Վարչապետ Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրի Յատկապէս` Թրիփոլիի Ապահովական Վիճակը

Եւրոպական Միութեան դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին Պելճիքայի եւ Պրիւքսէլի մէջ Էխհորեսթի հանդիպումներու մանրամասնութիւնները:

Նախքան այդ հանդիպումը, վարչապետ Միքաթի ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:

Միւս կողմէ, Միքաթի շարունակեց քննարկել Թրիփոլիի Ապի Սամրայի միջադէպին հետեւանքները` կոչ ուղղելով պատկան կողմերուն զուսպ ըլլալու եւ չկրկնելու պատահարը: Այս գծով վարչապետը կապի մէջ մտաւ նաեւ Իսլամական Թաուհիտ շարժումի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Պիլալ Շաապանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES