Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՑՆՈՂ յունուարէն ի վեր չորրորդ դէպքն ըլլալով` Սուրի բնակիչները երէկ առաւօտ արթնցան «Նոշըն» ճաշարանի ականահարումի լուրով: Պայթումը նիւթական մեծ կորուստներու կողքին նաեւ պատճառ հանդիսացած էր երկու հոգիի վիրաւորուելուն:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ հերքեց, թէ ստորագրած է վառելանիւթի նոր սակագիներուն ցուցակը: «Այդ մէկը վերապահուած է նախարար Ժպրան Պասիլի փոխանորդ Մոհամետ Ֆընէյշին եւ ոչ ինծի», յստակացուց Սաֆատի:
ԱՆՑՆՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ընթրիքի երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ` ի պատիւ ուժանիւթի եւ վառելանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլի, ներկայութեամբ լիբանանցի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ծագումով լիբանանցի Տընիս Զէյն յուշանուէրով մը պատուեց նախարար Պասիլը:
ՊԱԼԼՈՒՆԷԻ բնակիչներ անակնկալի մատնուեցան կիրակի առաւօտ, երբ եկեղեցիէն տունդարձի պահուն նկատեցին, որ հաւատացեալներէն երեք բնակիչներու ինքնաշարժները կոտրտուած են անծանօթներու կողմէ: Ամիս մը առաջ նմանօրինակ դէպք մը եւս պատահած էր նոյն շրջանին մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Մուխայպեր կիրակի օր մեկնեցաւ Փարիզ` մասնակցելու համար ժողովրդավարութեան շուրջ համագումարի մը: Այս առիթով, Մուխայպեր խօսք պիտի առնէ` բանախօսելով խորհրդարանական ժողովրդավարութեան մասին:

