«Արտօնելի Չէ, Որ Թուրքիա Այսօր Մեղկօրէն Իրագործէ Այն, Ինչ Որ Ամբողջ Չորս Դարեր Չկրցաւ Իրագործել Բիրտ Ուժով» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
«Մարդկութեան դէմ ոճիրը խոր ու մեծ հասկացողութիւն է, եւ ես վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր արաբ թէ լիբանանցի քաղաքացի կ՛ըմբռնէ այդ մէկը ու գիտակից է պահ մը կանգ առնելու` հաստատելու համար, թէ օսմանեան, իթթիհատական Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան գլխաւորած վարչակարգը գործադրած է 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, եւ այսօրուան Էրտողանի ու իր նախորդներուն իշխանութիւնները շարունակութիւնն են օսմանեան այդ վարչակարգին», երէկ յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումը չի նշանակեր, թէ ցաւակցութեան առիթ բացած ենք, մենք այդ էջը շատոնց փակած ենք, թէեւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին նահատակներու հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն կայ, որմէ ետք խուռներամ բազմութիւնը քայլարշաւ պիտի կատարէ դէպի Ռապիէի մէջ գտնուող թրքական դեսպանատուն` պահանջելու թրքական իշխանութեան ներկայացուցիչներէն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել հայոց բարոյական, նիւթական եւ հողային պահանջները»:
«Այս ոգեկոչումը հայկական ու լիբանանեան առիթ է: Աւելի՛ն. անիկա նախ մարդկային առիթ է», շարունակեց Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ես գիտեմ, որ լիբանանեան իւրաքանչիւր ընտանիք ունի նահատակ մը` իբրեւ հետեւանք լիբանանեան պատերազմին, օսմանեան բռնութեանց եւ 6 մայիս 1916-ին, որ ծանօթ է «սաֆար պարլիք» անունով: Տակաւին երէկ, ասորի մեր եղբայրները ոգեկոչեցին 1915-ի ջարդերը որ ծանօթ է «Սէյֆօ» անունով: Մարդկային իրաւանց, արժանապատուութեան ու արդարութեան նախանձախնդիր իւրաքանչիւր քաղաքացի, եթէ պիտի գայ ու մասնակցի` ոչ թէ ցաւակցութեան համար, այլ` զօրակցելու հայկական դիմադրութեան: Դիմադրութեան` ընդդէմ անարդարութեան ու պատմութեան վերատիրացման ու վերահաստատման: Այն պատմութեան, զոր ապրեցանք ու բաժնեկցեցանք օսմանեան բռնատիրութեան տակ հիւծած արաբ եւ միւս բոլոր ժողովուրդներուն հետ»:
«Կ՛ուզեմ յիշեցնել լիբանանցիներուն, թէ լիբանանեան խորհրդարանը եղաւ արաբական առաջին խորհրդարանը, որ մայիս 2000-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար կ՛ենթադրեմ, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է ենթարկուին ու հետեւին լիբանանեան խորհրդարանի ճանաչման այդ որոշումին: Այս գծով կը մաղթէի, որ լիբանանեան կառավարութիւնը, յատկապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, շրջաբերականով մը արտօնութիւն տար բոլոր այն հայ թէ ոչ հայ լիբանանցիներուն, որ եթէ կը փափաքին մասնակցիլ ցոյցին` ազատ են», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Նմանապէս, կը մաղթէի, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը եւս յետաձգէին իրենց նիստերը, ինչպէս որ ընդառաջելով կարգ մը նախարարներու առաջարկին` կառավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ եւ շնորհակալ ենք ատոր համար: Դժբախտաբար, սակայն քաղաքական թէ այլ նկատառումներով նման քայլ մը չեղաւ, քաղաքականութիւնը պէտք չէ միջամուխ դառնայ կամ ազդէ մարդկային հարցերուն», ընդգծեց Բագրատունի եւ աւելցուց.
«Կը մաղթէի, որ բոլոր դպրոցներու», համալսարաններուն եւ դրամատուներուն տնօրէնները նման շրջաբերականով մը արտօնէին իրենց անձնակազմերու փափաքողները, որ մասնակցին ցոյցին եւ իրենց յարգանքը ցուցաբերեն ժողովուրդի մը պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, Ցեղասպանութիւն մը, որ եթէ գործադրուած չըլլար, մենք այսօր հոս` Լիբանան պիտի չըլլայինք:
Պատկան բոլոր կողմերուն կը մաղթենք, որ մեզի հետ զգան, զօրակցին մեզի, ու չբաւարարուին դրուատիքի յայտարարութեամբ, թէ` հայերը լաւ վաճառականներ են: Ոչ, մենք միայն վաճառականներ չենք…»:
Շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանին մէջ թրքական թափանցումի փորձերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Մենք օրին զգուշացուցինք թրքական մշակութային, թէ այլ պիտակներով թափանցումի փորձերէն, սակայն տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը տարուին այն սին յոյսերով, թէ Թուրքիա արաբներուն բարեկամ երկիր է: Մինչ մենք երէկ լսեցինք, թէ ի՛նչ ըսաւ Իրաքի վարչապետը Էրտողանի մասին եւ ի՛նչ է Սուրիոյ կեցուածքը Թուրքիոյ գծով: Տեսանք, թէ ի՛նչ կեցուածք ցուցաբերեց Թուրքիա արաբական յեղափոխութեանց նկատմամբ: Հոս պարզապէս կ՛ուզեմ յիշեցնել, թէ ջարդերու վաղորդայնին Շերիֆ Հիւսէյն, որ ո՛չ հայ է, ո՛չ ալ քրիստոնեայ, յատուկ հրամանագիր մը հրապարակեց` թելադրելով պաշտպանել ու պատսպարել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը: Կը խորհիմ, որ չկայ արաբ մը, որ դէմ է Շերիֆ Հիւսէյնի այդ քայլին»: «Այսօր արտօնելի չէ, որ Թուրքիա քաղաքական, մշակութային, արուեստի, նպաստի թէ այլ պիտակներու տակ դիւրութեամբ ու մեղկօրէն իրագործէ այն, ինչ որ չէր կրցած իրագործել ամբողջ չորս դարեր` բռնի ուժով ու սարսափով: Մենք կը յարգենք հայ եւ իսլամական յարաբերութիւնները: Սակայն Թուրքիա իսլամութեան ու մարդկային իրաւանց պիտակին ետին կը փորձէ թափանցել մեր շրջանակներուն մէջ: Ան կը պղծէ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւնները` մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան պիտակին տակ: Թող մեզ հանգիստ ձգէ Թուրքիան, մենք մեր հարցերը կը լուծենք», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Այսօրուան քայլարշաւին նպատակին մասին հարցումի մը պատասանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Անթիլիասի արարողութենէն ետք, խուռներամ բազմութիւնը պիտի ուղղուի դէպի թրքական դեսպանատուն, Ռապիէ, ուր արդէն իսկ արտակարգ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին: Եթէ անմեղ են, վախնալու պատճառ չունին, մենք քաղաքակրթուած ազգի զաւակներ ենք ու պիտի երթանք թրքական դեսպանատուն` պահանջելու համար, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հայոց բարոյական, նիւթական եւ հողային պահանջներու հատուցում», եզրափակեց Բագրատունի:

