Անգլիական Ֆութպոլ. Վուլվզ Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումին, Վուլվզ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Մանչեսթըր Սիթիէն, հանդիսացաւ Փրեմիեր լիկի առաջին խումբը, որ փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:

Անոր հետ Ա. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ են նաեւ Պոլթըն (30 կէտ), Պլեքպըրն (31), Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ եւ Ուիկըն (34-ական կէտ): Վուլվզ ապահոված է 23 կէտ:

Վուլվզ, որ վերջին երեք տարեշրջաններուն կրցաւ գոյատեւել բարձրագոյն դասակարգին մէջ, մարզիչ Միք Մաքարթիի պաշտօնազրկումէն (նախորդ փետրուարին) եւ անոր օգնականին` Թերի Քանըրի մարզիչ նշանակումէն ետք իր կատարած վերջին տասը մրցումէն ապահովելով միայն երկու կէտ, վերջին մէկ ամիսը ամրօրէն կառչած կը մնայ վերջին դիրքին:

Share this Article
CATEGORIES