Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
Կիրակի, 22 ապրիլ 2012-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզին մէջ բացատրեց, որ Ս. Յարութենէն ետք քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ իւրաքանչիւր կիրակիի անուն մը տրուած է: Այս կիրակի Կանաչ կիրակի կամ Աշխարհամատրան կիրակի կը կոչուի: Սրբազանը հաստատեց, որ Ս. Յարութիւնը հրաշափառ դէպք մըն էր, որ աննախընթաց եւ աներեւակայելի էր, հակառակ անոր որ աշակերտները լսած էին, թէ ինչե՛ր պիտի պատահին:
«Յարութեան հրաշքը եւ պատահած իրականութիւնը նոր էջ մը բացաւ մարդկութեան դիմաց: Նոր աշխարհ, նոր կեանք, նոր սկիզբ… եւ այդ նոր իրականութեան մէջ ապրելու հրաւիրուած էին քրիստոնեաները», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ հաւատքի էութեան վրայ միացած ժողովուրդը սկսաւ իր նոր կեանքը եւ եղաւ եկեղեցին:
«Աշխարհամատուռ բառը առաջին եկեղեցւոյ տօնն է, երբ հիմնուեցաւ եկեղեցին եւ քրիստոնեաններու հաւաքական կեանքը սկսաւ` հիմնուած հաւատքի վրայ», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը ընդգծեց, որ Աշխարհամատրան կիրակին մենք կը տօնենք մեր եկեղեցի ըլլալու, հաւաքականութիւն ըլլալու, միասնաբար մասնակցելու եւ անհատ չըլլալու տօնը, միասնական ամբողջութիւն ըլլալու տօնը:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Ապա Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Բարմաքսզեան:
Ան նկատել տուաւ, որ այս տարուան ընթացքին աւելի եւս զարկ տրուեցաւ շրջանի կարիքաւորներու օգնութեան ձեռք երկարելու հոլովոյթին, դպրաց դասի վերակազմաւորման եւ աշխուժացման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարեզարդման: Ան հաստատեց, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները եկեղեցւոյ զաւակներուն կը ջամբեն հոգեւոր դաստիարակութիւն` ընդարձակելով իրենց կազմակերպած հոգեւոր լսարաններու գործունէութեան շրջանակը:
Իր կարգին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցին եւ հայ ազգը առաջին օրրաներն են մեզի համար, եւ իբրեւ թանկագին արժէք` եկեղեցւոյ ծիրին մէջ կ՛իյնան նաեւ մեր մշակութային, պատմական, աւանդական եւ բարոյական արժէքները, որոնք իրենց ակունքը ունին` քրիստոնէական եւ հայկական զօրաւոր հիմքերը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անձ մնայուն մասնիկ մըն է եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ բոլորը միասին կը կազմեն հաւաքական ամբողջութիւն մը, որ իր զանազան երեսներով ինքզինք կարտայայտէ:
«Եկեղեցւոյ կեանքը հայ ժողովուրդի կեանքն է, որովհետեւ հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդին հետ միացեր է», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

