Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակ. Այնթուրայի Որբերուն…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Միեւնոյն վայրին մէջ՝ Այնթուրայի որբերը 1915-16ին եւ ԼՕԽ-ականները 16 ապրիլ 2012-ին։

Նախորդ շաբաթասկիզբին կարծեմ խայտացին ձեր հոգիները, նախորդ շաբաթասկիզբին կարծեմ զգացիք տարբեր շունչի մը ներկայութիւնը ձեր շուրջ, նախորդ շաբաթասկիզբին կարծեմ գուրգուրանքի եւ սիրոյ շողով շոյուեցան ձեր հոգիները…

Բնական է, որ նման զգացումներ ունենայիք, որովհետեւ շուրջ 500 մայրեր ու քոյրեր եկած էին ձեզի այցելելու, եկած էին իբրեւ ձեր թրքացման կեդրոն ծառայած դպրոցին ծանօթանալու, տեսնելու, թէ սիրունիկ հայ աղջիկներ ու տղաք ո՛ւր նկարուած էին Ցեղասպանութեան ճարտարապետներէն Ճեմալ փաշայի եւ ձեր թրքացման աշխատանքներուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Հալիտէ հանըմի հետ, ո՛ւր բազում չարչարանքներու ենթարկուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութենէն փրկուելէ ետք, ո՛ր սենեակներուն մէջ ձեր դիմաց դատարկ ամաններ շարուած էին եւ դուք դատարկ ստամոքսներով փորձած էիք քունի անցնիլ: Դո՛ւք, որ ամբողջովին զրկուեցաք
հայ մայրերու ու քոյրերու սէրէն ու գուրգուրանքէն, առիթ ունեցաք հաղորդուելու հարիւրաւոր մայրերու հետ, ձեզի նկատմամբ մեծ սէր ու խոր յարգանք, ակնածանք ու ամենայն գուրգուրանք ունեցող կիներու հետ, որոնք չէին զլանար ձեզմէ իւրաքանչիւրին մայրը ըլլալ, եթէ իրենց այդ առիթը տրուէր, չէին զլանար ձեզի գուրգուրալու եւ ձեզի նկատմամբ գործուած անարդարութեան փոխարէն` արդարութիւն տնօրինելու, տալու իրենց հոգիէն ու կեանքէն նոյնիսկ:

Դուք արժանի էք ամէն տեսակ բարութեան, լաւ վերաբերումի, մայրական սիրոյ…

Դուք սովորական մանուկներ չէիք, նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու վերապրելով այս կամ այն երկիրը հասած մանուկներ չէիք, այլ`  շատ աւելին: Ձեր սիրելիներուն սպանդը տեսնելէ, ձեր աչքերուն կուրնալը մաղթելէ ետք, 1915-1918 թուականներուն ա՛յդ քոլեճին մէջ «ապաստան» գտնելով` ենթարկուած էիք թրքացման քաղաքականութեան, ձեր անունները փոխուած էին, իր ինքնութեան կառչիլ փորձողներդ չարչարուած էիք, ձեզմէ շատեր անօթութեան պատճառով մահացած էին, իսկ ողջերը, ինչպէս կը վկայէ Գառնիկ Բանեան, իրենց մահացած ընկերներուն ոսկորներով սնած էին…

  1. «Գիշերը գայլաշուներն ու վայրի շուները հողը փորելով` դուրս կը հանէին անոնց ոսկորները եւ ասդին անդին կը նետէին… Գիշերը պզտիկներ կը սողոսկէին մօտակայ անտառները` խնձոր կամ որեւէ տեսակի պտուղ գտնելու համար եւ անոնց ոտքերը կը հանդիպէին այդ ոսկորներուն: Անոնք իրենց հետ կը բերէին այդ ոսկորները եւ իրենց սենեակները հանելով զանոնք` գաղտնաբար կ՛աղային անոնցմով ապուր պատրաստելու համար կամ հատեղէններու հետ կը խառնէին զանոնք, որպէսզի ուտեն, տրուած ըլլալով, որ բաւարար կերակուր չկար որբանոցին մէջ: Անոնք կ՛ուտէին իրենց մեռած ընկերներուն ոսկորները», կը գրէ Բանեան:

    ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքի նախաձեռնութեամբ կառուցուած որբերուն գերեզմանը, Զաւէն Կոշտոյեանի յղացած խաչքարը եւ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակը

Ձեր չարչարանքին մասին միայն այդ չարչարանքի բովէն անցնողները չէին պատմեր: Վարժարանի արխիւները օգտագործելով, Էմիլ Ճոփին` Այնթուրայի Լազարեան վարժարանի գլխաւոր վարդապետը, վարժարանի 1947-ի տարեգիրքին մէջ գրած էր. «Հայ որբերը իսլամացուեցան, թլփատուեցան եւ անոնց տրուեցան արաբական կամ թրքական նոր անուններ: Անոնց անուններուն մէջ պահուեցան անոնց մկրտութեան անուններուն առաջնատառերը: Այդպիսով, Յարութիւն Նազարեանին տրուեցաւ Համետ Նազիհ անունը, Պօղոս Մերտանեանը եղաւ Պեքիր Մոհամետ, Սարգիս Սաֆարեանին տրուեցաւ Սաֆուատ Սիւլէյման անունը: Ամէն հետք եւ կարելի եղածին չափ ամէն յիշատակ այդ մանուկներուն հայկական կամ քրտական անցեալէն` պէտք էր ոչնչացուէր: Թրքական անուններ նշանակուեցան եւ մանուկներուն պարտադրուեցաւ կատարել իսլամական կրօնական օրէնքներու եւ աւանդութեան ծէսերը… Արտօնուած չէր արտասանել որեւէ հայերէն կամ քրտերէն բառ: Ուսուցիչները եւ վերահսկիչները զգուշօրէն մարզուած էին մանուկներուն կեանքերուն մէջ թրքական գաղափարներ եւ սովորութիւններ մտցնելու մէջ, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր կերպով կ՛ուսուցանէին… թուրք ցեղին վարկին մասին»:

Ձեր սարսափելի չարչարանքին լաւատեղեակ շուրջ 500 ԼՕԽ-ականներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ողջունելի նախաձեռնութեամբ, աննախընթաց տարողութեամբ մայրութիւն եւ այսքան մեծ թիւով կիներու սէր բերած էին ձեզի մատուցանելու:

Անոնք չէին եկած լոկ տեսնելու եւ ծանօթանալու, անոնք եկած էին յարգելու ձեր յիշատակը, եկած էին արցունքով լի աչքերով, եկած էին մոմ վառելու եւ խունկ ծխելու ձեր շիրիմին վրայ: Անոնց համար որքան սարսափելի էր ձեր պատմութիւնը լայնօրէն լուսարձակի տակ առնողը Միսաք Քելեշեանին տուած բացատրութիւնները, որքան յուզիչ էր ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքին նախաձեռնութեամբ ըստ արժանւոյն կառուցուած ձեր գերեզմանին, խաչքարին յուշաքանդակին առջեւ խոնարհած աղօթելը, որքան մեծ էր անոնց փափաքը ձեր զրկանքներուն ու չարչարանքներուն փոխարէն սէր տեղացնելու, իրենց գիրկը առնելու ձեզ եւ փսփսալու. «Քուն եղէք հայ բալաներ, դուք ապահով ձեռքերու մէջ էք»:

Հանգիստ ննջեցէք հայ մանուկներ, դուք, որ պատանի ըլլալու առիթ չունեցաք, թէեւ շատ դաժան պայմաններու մէջ աւանդեցիք ձեր հոգին, բայց ձեր հոգիին շողերը իբրեւ պատգամ այսօր կը հասնին բոլորին ու բոլորը կը բերեն ձեզ մօտ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES