջանին գործածած սա նախադասութեան. «Իբրեւ ծերակուտական` ջերմապէս նեցուկ կը կանգնիմ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին»: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը ծերակոյտի օրակարգին դրուեցաւ: Բայց Իրանի եւ Սուրիոյ հարցերուն պատճառով կրնանք վստահ ըլլալ, որ այս տարի եւս պիտի չընդունուի: Լա՛ւ, բայց տասը կամ քսան տարի ե՞տք…
Թուրքիան կարգ մը հին եւ խոր վախերու պատճառով այս հարցին որեւէ ձեւով լուծումի ճամբաներուն չէ կրցած նայիլ: Խորքին մէջ այս հարցը նկատի չառնելու քաղաքականութիւնը ինքնին շատ լուրջ հաւանական վտանգներու դուռ կը բանայ: Հայկական հարցը բաց խաղաքարտ մըն է անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիան դուրս ձգել որեւէ քաղաքական բեմէ: Երբ այս հարցը օրակարգի բերուի, նախապէս արդէն բացայայտ է, որ Թուրքիան ինչպիսի՛ հակադարձութիւն պիտի ցուցաբերէ, ի՛նչ տեսակի խօսքեր պիտի գործածէ, ինչպիսի՛ հակազդեցութիւն պիտի գործադրէ: Օրինակի համար, եթէ կ՛ուզէք, որ Թուրքիան Եւրոպայէն դուրս մնայ, պարզապէս այս խաղաքարտը ցոյց տուէք եւ տեսէք, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կը փաստէ եւրոպացի չըլլալը` իր ցուցաբերած հակազդեցութիւններով:
Երբ Սարքոզին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքը ծերակոյտին կը յղէր, վստահաբար հաշուի առած էր իրեն ի նպաստ օգտագործուելիք հայկական քուէները. սակայն, ըստ իս, ան ունէր աւելի՛ կարեւոր նպատակակէտ մը. պարզապէս Թուրքիոյ ցոյց տալիք հակազդեցութիւններով փաստել, որ ան չէր կրնար օրինակ ծառայել ո՛չ Միջին Արեւելքին, ո՛չ ալ կրնար անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան:
Բանաձեւին ֆրանսական ծերակոյտին առջեւ գալէն ետք Թուրքիոյ ցուցաբերած վերաբերումն ու հակազդեցութիւնը տեսնելով` կարելի՞ է պնդել, որ Սարքոզին յուսախաբութիւն ապրած է:
Հայկական հարցի լուծման համար արդար, մարդկային եւ գործնական քաղաքականութիւններ մշակելու Թուրքիոյ անկարողութիւնը պէտք է վերագրել անոր ունեցած խոր վախերուն: Անկասկած այս վախերուն մէկ մասը կապ ունի ինքնութեան հետ: Այս առումով, հայկական թապուն հարցականի տակ կը դնէ «թրքական ինքնութիւնը» կամ «Թուրքիոյ հիմնումի» առասպելը: Ասկէ աւելի մեծ ուրիշ վախ մըն է «պատժամիջոցի ենթարկուելու» վախը: Ես կ՛ուզեմ այս «պատժամիջոցի ենթարկուելու» վախը, այսինքն հարցին միջազգային իրաւական մասը սեղանին բերել, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս «պատժամիջոցի հարցը» լաւապէս հասկնալու պարագային պիտի կարենանք լուծումի ճամբուն վրայ կարեւոր քայլեր նետել:
Ցեղասպանութեան Հարց
1915-ին պատահածները իբրեւ ցեղասպանութիւն համարել կամ չհամարելը անիմաստ բանավէճ մըն է: Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացողութիւն մըն է, իսկ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ թէ՛ այս հասկացողութեան եւ թէ՛ Միացեալ Ազգերու Ցեղասպանութեան համաձայնագիրի (ՄԱՑՀ) ստեղծողն է, բոլոր այս բնութագրումներն ու սահմանումները պատրաստած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումի օրինակներու վրայ հիմնուելով: Թուրքիոյ «տարագրութիւն» ըսածը Լեմքին` ՄԱՑՀ-ին 2-րդ յօդուածին 3-րդ ենթաբաժանումին մէջ սահմանած է իբրեւ ցեղասպանութիւն հետեւեալ ձեւով. «Խումբի մը ամբողջութիւնը եւ կամ մէկ մասը, բնաջնջելու կանխամտածումով, կեանքի պայմանները դիտումնաւոր կերպով փոխել…»: Այսինքն ՄԱՑՀ-ի «ցեղասպանութիւն» հասկացողութիւնը ստեղծուած է 1915-ի պատահարներու ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուելով:
1915-ին Թուրքիոյ մէջ պատահածները բնութագրելու համար աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի: Տարակարծութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, թէ այսօրուան Թուրքիան ո՞ր աստիճան, ինչպէ՞ս եւ որո՞նց հանդէպ պատասխանատու է: Երկու օրինակով բացատրեմ, թէ այս տարակարծութիւնը ինչպէ՛ս կ՛իրականանայ: Առաջին օրինակը Եւրոպական Խորհրդարանի (ԵԽ) 1987 թուականի որոշումն է. արդարեւ, Եխ այս որոշումով իբրեւ «ցեղասպանութիւն» որակեց 1915-ին պատահածները եւ պահանջեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ պայման ընդունուի անոր` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Սակայն այդ նոյն ԵԽ նոյն որոշումին մէջ կ՛ըսէ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կարելի չէ պատասխանատու նկատել Օսմանեան կայսրութեան շրջանին պատահած դէպքէ մը, հետեւաբար ո՛չ օրինական, ո՛չ ալ նիւթական հատուցում կարելի է ակնկալել:
Երկրորդ օրինակն է միջազգային յարգուած կազմակերպութեան մը արժեւորումը: Միջազգային անցումային շրջանի արդարութեան կեդրոնն ալ կը մատնանշէ, որ 1948 թուականի ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան համաձայնագիրը կարելի չէ դէպի ետ գործադրել, սակայն եթէ կարելի ըլլար անոր ետ գործադրութիւնը, այդ պարագային այս համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ 1915-ի դէպքերը պէտք է ընդունիլ իբրեւ «ցեղասպանութիւն»:
Բնութագրութեան պարագան այսպէս է. լա՛ւ, որեւէ միջազգային արդարադատ մարմին մը հիմնուելով ՄԱԿ-ի համաձայնագիրին եւ կամ որեւէ տարբեր համաձայնագիրի վրայ` կրնա՞յ Թուրքիոյ պարտադրել հողային կամ նիւթական հատուցում տալ : Այս հարցին պատասխանը յաջորդ յօդուածիս մէջ մէկ առ մէկ պիտի տամ:
Առաջին հերթին նշեմ, որ «հողային» հարցով ո՛չ մէկ իրաւական բանավէճ կայ: Որքան որ ալ Հայաստան չէ ճանչցած 1921 թուականի Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրները, Հայկական հարցով Թուրքիայէն հող պահանջելու ո՛չ մէկ միջազգային իրաւական մեքանիզմ գոյութիւն ունի: Այս նիւթին շուրջ ո՛չ մէկ բանավէճ կայ: Յաջորդ գրութեանս մէջ պիտի քննարկեմ հատուցումի հարցը, եւ թէ Թուրքիան իրաւական գետնի վրայ ինչե՛ր կրնայ ընել` լուծում մը գտնելու համար Հայկական հարցին:
ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ
«Ռատիքալ»
9-4-12
Հայացուց
Գ. Կ.

