«Սուրիոյ Ճակատագիրը Պէտք Է Սուրիացիները Ճշդեն» Կ՛Ըսէ Մոսկուա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտեր տեղակայելու Ռուսիոյ առաջարկած բանաձեւին որդեգրումը այդ երկրին մէջ խաղաղ լուծումի հոլովոյթի ընթացքին համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ներկայ հանգրուանին դէտերու առաքելութիւնը տագնապի երկու կողմերը այդ որոշումի կէտերը գործադրելու մղելն է, «մասնաւորաբար` զինեալ բռնարարքներու դադրեցումը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սուրիոյ ճակատագիրը պէտք է սուրիացիները ճշդեն, իսկ արտաքին դերակատարները պէտք է բազմակարծութեան հիմամբ ժողովրդավարական վարչակարգի հաստատման նպատակով քաղաքական երկխօսութեան սկսելու համար սուրիացիներուն օժանդակեն:
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «հետզհետէ յաւելեալ փաստեր ի յայտ կու գան, որ ծայրայեղական իսլամականներ կը ջանան զինուորական գետնի վրայ ղեկավարել այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական աւելի մեծ ազատութիւններ ապահովելու համար ոչ գաղափարաբանական ըմբոստութեան սկսաւ»: Գործիչներ օրաթերթին յայտնած են, որ գոյութիւն ունի իսկական վտանգ մը, որ ներկայ կացութիւնը ընդդիմադիրները մղէ դէպի ծայրայեղականութիւն:
Օրաթերթը կը նշէ, որ վերջին շաբաթներուն միջազգային ժիհատական շարժումներու պատկանող հետզհետէ աւելի մեծաթիւ ծայրայեղական իսլամականներ ընդդիմադիրներու կեդրոնները կը հասնին եւ կը փորձեն զայրացած բնակչութեան զօրակցութիւնը ապահովել:
Եւրոպական Միութիւնը երէկ որոշեց սուրիական վարչակարգին դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել: Անոնք արգիլեցին ընտրեալ, ինչպէս նաեւ ցուցարարները ճնշելու համար օգտագործուող նիւթերու Սուրիա արտածումը:

