«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Չելսի. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պայէրն
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը, պիտի ըլլան շատ ճակատագրական եւ կարեւոր, մանաւանդ երթի մրցումները պարտութեամբ աւարտած կազմերուն համար:
Այսօրուան մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պարսելոնան եւ Չելսին: Պարսելոնա, որ երթին Լոնտոնի մէջ անգլիական կազմէն 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակի մը կարիքը ունի` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը:
Իսկ վաղուան մրցումին Ռէալ Մատրիտ, որ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, երթին Գերմանիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը պիտի ըլլայ ի նպաստ սպանական կազմին, որ պիտի օգտուի օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:
Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

