Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակ. Հողը

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

«Թուրք ըլլալը պատիւ է, երանի թուրք եմ ըսողին»:

Ուշադրութիւնս գրաւող առաջին բանը մաքսատան պատին արձանագրուած այս յայտարարութիւնը եղաւ, երբ գնացքը դուրս ելաւ սուրիական հողէն ու կանգ առաւ Թուրքիոյ սահմանագլուխը:

Թուրք ըլլալո՜ւ պատիւը:

Առաջին տպաւորութեան ստեղծած անմիջական հակազդեցութիւնը մեղմեցի քիչ մը, քիչ մը հանդարտեցուցի ինքզինքս, մեր պատմութեան, բանաստեղծութեան, գրուած ու չգրուած յուշերուն ակօսով մէջս կուտակուած ապրումներէն կրկին անջատեցի յայտարարութիւնը, բայց դարձեալ անկարելի եղաւ ինծի խարիսխ մը տալ «Պատիւին», ըմբռնել անոր մղիչ ուժը:

Ի՞նչ ունի այս ժողովուրդը, կ՛ըսէի ինքզինքիս, ի՞նչ տուած է մարդկութեան, ի՞նչ կրցած է տալ ինքն իրեն, որ ազգային պատկանելիութիւնը հպարտութեան վերածելու քաջութիւնը հասկնալի դառնար: Գիտնակա՞ն մը ընծայած է գիտական աշխարհին, համամարդկային ապրումներ անձնաւորող գրագէ՞տ մը, երաժիշտնե՞ր, նկարիչնե՞ր, ճարտարապետնե՞ր: Ի՞նչ: Մարդկութեան երջանկութեան նուիրուած մարգարէաշունչ մա՞րդ մը կայ իր պատմութեան մէջ, կրօ՞նք մը ստեղծած են թուրքերը, սրբութեան մը համար զոհե՞ր տուած են, ի՞նչ երազ բերած են իրենց հետ, ի՞նչ տեսիլ, ի՞նչ տենչ, ստեղծագործ ի՞նչ շունչ, որ թուրք ըլլալը կարենային պատիւ համարել իրենք եւ իրենց պատիւը չդժուարանայինք ըմբռնել մենք:

Գնացքը կը սուրայ` անցնելով կիրճերէ, փապուղիներէ ու դաշտային ընդարձակ տարածութիւններէ:

Ուրիշ ու մռայլ աշխարհի մը մէջ կը գտնուիմ այլեւս, ուրիշ ու չոր հող մը կը տարածուի դիմացս, ուրիշ ու չոր մարդեր կ՛ուրուանան աչքերուս առջեւ: Չոր, չար, չարաշո՜ւք կերպարանքներ: Հետզհետէ կը ճանչնամ զիրենք, հետզհետէ արիւնս կը պղտորի, հետզհետէ սիրտս թունդ կ՛ելլէ:

Այս հողին վրայ էր, հո՛ս, ա՛յս հողին վրայ, որ աշխարհը ճանչցաւ աշխարհի ամէնէն սեւ արարքներէն մէկը, հո՛ս, այս հողին վրայ կատարուած արա՛րքն էր, որ չճանչցա՜ւ աշխարհը…

Այստեղէն անցած էր, տարուած էր Հալէպ, Հալէպէն անդի՜ն, ու կեանքէն անդին հայ իմացականութեան գերագոյն արտայայտութիւններէն մէկը, իր ազնուազարմ ընկերոջ հետ:

Այս խանձուած անապատներէն խանձուելով անցած էին մահուան կարաւանները, իւրաքանչիւրը բան մը ձգելով հոս, շարունակ նահատակ, շարունակ արիւն, շարունակ արցունք` ու շարունակած խաչի ճամբան:

Այս հերոսութիւններուն վրա՞յ արդեօք խարսխած են թուրքերը պատուոյ իրենց զգացումը: Ո՜վ գիտէ: Ուրիշ ի՞նչ հերոսութիւն, մեծագործութեան ուրիշ ի՛նչ պատմութիւն կրնան փոխանցել այս մարդերը իրենցմէ սերածներուն, ուրիշ ինչո՛վ կրնան հպարտանալ, բարձրացնել իրենց թրքութեան թո՛ւրք որակը:

Կը նայիմ դուրս եւ նոյն բաները կը տեսնեմ ամէն տեղ: Բոլոր երեւոյթները նոյն բաները կը յիշեցնեն ինծի: Նոյն տեսարանները կը բացուին աչքերուս առջեւ: Կ՛ուրուագծուի հազար մանրամասնութիւն, կը բացուի հազար վէրք: Բռնավարուած, բռնաբարուած, անօթի ու մերկ, հազարախոց ու հազարաւոր այդ բազմութիւնը չտեսնելու համար դարձեա՛լ կը գոցեմ աչքերս, բայց չեմ յաջողիր մոռնալ` մոռնալ ուզած տեսարաններս: Պատկերները աւելի կը յստականան մտքիս մէջ ու թեթեւնալու համար հոգիս կը սկսի Աստուծոյ կտակարաններուն անհաշտ աղօթքի մը…

Առտուն իրիկուն եղաւ ու թուրք, իրիկունը առտու եղաւ` ամէնուրեք թրքութիւն, գնացքը կը շարունակէ ու շարունակ թուրք: Սեւ յուշ է ամէն տեղ, սեւ անդրադարձ, սեւ յաճախանք, սեւ վերապրում, ու մղձաւանջ ու կրկին ջղայնութիւն:

Ասո՞նք էին, կ՛ըսեմ գեհենական աղօթքս շարունակելով, ասո՞նք, ա՞յս մարդիկը, այս մարդոց հայրե՞րն էին, որ յօշոտեցին անմեղ ու անպաշտպան մեր ժողովուրդը:

Մեռեալ աչքերով մեզի նայող այս տղուն հա՞յրն էր, որ փշրեց Զօհրապի գանկը:

Երկու ոսկոր ու կտոր մը դեղին կաշի այս ծերունի՞ն էր, որ քրքջաց մեր հեթանոս ու արու քնարահարին երկարատեւ հոգեվարքին ի տես:

Քարայրի մարդը յիշեցնող երերուն այս թշուառութի՞ւնն էր, որ խեղդեց Սուրբ Մեսրոպի մեսրոպաշունչ երգչին վերջին շունչը:

Ասո՞նք էին, ասո՞նք, առաւօտեան հրաշափառ արեւին տակ աներազ աչքերով խումբ-խումբ ծուլացող այս ուրուականնե՞րը, որ եաթաղան բարձրացուցին Սեւակին ու Երուխանին, Զարդարեանին ու Հրանդին, Բարսեղեանին ու Խաժակին, Ակնունիին ու Շահրիկեանին, մեծերու դասին, մեծութիւններուն, մեծութիւններու ծնունդ տուող մեծագործ ցեղին:

Կատաղութիւն մը կու գայ վրաս, երբ զոհերն ու դահիճները քով քովի կը բերեմ: Կարծես ջղագար կը դառնամ, կը մթագնի ուղեղս եւ լայն ու նոր աշխարհներու կարօտով ճամբայ ելած հոգիիս համար կարծես աշխարհը կը նեղնայ աւելի, աւելի՛ անտանելի կը դառնայ, շատ մը արժէքներ կը փոշիանան մէջս, կասկածելի կը դառնայ ամէն ուժ, ամէն զօրութիւն:

Կը նայիմ իրենց, իրենց թրքութեամբ հպարտ այս թուրքերուն ու երբեմն, Օ՜, ներեցէ՛ք, երբեմն այնպէս կը թուի ինծի, որ նահատակները այնքան ափսոսալի չե՜ն, որքան անտանելի են անոնց վրայ բարձրացած այս անարժան բազուկները: Կը նայիմ իրենց ու կ՛ամչնամ կարծես: Կը պզտիկնամ, կը փոշիանամ կարծես: Նահատակուէի՜նք, կ՛ըսեմ ինքզինքիս ու ատամներս կճրտելէն, նահատակուէինք, եթէ գրուած էր այդպէս, բայց գոնէ ուրիշ մը ըլլար մեր դահիճը:

Ուրիշներ ստանձնէին դահիճի այս պաշտօնը, իրենց մտքին մէջ սարքելէ ետք մեր դժոխքը, վառէին նաեւ անոր եղերական կրակը, իրենք բարձրացնէին խաչը, իրե՛նք` աջին ու ձախին նրբօրէն ժպտացող քաղաքակրթութեան այդ նրբին պոռնիկները, իրե՛նք` խաչակիր այդ փղշտացիները:

Ուրիշ մը, գոնէ ուրիշ մը ըլլար դահիճը, «Լինել չլինել»-ու ահաւոր երկընտրանքը ապրող Շէյքսփիրի ժողովուրդը վճռէր մեր ահաւոր չլինելը, կ՛ըսեմ դառնութեամբ:

«Կարմիրը եւ սեւը» ճարտարապետող Սթանտալի ժողովուրդը վիճակէր մեզի այս թանձր սեւը:

«Ոճիր եւ պատիժ»-ի դաժան գեղեցկութիւնը ստեղծող վիթխարի գրագէտին դաժան ազգը գործէր այս դաժա՛ն ոճիրը:

Թող Կէօթէի ժողովուրդին Մեֆիսթոֆէլները ըլլային մեզի դէմ արշաւանքի ելած մեֆիսթոֆէլները:

Թող իրենց ագռաւները արձակէին մեր վրայ հանճարեղ «Ագռաւ»-ին հանճարեղ երգը երգող մեծ բանաստեղծի՛ն ժառանգորդները:

Տանթէի ժողովուրդը սարքէր թող տանթէակա՜ն այս դժոխքը:

Ուրիշ մը ըլլար, ուրիշ ազգ մը վերջապէս, որուն հետ կարելի ըլլար այս սեւ երազին հետ պայծառ երազ մը յիշել, գեղեցիկ արարք մը թուելը դժուար չըլլա՜ր, դժուար չըլլար իմացական նոր կալուածի մը գիւտով խանդավառուիլ:

Արդարեւ, Հոմերոսին հետ գլուխ գլխի անցուցած ժամերուս` խռովա՞ծ են երբեք զիս բիւզանդական մեծ դաւադիրներուն մռայլ ստուերները: Ցնորական Զրադաշտին կամ տենդայոյզ Խայեամին հետ անցուցած պահերուս` լսա՞ծ եմ երբեք պարսիկ բանակներուն մահասարսուռ ձայները: Ասորեստանի խռովարար թագուհիին հեղեղային սէրը երազած ատենս` մտածա՞ծ եմ բնաւ Ասորեստանի կազմակերպած հեղեղային արշաւանքին մասին:

Կը յիշեմ, կը դատեմ, կը մոռնամ շատ բան, շատերը:

Այլ ինչպէ՞ս մոռնամ Ճէնկիզ Խանն ու իր ժառանգորդները, Լենկ-Թիմուրն ու իր յաջորդները, ոճիր յղացող եւ միայն ոճիր գործադրող այս թուրքերը ինչպէ՞ս մոռնամ:

Կը նայիմ չորս դիս, կը ջանամ վանել ինձմէ ամէն յաճախանք, քստմնելի ամէն դէմք: Աղմուկի մը սփոփարար կարօտը կը զգամ հոգիիս մէջ, աղմուկի մը մէջ ամէն ինչ մոռնալու կարօտ մը կը վառի մէջս, եռուզեռի մը պէտք ունին աչքերս, այլ ամայութիւն կը տեսնեմ միայն, երկունք չունեցող հող միայն, մրգաստան չունեցող տարածութիւն միայն:

Կը նայիմ ընդարձակ այս դաշտերուն եւ կը յիշեմ թուրք թերթերէն յորդող թշուառութեան ընդարձակ զեկուցումները: Փշրանքներու կարօտ այդ բազմութեա՞ն կը պատկանի փխրուն այս հողը: Այսքան հող ունին եւ ամայութի՞ւն կը հնձեն: Այսքան հող ունին եւ ո՞ղբ կը խմբագրեն:

– Կրնա՞ր տարբեր ըլլալ միթէ, կրնա՞ր տարբեր ըլլալ,- կ՛ըսէ ձայն մը ներսէս,- ի՞նչ երազ տեսած է այս հողը, որ ուժ դառնար: Բարիքի փոխակերպուող ի՞նչ քրտինք հոսած է իր երակներուն մէջ: Իր կողերը բացած է ստեղծագործ ո՞ր կիրքին առջեւ, որ բեղմնաւորուէր ու ծաղիկ դառնար, միրգ դառնար ու ծիծաղ ու երգ:

Արգասաւոր բրիչէն, խոփէն աւելի ոսկոր տեսած հող: Քրտինքէն աւելի արիւն ծծած հող: Երգէն աւելի հառաչանք շնչած հող: Ու նոյն հողին վրայ նոյն հողին պէս մարդեր, իրենց սեւ հեղինակութիւններուն ետին երեւակայուած աներեւակայելի տիպարներուն վաւերական ներկայացուցիչները:

Կը նայիմ իրենց ու մեռելներուն փոխարէն մնացորդացին մենամարտը կը յիշեմ այս անգամ ու սիրտս կ՛ողողուի իր կարօտած աղմուկով: Հոգիս կրկին կը վերադառնայ կեանքին, երբ կը յիշեմ մեր հերոսները, մեր ֆետայիները: Կը յիշեմ հայրս ու կը հրճուիմ դարձեալ: Հօրս եւ կամաւորական բանակին կորիզը կազմող ծննդավայրիս միւս տղաքը, որոնք հետզհետէ աճեցան հեռուն եկող, աշխարհի չորս ծագերէն եկող վրէժխնդիր նոր դէմքերու թիւերով, բանակ դարձան հետզհետէ, ամեհի մրրիկ դարձան, փոթորիկի պէս անցան այս հողերէն, ու սարսափ դարձան թշնամիին, յորս տուին յուսահատ ապրողներուն եւ շունչ տուին մեր նոր պատմութեան շնչահեղձ էջերուն:

Վրէժի մէջ մկրտուած ու թուրք արեան ծարաւած, Օ՜, հրաշալի այդ տղաքը, հայկական այդ արու բանակը, որ հզօր խռովքով մը իջաւ Նազովրեցիին երկիրը ու նոր ուժի մը հաւատքը սրտին, ու նոր ուխտով ու նոր շարականով մը բարձրացաւ Արարա լեառն ի վեր ու վար բերաւ ու ծունկի բերաւ դարաւոր ոսոխը, հալածեց մինչեւ հոս, ծակամոյծ ըրաւ ի՛ր տան մէջ:

Յաղթանակի ձայն մը կայ այս հողերուն վրայ, որ կ՛արձագանգէ մէջս: Յագեցած վրէժ մը, որ կը լուսաւորէ սիրտս, կարելիութիւն մը, որ կը բեղմնաւորէ երազս:

Հայհոյելէ յոգնած, ջղայնանալէ սպառած ու առանց վէրքի արիւնաքամ եղած անցորդը, որ ես եմ` ձեր յիշատակին մէջ վերանորոգուած կը շարունակեմ ընթացքս թշնամի այս ճամբաներէն: Օ՜, արեւելեան բանակի արեւաբո՛րբ քաջեր, շարունակեցէք ձեր երթը, աղմկեցէ՛ք կրկին, որոտացէք արիւնիս մէջ «որոտման որդիները» քաջազարմ ազգին, որպէսզի ուրիշ ձայն չլսեմ, ուրիշ յաճախանք չունենամ, չպղտորի՛մ կրկին, ապրի՜մ, ըլլա՛մ…

 

Share this Article
CATEGORIES