Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութեան Նախնական Արդիւնքներու Արտահոսքին Շուրջ Հետաքննութիւն

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փարիզի դատախազութիւնը նախագահական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն ժամանակէն առաջ հրապարակումին շուրջ հետաքննութեան սկսած է: Իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են ԱՖՓ-ն եւ պելճիքական երկու լրատու գործակալութիւններ, զուիցերիական օրաթերթ մը, նորզելանտական կայքէջ մը, ինչպէս նաեւ պելճիքացի լրագրող մը:

Մասնաւորաբար` դատախազութիւնը այն կասկածը ունի, որ նշեալ լրատուամիջոցները 1977-էն ի վեր գործող օրէնքը խախտած են: Օրէնքը կ՛արգիլէ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու քուէարկութեան աւարտէն առաջ հրապարակումը:

Եթէ լրատուամիջոցները մեղաւոր ճանչցուին, անոնք 75 հազար եւրօ տուգանքի պիտի ենթարկուին: Գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի քննադատած է նշեալ օրէնքը` զայն նկատելով հինցած եւ ներկայ իրականութեան չհամապատասխանող:

Ըստ քուէներու 99 առ հարիւրի հաշուարկման արդիւնքին, Ֆրանսուա Հոլլանտ ապահոված է քուէներու 28.63 առ հարիւրը, Սարքոզի` 27.18 առ հարիւրը, Մարին Լը Փեն` 17.9 առ հարիւրը, Ժան Լիւք Մելանշոն` 11.11 առ հարիւրը, Ֆրանսուա Պայրու` 9.13 առ հարիւրը, Էւա Ժոլի` 2.31 առ հարիւրը, Նիքոլա Տիւփոն-Այնան` 1.79 առ հարիւրը, Ֆիլիփ Փաթու` 1.15 առ հարիւրը, Նաթալի Արթօ` 0.56 առ հարիւրը, Ժաք Շեմինատ` 0.25 առ հարիւրը:

Ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 20.53 առ հարիւրը չեն մասնակցած ընտրութեան:

Նշենք, որ ընտրութեան առաջին հանգրուանի աւարտէն ետք, Ֆրանսայի մէջ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ Հոլլանտ 6 մայիսին քուէներու 53-56 առ հարիւրը ստանալով յաղթանակ պիտի արձանագրէ:

Share this Article
CATEGORIES