«Նախարարը Լիազօրուած Չէ Հաղորդակցութեանց Տուեալները Փոխանցելու» Յայտարարեց Նախարար Սահնաուի
«Տեղեկութեանց հետապնդման եւ փոխանցման նոր հոլովոյթ մը պիտի որդեգրուի», յայտարարեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդին որոշումով, (հաղորդակցութեան միջոցներու) նախարարը լիազօրուած չէ հաղորդակցութեանց տուեալները փոխանցելու, այլ այդ մէկը վերապահուած է դատական խորհուրդին:
Տըպպայէի «Սաութ Լուպնան» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Սահնաուի յայտնեց, որ 2013-ի ընտրութիւններուն ինք թեկնածու է Էշրեֆիէի շրջանէն, մինչ մնացեալ թեկնածուներու անունները կը ճշդէ զօր. Միշել Աուն:
Միւս կողմէ, Սահնաուի իր զօրակցութիւնը յայտնեց համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին` մերժելով Ուղղափառ հանդիպումի առաջարկած օրէնքը, որ վերջ կու տայ կուսակցութեանց դերակատարութեան` առաւել եւս ամրապնդելով համայնքային դրութիւնը:

