Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Հայութեան Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներու Յիշատակին
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, երէկ` երկուշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն հետ միասնաբար համախմբուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ս. Ստեփանոսի մատրան դիմաց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Բոլոր աշակերտները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին մատրան դիմաց:
Աշակերտներուն անունով բացման խօսքը արտասանեց Լորի Գանթարճեան, որ նկատել տուաւ, որ ապրիլ 24-ը իբրեւ կարեւորագոյն թուական 365 օր վառ կը մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ ոչ իբրեւ սուգի օր, այլ` իբրեւ վերածնունդի օր: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը անվիճելի արարք մըն է եւ անոր մեծագոյն փաստը հայկական սփիւռքի գոյութիւնն է` աւելցնելով, որ սփիւռքը կը գոյատեւէ, երբ իւրաքանչիւր հայ կառչած կը մնայ իր պապենական եւ հայկական արմատներուն, երբ հայկական վարժարան յաճախելով կը ճանչնայ դարերու բեղուն, սակայն ցաւալի պատմութիւնը, երբ իւրաքանչիւր հայ պատանի իր պարտականութիւնը կը կատարէ հայրենիքին նկատմամբ եւ երբ հայ ընտանիքը կը շարունակէ պահպանել հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները եւ կը մերժէ թրքական արտադրութիւնները:
«Մենք պիտի չանտեսենք Ցեղասպանութիւնը եւ այսօր կը վերանորոգենք մեր ուխտը` խոստանալով անմահ պահել հայ արուեստն ու գրականութիւնը, ճանչնալ մեր ազգի պատմութիւնը, շարունակել պահանջատիրութիւնը, մինչեւ որ վերատիրանանք մեր հայրենի հողերուն», եզրափակեց Լորի Գանթարճեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:
Օրուան խորհուրդը աշակերտներուն փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն իրենց նայուածքը ուղղելու Ս. Ստեփանոս մատրան, որպէսզի շունչ տան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոսկորներուն եւ անոնք դադրին մեռեալ ոսկոր ըլլալէ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ առանց ընդհատուելու 97-րդ տարին է, որ սոյն հաւատքը կ՛ըլլայ, եւ աշակերտներ ծաղիկ կը զետեղեն ու իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն նահատակներուն յիշատակին «Այնքան ատեն որ նոր սերունդ կայ` մեր նահատակներուն իրաւունքը չի մեռնիր եւ մեր դատը ծերութիւն չի ճանչնար. թէկուզ տեւէ 1000 տարի, սակայն պիտի մնայ երիտասարդ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վճռակամութեամբ պիտի քալենք, այնքան ատեն որ երիտասարդ սերունդը պահանջատէր է իր ժողովուրդի նահատակներուն արդար դատին: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր դատ կ՛ունենայ իր փաստաբանը, եւ «Հայ դատի փաստաբանը դուք էք, Հայ դատի պաշտպանը դուք էք», շեշտեց սրբազանը` իր խօսքը ուղղելով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ լիբանանահայ Մայր տաճարի շրջափակին մէջ համախմբուած լիբանանահայ աշակերտութեան:
Աւարտին սրբազանը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:
Յայտնենք, որ երէկ առաւօտեան Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին նաեւ հայ տարեց մամիկներ եւ պապիկներ, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:

