Էն. Պի. Էյ. Յաղթանակ Մը Եւս Եւ Սփըրզ Արեւմտեան Շրջանի Առաջին Դիրքը Պիտի Ապահովէ

Էն. Պի. Էյ.-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած ճակատումներուն, Սան Անթոնիօ Սփըրզ, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 114-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Ատիկա նկատուեցաւ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Սփըրզ ինքնավստահօրէն փլէյ-օֆի մրցումներուն պիտի սկսի` գրաւելով Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը:

Մինչ Սփըրզ յաղթանակ արձանագրեց, անդին անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի երկարաձգման ընթացքին 114-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, հակառակ անոր որ Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 35 կէտ: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 26 կէտ:

Սակայն երէկուան մրցումներուն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց ամէնէն շատ կէտը (39), երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, 113-112 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս 113-112
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի 114-106
Տիթրոյիթ Փիսթընզ –  Թորոնթօ Ռեփթըրզ 76-73
Մայեմի Հիթ – Հիուսթըն Ռոքեթց 97-88
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շարլոթ Հոռնեթց 114-88
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 93-88
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 114-98
Տենվըր Նակեթց – Օրլանտօ Մեճիք 101-74
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Օրլինզ 107-98

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES