Մխիթարեան Արդէն Իսկ Ստացաւ Իր Հրաւէրը

Հենրիխ Մխիթարեան

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յառաջիկայ 25 մայիսէն 6 յունիս իր կատարելիք ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում:

31 մայիսին Աւստրիոյ մէջ Հայաստան իր ուժերը պիտի չափէ Յունաստանի հետ, իսկ 5 յունիսին իր սեփական դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանը:

Հայաստանի հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն իսկ հրաւիրուած է միանալու կազմին: Այս լուրը կը հաստատէ անոր ակումբը` յայտարարելէ ետք, որ այս գծով ստացած է պաշտօնական նամակ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES