Ճատրակ. Արոնեան – Քրամնիք` 1,5 – 0,5
Շաբաթ, 21 ապրիլին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) սկսաւ Լեւոն Արոնեան – Վլատիմիր Քրամնիք ճակատումը:
Հակառակ անոր որ Արոնեան սեւ քարերով կը մրցէր Քրամնիքի դէմ, սակայն հայրենի վարպետը իր կատարած առաջին մրցումին յաղթելով իր մրցակիցին 1-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն:
Անոնց միջեւ երկրորդ մցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Արոնեան այժմ ունի 1,5 կէտ, իսկ Քրամնիք` կէս:
Երէկ հանգիստի օր էր: Անոնց միջեւ 3-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր: Անոնց միջեւ 6-րդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 ապրիլին:
CATEGORIES Մարզական


